Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Դ Կաթողիկոսի կանոնները, հանելուկները եւ պահակազօրի երգերը

Հաղորդաշար (19) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի խնա­մա­տար Հայ­րա­պե­տի քրիս­տո­նեայ հա­սա­րա­կու­թեան բա­րե­կարգ­ման ծրագ­րային ու­ղե­ցոյ­ցը կա­րե­լի է հա­մա­րիլ «­Թուղթ Ընդ­հան­րա­կան­»ը, ուր նկա­տի առ­նուած են հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւերն ան­խտիր։ Միշտ քրիս­տո­նէական ար­ժէք­նե­րը կը շեշտուին եւ ամէն արարք­ի խթանիչ ոյժը՝ յաւիտենական եր­ջան­կու­թեան տես­լա­կանն է իսկ սանցահարողը՝ վեր­ջին դա­տաս­տա­նին հն­չելիք անա­չառ Դա­տա­ւո­րի վճի­ռը։

Յոր­դոր­նե­րէ զատ, Շնորհալի պէտք եղած պա­րա­գային շատ գործ­նա­կան կար­գադ­րու­թիւն­ներ կը սահ­մա­նէ, ի հար­կին նաեւ խիստ, վճ­ռա­կան եւ ծանր բա­նա­ձե­ւում­նե­րով կա­նո­նա­կան եւ իրա­ւա­կան ոյժ հա­ղոր­դելով իր որո­շու­մին։ Սակայն բնաւ եր­բեք այս ամէնը չի կատարեր օրէն­քի ծանր բե­ռը ու­րի­շին վրայ բեռց­նե­լու չա­րա­խինդ սառ­նասր­տու­թեամբ, այլ միշտ գթու­թեամբ, քաղց­րու­թեամբ եւ աս­տուա­ծային հայ­րախ­նամ հո­գա­ծու­թեամբ։ Երբեք չի շարժիր դա­տա­պար­տե­լու մո­լուց­քէ մղուած, այլ հա­ւա­տա­կից­նե­րը դէ­պի ու­ղիղ ճա­նա­պար­հը առաջ­նոր­դե­լու մտա­հո­գու­թեամբ՝ շատ ան­գամ բա­ւա­րար հա­մա­րե­լով նուա­զա­գոյն ջան­քը, բա­րի տրա­մադ­րու­թեան դր­սե­ւո­րու­մը միայն կամ կը գոհանայ նոյ­նիսկ սոսկ խոս­տու­մով մը։

­Այս հո­գիով գրած պիտի ըլլայ նաեւ իր 145 կա­նոն­նե­րը, որ, ափսո՜ս, մեզի չեն հասած, բայց որոնց մա­սին կը վկայէ Մխի­թար Գօշ, եւ մեզի հա­սած Կա­նո­նա­գիր­քե­րու ցան­կե­րուն մէջ կը պա­հպանուած հե­տե­ւեալ տո­ղը՝ «Ներ­սէ­սի Կլայեց­ւոյ Հայոց Կա­թո­ղի­կո­սի, եղ­բօր Տեառն Գրի­գո­րի­սի, գլուխք 145»։ Մաղ­թենք, որ շու­տով ու­սում­նա­սէր­նե­րու աշ­խա­տան­քով ի յայտ գան եւ կրկի­ն պսա­կեն լու­սա­ճա­ճանչ ճա­կա­տը Հայոց Հայ­րա­պե­տին։

­Դատ-դատաստանէ անդին, հո­գա­տար Հայ­րա­պե­տը հնարք­նե­րով կը փոր­ձէ կան­խար­գի­լել մեղ­քը՝ օժան­դա­կե­լով իրեն յանձ­նուած հո­գի­նե­րուն՝ գաղտ­նա­զեր­ծե­լու չա­րի ծու­ղակ­նե­րը եւ անոնց­մէ խու­սա­փե­լու։

­Հա­մախմ­բուած մար­դոց ու­րախ ու զուարթ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը գռե­հիկ պատ­մուածք­նե­րով կամ ման­րա­վէ­պե­րով հա­մե­մե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը կր­ճա­տե­լու նպա­տա­կով՝ հա­ճե­լի եւ սրա­միտ հա­նե­լուկ­ներ կը յօ­րի­նէ։

­Միեւ­նոյն հո­գա­տա­րու­թեամբ Շնոր­հա­լի կը շա­րադ­րէ սաղ­մո­սա­խառն եր­գեր՝ Հռոմկ­լայի պաշտ­պա­նու­թիւնն ապա­հո­վող պա­հա­պան­նե­րուն հա­մար։ Հ. Ղե­ւոնդ Ալի­շան վառ երե­ւա­կա­յու­թեամբ կը պատ­կե­րաց­նէ Հռոմկ­լան՝ գր­կա­խառ­նուած Եփ­րատ գե­տի եր­կու վտակ­նե­րէն, ամա­ռուան շոգին, երբ կտ­րիճ հայ երի­տա­սարդ­նե­րը գի­շե­րուան խեղ­դուկ տօ­թին կը հս­կեն Հայ­րա­պե­տի ան­վտանգ հան­գիս­տը, իրենց քթին տա­կէն մրմն­ջելով Շնորհալիի յօրինած «Յի­շես­ցուք ի գի­շե­րի զա­նուն քո Տէր» եր­գը կամ արե­ւա­ծա­գին ամ­բողջ գուն­դը արթնց­նե­լու հա­մար ձայն տա­լով կը կան­չեն «Զար­թի՛ք որ­դիք լու­սոյ», եւ առա­ւօ­տեան տո­ղա­նի ըն­թաց­քին կը հն­չեց­նեն «Ա­ռա­ւօտ լու­սոյ, Արեգակն արդար»։ Այս բո­լոր եր­գե­րը այն­քան հո­գե­թով եւ կրօ­նա­շունչ են, որ հայ եկե­ղե­ցին չէ վա­րա­նած ժա­մեր­գու­թեան մէջ նե­րա­ռել եւ մին­չեւ օրս հայ դպ­րո­ցա­կա­նի օրը կը բա­ցուի «Ա­ռա­ւօտ լու­սոյ­»ի բա­րե­մաղ­թու­թեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2023, 09:00