Վերափոխման տօն- Բարեխօսեա' վասն մեր մեղաւորացս..Գերյ. Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Հեռատեսիլի՝ թէ պարբերաթերթերու, եւ կամ լրագիրներու ճամբով վաճառելու համար գեղեցկութեան ու սպառումի սուղ արտադրանքներ, զմայլելի գովազդներ մեր աչքերը կը շլացնեն ու մեր միտքը կը հմայեն՝ յաւակնելով մեզի ներկայացնել երազային արարածներ:
Բազմաթիւ մանկամարդուհիներ (եւ ոչ միայն անոնք) կը յափշտակուին այս երգչուհիին կամ այն դերասանուհիին թովիչ տեսքէն, եւ ամէն գնով կը ջանան անոնց նմանիլ՝ հագուածքով, վարսայարդարումով, քալուածքով, այլազան շպարումներով ու պչրանքներով:
Գովազդները կը միտին հրապուրել հանրութիւնը եւ զայն մղել՝ գնելու «երիտասարդացնող» նոր օծանելիք մը, հագուստի նոր վաճառանիշ մը, կամ նորագոյն երգի մը ձայնասալը:
Ա'յս է շուկային օրէնքը:
Հաղորդակցութեան միջոցներն ու ցանցերը, որոնք մեզի կը ներկայացնեն կնոջ պատկերը յաւերժական գեղեցկութեան խաբկանքով՝ ունենալու համար հարթ ու փայլուն մորթ, անկաշկանդ, սլացիկ ու նրբակազմ հասակ, միթէ՞ չեն ձեւախեղեր կին արարածը, կամ չեն՞ թաքցներ երեւոյթներուն ու շպարումներուն ետին՝ անոր անձնաւորութեան էականը, այսինքն՝ անոր սիրտը:
Աստուածածին Մարիամ երբեք գեղեցկութեան թագուհի չէր հռչակուած. եւ սակայն, յաւիտենականն Աստուած զԱյն ընտրեց իբրեւ Գերագոյն էակ, եւ մենք իբրեւ այդ՝ զԱյն կը մեծարենք:
Աւետարանները երբ կարդալու ըլլանք, պիտի տեսնենք, որ Նազարեթի Կոյսը երբեք պահանջած չէ', կամ փնտռած ո'չ մէկ յաւակնութիւն ու տիտղոս: Ան, ո'չ առաջին դիրքերը կը գրաւէր եւ ո'չ ալ ինքզինք կ'արժեւորէր. այլ՝ միշտ եղած էր խոնարհ եւ հաւատարիմ Իր կոչումին:
Սակայն, Աստուած Անոր սրտին նայելով՝ գիտցաւ, թէ Մարիամի չէր պակսեր ինչ որ անհրաժեշտ էր սիրազեղ մայր ըլլալու Իր Որդիին՝ Յիսուսի:
Աստուած չէր փնտռեր լոկ կին մը, որպէսզի անոր միջոցով Իր Որդին աշխարհ գայ, այլ՝ սիրտ մը, որ զԻնք անհունապէս ու գթառատօրէն սիրէ:
Եւ ահա' Մարիամի մէջ գտաւ Իր փնտռած անձը:
Աջակցութեամբ ս. Յովսէփին, Աստուածամայրը արդարացուց Իր մայրական կոչումը, Իր կեանքը Յիսուսի նուիրագործելով ու զԱյն անսահմանօրէն սիրելով:
Ուստի, հիմա ի վիճակի ենք ըմբռնելու Վերափոխման վարդապետութիւնը, որուն համաձայն «Անարատ Կոյսը, զոր Աստուած զերծ պահած էր սկզբնական մեղքին ամէն արատէն, իր երկրաւոր կեանքին ընթացքը աւարտելէ ետք, մարմինով եւ հոգիով վերափոխուեցաւ երկինքի փառքին մէջ եւ Տիրոջմէն փառաւորուեցաւ իբրեւ Թագուհի տիեզերքի» (Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, թ. 966):
Հետեւաբար,
-Ա'յն անարատ մարմինը, որ ամէն ինչ տուաւ եւ իր մէջ աշխարհի Կեանքն ու Լոյսը կրեց,
-Եւ ա'յն սիրտը, որ անսահմանօրէն սիրեց,
չէին կրնար մահուան փտութեան ենթարկուիլ, այլ՝ անոնք սահմանուած էին ընկալելու անկորնչելի փառք մը, այսինքն՝ մասնակցիլ Ամենասուրբ Երրորդութեան կեանքին Մարմինով եւ Հոգիով:
Այն օրէն ասդին, Աստուածածինը կամուրջ դարձած է երկինքի եւ երկրի միջեւ:
Ինչպէս որ իր երիտասարդ տարիքին, Ան այցելեց իր ազգական Եղիսաբեթին, այսօր եւս կը շարունակէ մեր ընտանիքները, մեր տուները, մեր ժողովրդապետութիւններն ու մեր եկեղեցիները այցելել :
Անոր առաքելութիւնը պիտի չաւարտի մինչեւ որ բոլորս միացած չըլլանք Քրիստոսի մէջ:
Հայցենք համայն հաւատացեալներուն հետ. «Սրբուհի Մարիամ, Մայր Աստուծոյ, բարեխօսեա' վասն մեր մեղաւորացս, այժմ եւ ի ժամու մահուան մերոյ ». ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ