Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը,հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ:
Հռոմ իր այցելութեան ընթացքին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ հայր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ:
Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի, Լիբանանի եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները, անդրադառնալով ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական տագնապներուն, եւ անոնց ծանր հետեւանքներուն քաղաքացիներուն վրայ:
Արդարեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը լայնօրէն անդրադարձաւ իր աշխատանքային ծրագրին եւ յաջորդ ռազմավարութեան, ամրապնդելու եւ վերանորոգելու համար Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնելու անոր զաւակներուն, պահելով անոնց ինքնութիւնը եւ միշտ ծառայելով հաւատացեալներուն:
Կարդինալ Փարոլին իր կարգին շնորհաւորեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անոր յիսնամեայ յոբելեանին առիթով, մաղթելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ՝ բարօրութիւն ու արեւշատութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ