Մարսիլիոյ Տիրամօր Նուիրուած Notre-Dame-de-la-Garde մայր տաճարի հակիրճ պատմութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մարսիլիոյ Notre-Dame-de-la-Garde մայր տաճարը ճանչցուած է, որպէս «Բարի Մայր» որովհետեւ ան յոյսի, պաշտպանութեան նշան է ծովայիններուն, ձկնորսներուն եւ Մարսիլիոյ բնակիչներուն համար։
Տիրամօր տաճարը կը գտնուի քաղաքի Հին նաւահանգիստի հարաւային կողմը, 162 մթ բարձրութեամբ փոքրիկ բլուրին վրայ ու հիմնուած է Մարսիլիոյ թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Մազենոտի օրով։ Տաճարի կառուցման աշխատանքները սկսած են 11 սեպտեմբեր 1853 ու աւարտած ու օծուած է 4 յունիս 1864ին։
Տաճարը ունի 41 մթ բարձրութեամբ շքեղ զանգակատուն, որուն գագաթէն կարելի է հիանալ 11,20 բարձրութեամբ, 9796 քիլօ կշիռքով ոսկեզօծ Մանուկին հետ Տիրամօր հիասքանչ արձանով, որ զետեղուած 1870ին ու աշխատանքն է Բարիզցի քանդակագործ Eugène-Louis Lequesne։
Ամէն տարի 15 օգոստոսին, Տիրամօր վերափոխման տօնին օրը ուխտագնացութեան վայր հանդիսացող Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարին ներքնամասը զարդարուած է աւելի քան 1200 մթ խճանկարներբվ բիւզանդական ոճով, ինչպէս նաեւ յատակներուն վրայ 380 մք Հռոմէական ոճով խճանկարներով երկրաչափական ձեւաւորումով։
Մարսիլիոյ Տիրամօր Մայր տաճարին դուրսը զետեղուած է Քրիստոսի դէմքը չորցնող Սրբուհի Վերանոիքային արձանը, ի յիշատակ 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն այն Միսիոնարներուն որոնք տաճարին մէջ աղօթելէ ետք մեկնեցան աշխարհի տարբեր վայրեր աւետարանելու համար, խնդրելով Տիրամօր հովանին։
Ի վերջոյ եկեղեցւոյ մօտակայքը կը գտնենք, 2013 թուականէն փոքրիկ մատուր մը որ կը պատմէ աղօթավայրին 800 տարուայ պատմութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ