Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Դ Կաթողիկոսի կանոնները, հանելուկները եւ պահակազօրի երգերը
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի խնամատար Հայրապետի քրիստոնեայ հասարակութեան բարեկարգման ծրագրային ուղեցոյցը կարելի է համարիլ «Թուղթ Ընդհանրական»ը, ուր նկատի առնուած են հասարակութեան բոլոր խաւերն անխտիր։ Միշտ քրիստոնէական արժէքները կը շեշտուին եւ ամէն արարքի խթանիչ ոյժը՝ յաւիտենական երջանկութեան տեսլականն է իսկ սանցահարողը՝ վերջին դատաստանին հնչելիք անաչառ Դատաւորի վճիռը։
Յորդորներէ զատ, Շնորհալի պէտք եղած պարագային շատ գործնական կարգադրութիւններ կը սահմանէ, ի հարկին նաեւ խիստ, վճռական եւ ծանր բանաձեւումներով կանոնական եւ իրաւական ոյժ հաղորդելով իր որոշումին։ Սակայն բնաւ երբեք այս ամէնը չի կատարեր օրէնքի ծանր բեռը ուրիշին վրայ բեռցնելու չարախինդ սառնասրտութեամբ, այլ միշտ գթութեամբ, քաղցրութեամբ եւ աստուածային հայրախնամ հոգածութեամբ։ Երբեք չի շարժիր դատապարտելու մոլուցքէ մղուած, այլ հաւատակիցները դէպի ուղիղ ճանապարհը առաջնորդելու մտահոգութեամբ՝ շատ անգամ բաւարար համարելով նուազագոյն ջանքը, բարի տրամադրութեան դրսեւորումը միայն կամ կը գոհանայ նոյնիսկ սոսկ խոստումով մը։
Այս հոգիով գրած պիտի ըլլայ նաեւ իր 145 կանոնները, որ, ափսո՜ս, մեզի չեն հասած, բայց որոնց մասին կը վկայէ Մխիթար Գօշ, եւ մեզի հասած Կանոնագիրքերու ցանկերուն մէջ կը պահպանուած հետեւեալ տողը՝ «Ներսէսի Կլայեցւոյ Հայոց Կաթողիկոսի, եղբօր Տեառն Գրիգորիսի, գլուխք 145»։ Մաղթենք, որ շուտով ուսումնասէրներու աշխատանքով ի յայտ գան եւ կրկին պսակեն լուսաճաճանչ ճակատը Հայոց Հայրապետին։
Դատ-դատաստանէ անդին, հոգատար Հայրապետը հնարքներով կը փորձէ կանխարգիլել մեղքը՝ օժանդակելով իրեն յանձնուած հոգիներուն՝ գաղտնազերծելու չարի ծուղակները եւ անոնցմէ խուսափելու։
Համախմբուած մարդոց ուրախ ու զուարթ խօսակցութիւնը գռեհիկ պատմուածքներով կամ մանրավէպերով համեմելու սովորութիւնը կրճատելու նպատակով՝ հաճելի եւ սրամիտ հանելուկներ կը յօրինէ։
Միեւնոյն հոգատարութեամբ Շնորհալի կը շարադրէ սաղմոսախառն երգեր՝ Հռոմկլայի պաշտպանութիւնն ապահովող պահապաններուն համար։ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան վառ երեւակայութեամբ կը պատկերացնէ Հռոմկլան՝ գրկախառնուած Եփրատ գետի երկու վտակներէն, ամառուան շոգին, երբ կտրիճ հայ երիտասարդները գիշերուան խեղդուկ տօթին կը հսկեն Հայրապետի անվտանգ հանգիստը, իրենց քթին տակէն մրմնջելով Շնորհալիի յօրինած «Յիշեսցուք ի գիշերի զանուն քո Տէր» երգը կամ արեւածագին ամբողջ գունդը արթնցնելու համար ձայն տալով կը կանչեն «Զարթի՛ք որդիք լուսոյ», եւ առաւօտեան տողանի ընթացքին կը հնչեցնեն «Առաւօտ լուսոյ, Արեգակն արդար»։ Այս բոլոր երգերը այնքան հոգեթով եւ կրօնաշունչ են, որ հայ եկեղեցին չէ վարանած ժամերգութեան մէջ ներառել եւ մինչեւ օրս հայ դպրոցականի օրը կը բացուի «Առաւօտ լուսոյ»ի բարեմաղթութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ