2021.02.18 Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (30)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովի Նախագահ նշանակման:

Լ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովի Նախագահ նշանակման:

Կարդինալին մօտէն ճանչցողները կը վկայեն թէ Աղաճանեան հետամուտ չէ եղած փառքի, պատիւի, հռչակի և տիտղոսի: Բաւարար էր տեսնել այդ համեստ եկեղեցականը՝ համոզուելու համար, որ փառքը փնտռած է զինք ու գտած, բայց չէ կրցած զայն այլափոխել[1]: Ամէնուրէք՝ պետութիւններու և համալսարաններու կողմէ յարգանքի արժանացած է և պատուուած է պատուոյ շքանշաններով և «դոկտոր»ի բարձրագոյն տիտղոսներով: Ժամանակի ընթացքին, Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի և Հռոմէական Եկեղեցւոյ Կարդինալի միջեւ ստեղծուած հաւասարակշռութեան նժարը հետզհետէ կը հակէր դէպի տիեզերականութիւն: Այնքան մեծ արժանիքի տէր մարդու մը համար, այնպէս կը թուէր հայկական պատուանդանը այլեւս անբաւարար էր. ան աւելի՛ կրնար տալ, քան ինչ որ հայութիւնը կրնար ակնկալել իրմէ:

Այսպէս, տակաւ առ տակաւ Կարդինալի պատուաստիճանը եւ պատասխանատուութիւնը կը կլանէին Կաթողիկոս Պատրիարքի մը ժամերը: Տիեզերական Եկեղեցին կարիքը կը զգար անոր վարչական և իմացական կարողութեան և մշտական ներկայութեան: Իսկ՝ Աղաճանեան կը զգար որ հասած է վախճանը Պատրիարքական պաշտօնին: Այս առիթով կարեւոր է յիշել` որ 18 յունիս 1958-ին Պիոս ԺԲ. Պապը Հաւատքի տարածման սուրբ ժողովի վարիչ և փոխ նախագահ եւ երկու տարի ետք, 15 Յուլիս 1960-ին, սոյն հաստատութեան նախագահ կը նշանակէր երջանկայիշատակ Կարդինալ Գիրգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը:

Այսպիսով Աղաճանեան կը բաժնուէր իր Պատրիարքական սահմաններէն, ընդարձակուելու համար տիեզերական եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, զոհուելու համար Ս. Եկեղեցւոյ պայծառութեան և սուրբ հաւատքի տարածման՝ ի սփիւռս աշխարհի: Ա՛յս էր որ կը մխիթարէր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, որովհետեւ այսուհետեւ իր միջոցով աշխարհի չորս ծագերուն պիտի տարածուէր Նահատակ Ազգին անունն ու արժանիքը: «De propaganda fide» Սուրբ Ժողովը հաստատուած է վեց Յունուար 1622-ին Գրիգոր Քահանայապետի օրոք՝ Կաթողիկէ հաւատքը   մինչեւ աշխարհիս ծայրամասերը տարածելու նպատակաւ և աշխարհիս մէջ Աստուծոյ թագաւորութեան աճումին ի խնդիր։

Հաստատման ընտրուած թուականը որ կը զուգադիպէր Աստուածայայտնութեան տօնին, կը վկայէ այն մասին, թէ ո՞րն էր Ժողովին գլխաւոր գործունէութիւնը։ Այդ ժողովին մէջ Հռոմի Եկեղեցւոյ Հայրերը մեծ կարեւորութիւն կու տային հաւատքի և զանազան մշակոյթներու միջեւ գործակցութեան. և այս էր պատճառը, որ կարիքը կը զգացուէր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատքի տարածման՝ Ամերիկայի, Ափրիկէի և Ասիոյ մէջ, հեռու մեծ պետութիւններու ազդեցութիւններէն: Նոյն տարուայ Յունիսի 22-ին, «Inscrutabili Divinis» առաքելական սահմանադրութիւնը կ'ընդգծէր հաւատքը տարածելու Պապի պատասխանատուութիւնն ու իրաւունքը՝ որպէս անոր հոգիներու հովիւի գլխաւոր պարտականութիւն։

Այսպիսով հաստատուն  հիմքը կը դրուէր Քրիստոսի  առաքելութեան (Մատթ. 28, 18-20) և հրահանգին մէջ, «Գացէք աշակերտեցէք բոլոր ազգերը....», ինչպէս նաեւ Քահանայապետի հովուական պատասխանատուութեան մէջ` բոլոր ժողովուրդներուն նկատմամբ։ Արդարեւ, հաւատքի եւ մշակոյթներու միջեւ կապը հիմնական տարր մըն է ու Ժողովի հիմնադրութեան ժամանակ` 1622-ին, մեծ ուշադրութիւն կը յատկացուէր զանազան մշակոյթներուն եւ ասոր համար է, որ կարիքը կար աւետարանութեան յանձնառութեան` որ անկախ ըլլար մեծ տէրութիւններէն կամ կրօնական առանձնայատկութիւններէն։

[1] Կոգեան, Աւետիք 1946, թիւ 1-6, էջ 10-12:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2023, 07:55