Թաուատրոս Պատրիարք. Սէր, ուսումնասիրութիւն, երկխօսութիւն եւ աղօթք. Չորս քայլեր քրիստոնեաներու միութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
10էն 12 Մայիսին Հռոմ կատարելիք այցելութեան նախօրեակին, Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Թաուատրոս` հակիրճ տեսերիզի մը միջոցաւ մատնանշեց «չորս քայլերուն» որոնք կարող են հիմքը դառնալ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու միջեւ կապերուն, վերադարմանելու համար մկրտեալներու միջեւ գոյութիւն ունեցող վէրքերը։
Թաուատրոս Պատրիարքը Հռոմ կը ժամանէ Ղպտի Եկեղեցւոյ եւ Հռոմի Եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան մեկնարկի յիսուն ամեակին առիթով եւ իր կեցութեան ընթացքին առիթը պիտի ունենայ նաեւ հանդիպելու եւ զրուցելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։
Քրիստոսին սէրը ակնաղբիւր միութեան
Թաուարտոս Պատրիարքին համար համամիութեան խթանումին առաջին քայլը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ թէ պէտք է ճանչնալ, որ քրիստոնեաներու միջեւ միութիւնը կարող է իր ակնաղբիւրը գտնել միայն «Քրիստոսի սիրոյն մէջ», այս մէկը սահմանելով «սիրոյ մէջ միութիւն», որ կարելի է փորձարկել միայն հետեւելով Յիսուսի ուսուցումներուն ու քայլերուն։
Ճանաչողութիւնը
Երկրորդ քայլը` տարբեր եկեղեցիներու վարդապետութեան, աշխարհագրութեան, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն ուսումնասիրութիւնն է իսկ երրորդը երկխօսութիւնը, որ լոյս եւ արդիւնաւէտութիւն կը քաղէ նախորդ երկու քայլերէն։
Երկխօսութիւնը
«Երկխօսութեան ընթացքին կարող ենք միւսին հարց տալ. Ինծի բացատրէ թէ ի՞նչ կ՛ուզես ըսել այդ քու խօսքերովդ եւ բանաձեւերովդ։ Այդպիսով մենք կրնանք գիտակցիլ թէ կը բաժնեկցինք միեւնոյն հաւատքը», յայտնեց Պատրիարք Թաուատրոս ակնարկելով Քաղկեդոնի Ժողովին, որտեղէն սկսան բաժանումները, «աստուածաբանական եզրաբանութեան շուրջ անհասկացողութիւններու» բերումով։
Աղօթքը
Չորրորդ քայլը աղօթքն է. «Երբ մենք ի գործ դնենք այս չորս քայլերը կը հասնինք Քրիստոսի սրտին, քալելով ձեռք ձեռքի» եզրակացուց Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Առաջնորդը։
Նշենք որ 10 մայիսին կը համընկնի «Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ և Հռոմի Եկեղեցւոյ միջեւ եղբայրական սիրոյ օրը», որ կը յիշատակէ Թաուատրոս Պատրիարքին Հռոմ կատարած առաջին ուղևորութիւնը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ առաջին հանդիպումին տարեդարձը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ