Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց Վատիկանի պետքարտուղարին
Յուլիս 12-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Վատիկանի պետական քարտուղար քարտինալ Փեթրօ Փարոլինը։ Այս մասին կը յայտնէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տեղեկատուական համակարգը։
Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Նազարեանը եւ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինու Պեդանգուրը։
Ողջունելով Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարը հայոց հոգեւոր կեդրոնին մէջ՝ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարեց վերջինիս այցը տարածաշրջան եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարմանն ի նպաստ ներդրուող ջանքերուն համար։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը, անդրադառնալով Արցախի շրջափակման եւ ստեղծուած մարդկայնական աղէտին, Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային խնդիրներուն, կարեւոր համարեց միջազգային հանրութեան գործնական միջամտութիւնը՝ կասեցնելու ազրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումները, յարձակողական գործողութիւնները եւ պաշտպանելու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը։
Իր հերթին պետական քարտուղար քարտինալ Փեթրօ Փարոլինը Հայոց Հովուապետին փոխանցեց Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի եղբայրական ողջոյնները՝ ընդգծելով, որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մշտական ներկայացուցչութեան բացումը Երեւանի մէջ պիտի նպաստէ Վատիկանի եւ Մայր Աթոռի միջեւ փոխգործակցութեան առաւել սերտացման։
Անդրադառնալով տարածաշրջան իր այցին՝ պետական քարտուղարը նշեց, որ անիկա կը կրէ մարդասիրական բնոյթ եւ նպատակ կը հետապնդէ նպաստելու Հայաստանի ու ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Քարտինալը նշեց, որ վերջնական խաղաղութեան հասնելու գործընթացը բարդ է, քանի որ կան բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ այս առումով սպասուած արդիւնքներ դեռ չեն արձանագրուած։
Զրոյցին ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր գոհունակութիւնը յայտնեց դժուար այս շրջանին Սուրբ Աթոռին եւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ցուցաբերուած զօրակցութեան ու աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին։
Աղբիւրը` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ