Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան յիսուն ամեակի նշում Նափոլի քաղաքին մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այս տարի 24 Յունիսին, մինչ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ կը նշուի հայոց մեծ առաքեալ Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչի Նշխարաց Գիւտին տօնը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեանը կը տօնախմբէ իր "Քահանայական Ձեռնադրութեան" յիսնամեայ յոբելեանը, որուն առիթով կազմակերպուած են կրօնական, ծիսական ու մշակութային հանդիսութիւններ և արարողութիւններ, որոնք տեղի պիտի ունենան Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անուան հռչակաւոր Եկեղեցիէն ներս, Ուրբաթ 23-էն մինչեւ Կիրակի 25 Յունիս 2023ին։
Նափոլիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անուան եկեղեցին
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անուան եկեղեցիին մէջ կը պահպանուին հայոց մեծ առաքեալին մասունքները ու յատկապէս անոր գանկը։ 2001ին Հայաստանի Քրիստոնէացնման 1700 ամեակին առիթով, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կամքով այդ մասունքներէն մաս մը նուիրուեցաւ Հայ կաթողիկէ եւ առաքելական Եկեղեցիներու կաթողիկոսներուն։
Այնտեղ կը պահպանուին նաեւ Նափոլի քաղաքին համապաշտպան սրբուհի` Սանթա Փաթրիցիային մասունքները, եւ ամէն տարի Նափոլիի պաշտպան սուրբ Սուրբ Կենարիոսի նման, տեղի կ՛ունենայ անոր արեան յեղկացումի հրաշքը։
Ձեռնարկներն ու արարողութիւնները
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ի Քահանայական Ձեռնադրութեան յիսուն ամեակին առիթով` Նափոլի քաղաքին մէջ նախատեսուած հանդիսութիւններու եւ արարողութիւններու շարքին նշենք.
Ուրբաթ` 23 Յունիս 2023, ժամը 18։00ին` Հայոց Կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալի-ի (1102-1173) մասին դասախօսութիւնը, որ պիտի վարէ Գրիգորիս վրդ. Սերենեան, որուն պիտի յաջորդեն Սուրբ Ներսէս Շնորհալիէն շարադրուած շարականներու երգեցողութիւն և աղօթքներու կատարողութիւն։
Շաբաթ` 24 Յունիս 2023ին նախատեսուած է յատուկ ուխտագնացութիւն դէպի Նափոլի քաղաք ու Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենան տարբեր արարողութիւններ։
Ժամը 11։00.ին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքը վկայութիւն պիտի ներկայացնէ Քրիստոնեաներու վիճակին և մարտահրաւէրներուն մասին, զոր անոնք կը դիմագրաւեն ներկայիս Միջին Արեւելքի և Կովկասի մէջ։
Կէսօրէն ետքը ժամը 16։30ին նախատեսուած է ողջոյն և եղբայրական պատգամ Նափոլիի Արքեպիսկոպոս` Տոմենիքօ Պաթթալիայի ուղղուած Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Նորին Ամենապ. Գեր. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեանին, որմէ ետքը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի նախագահէ հայրապետական սուրբ պատարագին, մասնակցութեամբ Գերապայծառ Կայեթանօ Քասթելլիի, Նափոլիի Արքեպիսկոպոսական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոսին։
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ի Քահանայական Ձեռնադրութեան յիսուն ամեակին նուիրուած արարողութիւնները կ՛աւարտին Կիրակի` 25 Յունիս 2023ի, ժամը 09։30ին, Նափոլիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ հայկական ծէսով մատուցուած Սուրբ Պատարագով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ