2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց.­ ՆԵՐ­ՍԷՍ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈ­ՍԻ ԲՈ­ՐՈՏ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՈՒՂ­ՂԱԾ «Մ­ԽԻ­ԹԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ­ ԽՕՍՔ­»Ը

Հաղորդաշար (22) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի «Բան մխի­թա­րու­թեան» կո­չուած նա­մա­կը՝ որ Եդե­սիայի բո­րոտ­նե­րուն գրուած մխի­թա­րա­կան եւ քա­ջա­լե­րող պա­տաս­խան մըն է, որու մի­ջո­ցով բա­րե­գութ Հայ­րա­պե­տը քրիս­տո­նէական տե­սան­կիւ­նէն կը վեր­լու­ծէ հի­ւան­դու­թեան եւ աղ­քա­տու­թեան առ­կա­յու­թիւ­նը, պատ­ճա­ռը եւ նպա­տա­կը, ինչ­պէս միշտ սուրբգ­րային վկա­յու­թիւն­նե­րով եւ փաս­տար­կում­նե­րով հիմ­նա­ւո­րե­լով ամէն հաս­տա­տում։

«Ս­տա­ցայ Եդե­սիա քա­ղա­քի մարմ­նով հի­ւանդ՝ ու­րուկ կո­չուած­նե­րուդ թա­խան­ձան­քի նա­մա­կը, - կը գրէ Շնոր­հա­լին - եւ ար­ցուն­քով լե­ցուե­ցայ մարմ­նա­կան տար­բեր հա­րուած­նե­րու տակ գտ­նուող­նե­րուդ հա­մար, որ ան­քն­նե­լի վճի­ռով է Աս­տու­ծոյ՝ որ իւ­րա­քան­չիւ­րին, թէ­պէտ մար­դիկ չեն հասկ­նար, չա­փով եւ կշի­ռով կու տայ օգ­տա­կա­րը, առող­ջու­թիւնն ու հի­ւան­դու­թիւ­նը, ազ­նուա­կա­նու­թիւնն ու պար­զու­թիւ­նը, հարս­տու­թիւնն ու աղ­քա­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս որ ձեր տկա­րու­թիւ­նը եւ մարմ­նա­կան ան­բու­ժե­լի ցա­ւը եւս այլ սկիզբ չու­նի, եթէ ոչ Աս­տու­ծոյ հրա­մա­նով եւ կամ­քով»։

­Կա­րեկ­ցան­քը եւ յուզ­մուն­քը յայտ­նե­լէ ետք, Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը կը հաս­տա­տէ, թէ ամէն ինչ Աս­տու­ծոյ կամ­քով կամ թոյլ­տուու­թեամբ կը կա­տա­րուի, եւ հե­տե­ւա­բար՝ մեր բա­րի­քին կը ծա­ռայէ։ Իսկ անոնց նկատ­մամբ՝ որ կը վի­րա­ւո­րէին եւ կը հա­լա­ծէին Եդե­սիայի բո­րոտ­նե­րը՝ անյու­սու­թեան մատ­նե­լու աս­տի­ճան կը յայ­տա­րա­րէ. «Բարձ­րեալին իրա­ւա­դա­տու­թեան գի­տակ չեն եւ պա­տի­ժի ար­ժա­նի մեղք կը գոր­ծեն» եւ հա­մե­մա­տե­լով Յոբ նա­հա­պե­տի չա­րա­խօս ըն­կեր­նե­րուն՝ կը պար­զա­բա­նէ թէ ինչ­պէս սա­տա­նան այդ­պի­սին չար մար­դի­կը կ՚օգ­տա­գոր­ծէ «որ­պէս­զի ոչ միայն մարմ­նով, այլ մտ­քով ան­գամ ձեզ տան­ջէ, ձեզ ձեռ­նու­նայն թող­լով մե­ծա­գոյն յոյ­սի մխի­թա­րու­թիւն­նե­րէն»։ Մէկ խօս­քով՝ չա­րը եր­բեք դուլ ու դա­դար պի­տի չտայ՝ մին­չեւ մար­դու հո­գին ալ կո­րուս­տի չմատ­նէ։ Եւ երբ այլ հնարք­նե­րով չի յա­ջո­ղիր՝ ան­հա­ւատ եւ տգէտ մար­դոց խօս­քե­րով կը փոր­ձէ յու­սալ­քել եւ Աս­տու­ծոյ դէմ տրտն­ջե­լու կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ, Աս­տու­ծոյ դէմ ընդ­վզե­լու, վերջ­նա­կա­նա­պէս կոր­ծա­նե­լով տա­ռա­պեալ­նե­րը այս աշ­խար­հի վրայ, միաժա­մա­նակ զր­կե­լով եւ դա­տա­պար­տե­լով ան­մասն մնա­լու յա­ւի­տե­նա­կան բա­րիք­նե­րէն։­

Ուս­տի, Ս. Ներ­սէս փր­կու­թեան ճա­նա­պար­հը սոր­վեց­նե­լով կը քա­ջա­լե­րէ ամէն­քը՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կա­րո­ղու­թեան հա­մե­մատ, հաս­նե­լու կա­րօ­տեալին, հի­ւան­դին եւ աղ­քա­տին, որով­հե­տեւ Քրիս­տոս վար­ձա­հա­տոյց պի­տի ըլ­լայ, քա­նի որ յս­տա­կօ­րէն ըսաւ՝ մերկ էի, հի­ւանդ էի, անօ­թի էի, բան­տար­կուած էի եւ օգ­նե­ցիր ին­ծի։ Առողջն ու պն­դա­կազ­մը թող անոնց ձեռն­տու ըլ­լայ, հա­րուս­տը թող անոնց կա­րիք­նե­րը հո­գայ, իսկ անին­չը թող մխի­թա­րէ եւ վշ­տակ­ցի անոնց, եւ այս­պէս ամէն­քը աղ­քատ­նե­րու երա­նու­թեան մաս­նա­կից պի­տի ըլ­լան։

Շ­նոր­հա­լի կը հա­մե­մա­տէ վշ­տա­կի­րը, հի­ւանդն ու աղ­քա­տը մար­տի­րոս­նե­րուն, որ Քրիս­տո­սի հա­ւատ­քին հա­մար համ­բե­րե­ցին զա­նա­զան չար­չա­րանք­նե­րուն եւ մա­հուան, միակ պայ­մա­նով՝ որ անոնք ալ համ­բե­րու­թեամբ եւ Աս­տու­ծոյ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ան­ցը­նեն իրենց կեան­քի օրե­րը։ «Ան որ մեր այս ապա­կա­նա­ցու բնու­թեան պա­տա­հող մարմ­նա­կան ցա­ւե­րը եւ նե­ղու­թիւն­նե­րը ժուժ­կա­լու­թեամբ կը տա­նի եւ Աս­տու­ծոյ գո­հու­թիւն կը մա­տու­ցա­նէ՝ Քրիս­տո­սի վկա­նե­րէն պա­կաս չէ եւ ար­ժա­նի կ՚ըլ­լայ փառ­քի»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2023, 07:34