2023.05.31 Giornata di pellegrinaggio alla Madonna di Bzommar

Զմմառի «Վերափոխման Տիրամայր» Հայավանքին «Մայիսեան ուխտի օր»

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց վերանորոգեց Եկեղեցւոյ, Ազգին եւ հայրենիքին նուիրումը Մարիամ Աստուածամօր Անարատ սրտին
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին, ժամը 10-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը հանդիսապետեց «Մայիսեան Ուխտի Օր»-ին, որուն ընթացքին, Պատրիարքական Թեմին ամբողջ կղերական դասին եւ ուխտաւորներուն հոծ բազմութեան ներկայութեան, մատուցանեց հայրապետական Ս. Պատարագն ու տուաւ աւուր պատշաճի պատգամը «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» բացօթեայ ամփիթատրոնին մէջ:

Ապա, կատարեց փոքր աստիճաններուն տուչութիւնն երկու Զմմառեան կղերիկոսներուն: Հուսկ, նախագահեց Աստուածամօր արձանով թափօրին, որուն ընթացքին հաւատացեալները աղօթեցին Ս. Վարդարանը եւ երգեցին հայերէն-արաբերէն մարեմեան տաղեր: Աւարտին՝ Զմմառավանքին Ցաւամօր հրաշագործ սրբանկարով օրհնեց ներկաները:

Զմմառի «Վերափոխման Տիրամայր» Հայավանքին «Մայիսեան ուխտի օր»
Զմմառի «Վերափոխման Տիրամայր» Հայավանքին «Մայիսեան ուխտի օր»

«Այս տարի, սակայն, տարբեր եւ խոր իմաստ ունենալու է մեր տօնակատարութիւնը», իր քարոզին սկիզբը յայտարարեց քարոզիչ Ամենապատիւ Հայրապետը, որովհետեւ «ասկէ ճիշդ 70 տարիներ առաջ, 31 Մայիս 1953-ին, մեր սրբաշնորհ Կարտինալը՝ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տիրամօր Անարատ Սրտին նուիրեց մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, մեր ամբողջ Ազգն ու մեր Հայրենիքը:

Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը, որ ասկէ քանի մը տարի առաջ հռչակուեցաւ «Աստուծոյ Ծառայ», խորապէս համոզուած էր, թէ չկայ աւելի մեծ ազնիւ եւ օգտակար արարք մը, քան մեր նուիրումը Տիրամօր սիրազեղ Սրտին»:

«Ուստի, երբ այսօր եկած ենք յիշատակելու 31 Մայիս 1953-ի պատմական եւ օրհնաբեր նուիրագործումին 70-ամեայ տարեդարձը, կը փափաքինք արժեւորել զայն: Մեր արժեւորումը լաւագոյնս կ’ընենք, երբ մենք կը գիտակցինք այդ կատարուած նուիրումին խոր իմաստին եւ հոգեկանութեան:

Խոր իմաստն ու հոգեկանութիւնը վերարծարծելու համար մեր սրտին եւ կեանքին մէջ՝ այս պահուն, մեր բոլոր սուրբերուն եւ նահատակներուն ներկայութեան ու մեր հաւատքին Հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին առաջնորդութեամբ, ինչպէս ալ մեր բոլոր Կաթողիկոս-Պատրիարքներուն մասնակցութեան եւ մեր Վերանորոգ Նուիրապետութեան երջանկայիշատակ Հիմնադրին՝ Աբրահամ-Պետրոս Ա. Արծիւեան Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ, բայց յատկապէս մարեմական Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի հաւատքով եւ Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի մարեմասիրութեամբ՝ ես՝ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, հանդիսաւորապէս կը նորոգեմ այդ նուիրումը՝ մեր Եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդը, մեր Ազգը, մեր Հայրենիքը, մեր Արցախն ու մեր Սփիւռքը ձօնելով եւ յանձնելով Մարիամի՝ Հայոց խնկելի Աստուածածինին Անարատ Սրտին»:

Զմմառի «Վերափոխման Տիրամայր» Հայավանքին «Մայիսեան ուխտի օր»
Զմմառի «Վերափոխման Տիրամայր» Հայավանքին «Մայիսեան ուխտի օր»

Այս րոպէին, ուխտաւորներէն իր յայտարարութիւնն ընդհատած ծափահարութենէն ետք, մեր Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը կատարեց նուիրագործումի այս աղօթքը.«Ո՜վ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին, Մա՜յր Քրիստոսի եւ Վերափոխեալ Տիրամա՜յր Զմմառի, իմ երջանկայիշատակ Նախորդներուս ու մեր նուիրապետներուն եւ հոգեւորականներուն, ինչպէս ալ ներկայ ուխտաւորներուն ու բացակայ մեր հաւատացեալներուն հետ, այսօր քու Անարատ Սրտիդ կը ձօնաբերեմ մեր Եկեղեցին եւ մեր Ազգը, մեր Հայրենիքը, մեր Արցախն ու մեր Սփիւռքը:

Ո՜վ ‘Մայր Եկեղեցւոյ’ եւ ‘Մայր ժողովուրդներուն’, Դուն կը ճանչնաս հայերուս յոյսերն ու տառապանքները, Դուն, որ մայրենի մտահոգութեամբ կը դիտես վերջին տարիներուն եւ յատկապէս այսօրուայ մեր ցաւերը, մեր վախերն ու մեր անմիաբանութիւնը, ընդունէ՛ քու Անարատ Սրտիդ մեր անվերապահ նուիրումը, զոր կը կատարենք թելադրուելով Աստուած Ս. Հոգիէն եւ անսալով Ֆաթիմայի մէջ ներկայացուցած քու խնդրանքիդ:

Ո՜վ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին, Իբր Մայր եւ Աղախին մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ քու բարեգութ սիրովդ ընդունէ՛ մեր ամբողջական յանձնումը քու Անարատ Սրտիդ, Որուն կը նուիրաբերենք մենք մեզ իբր անհատ, իբր Եկեղեցի, իբր Ազգ, իբր Հայաստան, իբր Արցախ եւ իբր Սփիւռք, որպէս զի մենք քու զաւակներդ եւ Երկիրդ ըլլանք ու մնանք այսօր, վաղը եւ միշտ՝ յաւիտեանս, յաւիտենից: Ամէն»:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2023, 07:19