Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կաթողիկոսի նամակը նորադարձ արեւորդիներու մասին - Գ մաս
Արեւորդիները Քրիստոսի հօտին միացնելու համար Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը մանրամասնօրէն կը կանոնակարգէ իւրաքանչիւր քայլ, մկրտութեան ծէսին զուգահեռ ընթացքով։
Կը յանձնարարէ որ բոլոր քահանաները եւ այս առիթով կաթողիկոսանիստ Հռոմկլայէն ուղարկած իր աշակերտները խմբուին Սամոստիայի մայր տաճարի դրան առջեւ եւ բոլոր արեւորդիները հաւաքեն, այր, կին թէ մանուկ, եւ հանրութեան դիմաց երեք անգամ հարցնեն թէ արդեօք իրապէ՞ս, ամբողջ սրտով, զօրութեամբ եւ գիտակցութեամբ կը հրաժարին հայրենաւանդ սատանայական մոլորութենէն, անձամբ սատանայէն եւ անոր մտքերէն, խօսքերէն եւ գործերէն։ «Եւ երբ յանձն առնեն եւ ըսեն թէ կը հրաժարինք՝ անոնց դէմքերը արեւմուտք դարձնելով ըսէք. Երեք անգամ թքեցէք սատանայի երեսին եւ անարգեցէք զինք որպէս պիղծ, սուտ եւ անիրաւ»։ Այս խորհրդաւոր արարքէն ետք Շնորհալի կը յանձնարարէ որ հրաժարին նաեւ իրենց ուսմունքէն, ընդունելով որ արեւն ու բոլոր երկնային մարմինները, ինչպէս բոյսերը եւ ինչ որ կայ Աստուծոյ ստեղծած արարածներն են։
Այս կատարեալ հրաժարումէն ետք կու գայ հաւատքի դաւանանքի պահը, որու համար ամէնքը իրենց դէմքերը կը դարձնեն դէպի արեւելք եւ քահանաները կը հարցնեն թէ արդեօք կը հաւատա՞ն ամենասուրբ Երրորդութեան եւ միաստուածութեան, արարչագործութեան, մարդեղութեան, փրկագործութեան, յարութեան եւ երկրորդ գալստեան։ Այս համառօտ հաւատքի դաւանանքի բանաձեւումին մէջ Շնորհալի Հայրապետը կը շեշտադրէ Քրիստոսի կողմէ դեւերու հալածանքը, դժոխքի աւերումը, մէկ խօսքով սատանայի ամբողջական պարտութիւնը։ «Իր աշակերտներուն առջեւ մեր մարմնով երկինք համբարձաւ եւ իր Հօր աջակողմը նստաւ երկնքի մէջ, որ կրկին պիտի գայ՝ արդարութեամբ դատելու համար մարդկային բոլոր ազգերը, բարի հատուցում տալով քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքով բարեգործներուն, իսկ անհաւատներուն եւ անդարձ մեղաւորներուն՝ յաւիտենական տանջանքները պատրաստելով, սատանային եւ անոր դեւերու հետ միասին։ Իսկ Ինքը իր սուրբերուն եւ արդարներուն հետ անվերջ պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։
Ս. Ներսէս կաթողիկոս կ՚ըսէ թէ երբ հաւատքի այս կատարեալ դաւանութիւնը ընդունին եւ խոստովանին՝ զիրենք եկեղեցի մտցնեն եւ կը յանձնարարէ որ չմկրտուած չափահասները՝ երախայի կարգավիճակը ստանան, որպէսզի պատրաստուին եւ դաստիարակուին, որոշ ժամանակ մը ետք մկրտուելու համար։ Մինչդեռ «Մանուկները անմիջապէս մկրտեցէք եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ անոնք որ նախապէս մկրտուած են, միայն խոստովանութիւնը լսելով եւ ապաշխարանք նշանակելով՝ սուրբ միւռոնով ճակատները եւ զգայարանները դրոշմեցէք»։
Այս խօսքերէն կը հասկնանք թէ արեւորդիները ոչ միայն թաքուն հեթանոսներ էին, այլ միաժամանակ առերես քրիստոնեաներ, քանի որ իրենց շարքերուն մէջ մկրտուածներու գոյութեան մասին կ՚ակնարկէ Շնորհալին։ Միաժամանակ, ակնյայտօրէն կ՚երեւի հայ եկեղեցւոյ լուսաւոր աւանդութիւնը՝ երբեք կրկին չմկրտելու արդէն իսկ սուրբ աւազանի լուացումն ստացած անձերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ