2023.07.11 Simboli GMG, diocesi di Lisbona

ԵՀՕ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ամենագեղեցիկ գիւտը։ ԵՀՕ խորհրդանիշերը

ԵՀՕ ունի երկու խորհրդանիշ, որոնք մշտապէս անոր կ՛ընկերանան ու զայն կը ներկայացնեն` ուխտաւոր խաչը եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Բոլոր երիտասարդները պէտք է զգան, որ Եկեղեցին իրենց կ՛ընկերանայ. Ասոր համար համայն Եկեղեցին, միացած Պետրոսի իրաւայաջորդին, կը գտնուի աշխարհի վրայ ի նպաստ երիտասարդներուն, անոնց մտահոգութիւններուն ու խնդրանքներուն, անոնց բացուածքներուն եւ յոյսերուն, արձագանքելու համար անոնց ձգտումներուն, փոխանցելով վստահութիւնը` որ նոյնինքն Քրիստոսն է, Ճշմարտութիւնը` որ Քրիստոսն է, սէրը` որ Քրիստոսն է, պատշաճ կազմաւորումի մը միջոցաւ»: Այս խօսքերով է, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը Կարդինալական դասին ու Հռոմի Քուրիայի անդամներուն բացատրեց ԵՀՕ ստեղծումը։

Ոմանք երջանկայիշատակ սուրբ Քահանայապետին այս հնարքը կը նկատեն անոր «ամենագեղեցիկ գիւտը»։

Արդարեւ Ան 1984ին ուզած էր Ծաղկազարդի տօնին օրը կազմակերպել հանդիպում մը, տօնախմբելու համար Երիտասարդներու Յոբելեանը, Փրկութեան նուիրուած Յոբելենական սուրբ տարուայ ծիրէն ներս (1983-1984)։ Այդ հաւաքին կը սպասուէին 60 հազար ուխտաւորներ բայց Հռոմ ժամանեցին աշխարհի տարբեր վայրերէ աւելի քան 250.000 հաւատացեալներ։

Փորձառութիւնն այնքան նշանակալից եղաւ ողջ Եկեղեցւոյ համար, որ Սրբազան Քահանայապետը որոշեց զայն կրկնել յաջորդ տարին։

Համայն աշխարհի երկիրներէն Հռոմ ժամանեցին 300.000 երիտասարդներ, որոնք քաղաքի եկեղեցիներուն մէջ՝ աղօթքի և քրիստոնէական պահեր անցուցին ապա համախմբուեցան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ՝ հետ մասնակցելու տօնակատարութեան։

Այդ տարին` 1985ին, ՅՊԲ Առաքելական Նամակ կը յղեց աշխարհի երիտասարդներուն եւ 20 դեկտեմբերին յայտարարեց ԵՀՕ հաստատումը։

ԵՀՕ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԵՐԸ

ԵՀՕ ունի երկու խորհրդանիշ, որոնք մշտապէս անոր կ՛ընկերանան ու զայն կը ներկայացնեն` ուխտաւոր խաչը եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերը։

Անոնք արդարեւ ԵՀՕ կանխող ամիսներու ընթացքին ուխտագնացութիւն մը կը կատարեն հռչակելու համար Աւետարանը եւ կ՛ընկերանան երիտասարդներուն դէպի ԵՀՕ տանող ուղեւորութեան ընթացքին։

Խորհրդանիշներու ընդունումն ու ընկալումը մեծ պտուղներ տուաւ համայն աշխարհի մէջ։ Ափրիկէի մէջ, զոր օրինակ, խորհրդանիշները դրդեցին երիտասարդները դառնալու ոչ բռնի սերունդ, եւ անոնք իրականացուցին խաղաղութեան նուիրուած մի քանի երթեր, որոնց ընթացքին Խաչն ու Տիրամօր սրբապատկերը ընկալուեցան բազմաթիւ մարդոց կողմէ։ Այս խորհրդանիշերը սատարեցին նաեւ իրականացնելու հաշտեցման ընթացքներ այնտեղ` ուր լարուածութիւն կար, օրինակ՝ Արևելեան Թիմորի կղզիին մէջ:

Արդարեւ այս օրերուն ԵՀՕ խորհրդանիշերը ուխտագնացութիւն կը կատարեն Փորթուկալի զանազան Թեմերուն մէջ ու յառաջիկայ Օգոստոս ամսուայ սկիզբը կը ժամանեն Լիզպոն, ուր նախատեսուած է ԵՀՕ 37րդ համախմբումը։

Ուխտաւոր Խաչը

ԵՀՕ խաչը 3,80 մեթր բարձրութեամբ խաչ մըն է, որ կառուցուած է 1983ի Փրկութեան Յոբելենական տարւոյն առիթով եւ որ 1984ի Ծաղկազարդին օրը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին կողմէ յանձնուեցաւ երիտասարդներուն, որպէսզի զայն շրջեցնեն համայն աշխարհին մէջ։ Այդ օրէն ի վեր այս ուխտագնաց փայտէ խաչը սկսաւ իր ուխտագնացութիւնը եւ մինչեւ օրս այցելեց հինգ ցամաքամասերու աւելի քան 90 երկիներ։ Ան հաւատքի իսկական նշանն է։

Ուխտագնացութեան ժամանակ Խաչը հանդիպեցաւ տարբեր խոչնդոտներու յաղթահարելով բոլորը ու դառնալով Յոյսի նշան տարբեր երկիրներու եւ յատուկ զգայնութեամբ վայրերու մէջ, ինչպէս երբ 2006ին հասաւ Ռուանտա, երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքացիական պատերազմէն ետքը։

Տիրամօր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը

2000 թուականէն սկսեալ ուխտաւոր Խաչին կ՛ընկերանայ նաեւ Տիրամօր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի հրաշագործ սրբապատկերը` որպէս նշան երիտասարդներու միջեւ Տիրամօր ներկայութեան։ Մէկ մեթր քսան սանթիմեթր բարձրութեամբ պատկերը, որուն բնօրինակը կը գտնուի Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ, դարերու հոլովոյթին վայելած է ու կը վայելէ Հռոմի ժողովուրդին մեծարանքն ու յարգանքը։ Այդ պատկերին առջեւն է` որ Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթքի մէջ կ՛ամփոփուի իւրաքանչիւր առաքելական միջազգային ճամբորդութենէն առաջ ու ետքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2023, 08:39