2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց.­ Ներսէս Կաթողիկոսի նամակը նորադարձ արեւորդիներու մասին - Գ մաս

Հաղորդաշար (26) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ա­րե­ւոր­դի­նե­րը Քրիս­տո­սի հօ­տին միաց­նե­լու հա­մար Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը ման­րա­մաս­նօ­րէն կը կա­նո­նա­կար­գէ իւ­րա­քան­չիւր քայլ, մկր­տու­թեան ծէ­սին զու­գա­հեռ ըն­թաց­քով։

­Կը յանձ­նա­րա­րէ որ բո­լոր քա­հա­նա­նե­րը եւ այս առի­թով կա­թո­ղի­կո­սա­նիստ Հռոմկ­լայէն ու­ղար­կած իր աշա­կերտ­նե­րը խմ­բուին Սա­մոս­տիայի մայր տա­ճա­րի դրան առ­ջեւ եւ բո­լոր արե­ւոր­դի­նե­րը հա­ւա­քեն, այր, կին թէ մա­նուկ, եւ հան­րու­թեան դի­մաց երեք ան­գամ հարց­նեն թէ ար­դեօք իրա­պէ՞ս, ամ­բողջ սր­տով, զօ­րու­թեամբ եւ գի­տակ­ցու­թեամբ կը հրա­ժա­րին հայ­րե­նա­ւանդ սա­տա­նա­յա­կան մո­լո­րու­թե­նէն, ան­ձամբ սա­տա­նայէն եւ անոր մտ­քե­րէն, խօս­քե­րէն եւ գոր­ծե­րէն։ «Եւ երբ յանձն առ­նեն եւ ըսեն թէ կը հրա­ժա­րինք՝ անոնց դէմ­քե­րը արեւ­մուտք դարձ­նե­լով ըսէք. Երեք ան­գամ թքե­ցէք սա­տա­նայի երե­սին եւ անար­գե­ցէք զինք որ­պէս պիղծ, սուտ եւ անի­րաւ»։ Այս խորհր­դա­ւոր արար­քէն ետք  Շնոր­հա­լի կը յանձ­նա­րա­րէ որ հրա­ժա­րին նաեւ իրենց ուս­մուն­քէն, ըն­դու­նե­լով որ արեւն ու բո­լոր երկ­նային մար­մին­նե­րը, ինչ­պէս բոյ­սե­րը եւ ինչ որ կայ Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած արա­րած­ներն են։­

Այս կա­տա­րեալ հրա­ժա­րու­մէն ետք կու գայ հա­ւատ­քի դա­ւա­նան­քի պա­հը, որու հա­մար ամէն­քը իրենց դէմ­քե­րը կը դարձ­նեն դէ­պի արե­ւելք եւ քա­հա­նա­նե­րը կը հարց­նեն թէ ար­դեօք կը հա­ւա­տա՞ն ամե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան եւ միաս­տուա­ծու­թեան, արար­չա­գոր­ծու­թեան, մար­դե­ղու­թեան, փր­կա­գոր­ծու­թեան, յա­րու­թեան եւ երկ­րորդ գալս­տեան։ Այս հա­մա­ռօտ հա­ւատ­քի դա­ւա­նան­քի բա­նա­ձե­ւու­մին մէջ Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը կը շեշ­տադ­րէ Քրիս­տո­սի կող­մէ դե­ւե­րու հա­լա­ծան­քը, դժոխ­քի աւե­րու­մը, մէկ խօս­քով սա­տա­նայի ամ­բող­ջա­կան պար­տու­թիւ­նը։ «Իր աշա­կերտ­նե­րուն առ­ջեւ մեր մարմ­նով եր­կինք համ­բար­ձաւ եւ իր Հօր աջա­կող­մը նս­տաւ երկն­քի մէջ, որ կր­կին պի­տի գայ՝ ար­դա­րու­թեամբ դա­տե­լու հա­մար մարդ­կային բո­լոր ազ­գե­րը, բա­րի հա­տու­ցում տա­լով քրիս­տո­նէական ճշ­մա­րիտ հա­ւատ­քով բա­րե­գործ­նե­րուն, իսկ ան­հա­ւատ­նե­րուն եւ ան­դարձ մե­ղա­ւոր­նե­րուն՝ յա­ւի­տե­նա­կան տան­ջանք­նե­րը պատ­րաս­տե­լով, սա­տա­նային եւ անոր դե­ւե­րու հետ միասին։ Իսկ Ին­քը իր սուր­բե­րուն եւ ար­դար­նե­րուն հետ ան­վերջ պի­տի թա­գա­ւո­րէ յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից»։

Ս. Ներ­սէս կա­թո­ղի­կոս կ՚ը­սէ թէ երբ հա­ւատ­քի այս կա­տա­րեալ դա­ւա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նին եւ խոս­տո­վա­նին՝ զի­րենք եկե­ղե­ցի մտց­նեն եւ կը յանձ­նա­րա­րէ որ չմկր­տուած չա­փա­հաս­նե­րը՝ երա­խայի կար­գա­վի­ճա­կը ստա­նան, որ­պէս­զի պատ­րաս­տուին եւ դաս­տիարա­կուին, որոշ ժա­մա­նակ մը ետք մկր­տուե­լու հա­մար։ Մինչ­դեռ «Մա­նուկ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս մկր­տե­ցէք եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Իսկ անոնք որ նա­խա­պէս մկր­տուած են, միայն խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը լսե­լով եւ ապաշ­խա­րանք նշա­նա­կե­լով՝ սուրբ միւ­ռո­նով ճա­կատ­նե­րը եւ զգա­յա­րան­նե­րը դրոշ­մե­ցէք»։­

Այս խօս­քե­րէն կը հասկ­նանք թէ արե­ւոր­դի­նե­րը ոչ միայն թա­քուն հե­թա­նոս­ներ էին, այլ միաժա­մա­նակ առե­րես քրիս­տո­նեաներ, քա­նի որ իրենց շար­քե­րուն մէջ մկր­տուած­նե­րու գո­յու­թեան մա­սին կ՚ակ­նար­կէ Շնոր­հա­լին։ Միաժա­մա­նակ, ակ­նյայ­տօ­րէն կ՚ե­րե­ւի հայ եկե­ղեց­ւոյ լու­սա­ւոր աւան­դու­թիւ­նը՝ եր­բեք կր­կին չմկր­տե­լու ար­դէն իսկ սուրբ աւա­զա­նի լուա­ցումն ստա­ցած ան­ձե­րը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2023, 07:54