2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ ՀԵԹՈՒՄ ՊԱՏՄԻՉ (1235_1308) - Ա Մաս

Հաղորդաշար (11) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Պատմութիւնը գիտութիւններու ոլորտ մըն է, որու միջոցաւ կարելի կ'ըլլայ ուսումնասիրութիւններ կատարել եւ ծանօթանալ որեւէ դէպքի կամ իրադարձութեան: Պատմութիւնը գիտութիւն է, որու մէջ կան աղբիւրներ՝ անցեալի նաեւ ներկայի մասին, որոնք կը նկարագրեն պատմիչները եւ ինչու չէ կարծիքներ եւ փաստեր կը հաղորդեն իրադարձութիւններու շուրջ:

Պատմութեան սկիզբը նկարագրական բնոյթի կ'ըլլայ, որ ամենակարեւոր բաժինը կը համարուի, այնուհետեւ պատմական, քաղաքական իրադարձութիւններու շարադրանքները կ'ընդգրկուին եւ կ'աւարտի եզրայանգումով:

Հայերու մօտ անդրանիկ պատմագրութիւնը եղած է Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի» երկը, որ գրուած է մօտ 440 թուականին: Սոյն Վարքը կը բովանդակէ Մաշտոցի կեանքի եւ գործունէութեան առանցքը կազմող գիրերու գիւտին մասին:

Ո՞վ է պատմաբանը եւ ի՞նչ է պատմագիտութիւնը:

Պատմաբանը այդ անձն է, որ կը կոչուի պատմութեան մասնագէտ, իսկ պատմագիտութիւնը այդ գիտութիւնն է, որ կը զբաղի պատմական դէպքերու շարադրութեամբ, զարգացմամբ եւ պատմական աղբիւրներու ուսումնասիրութեամբ.

Հայ պատմագրութեան մէջ,ի թիւս շարք մը ականաւոր պատմիչներու, ինչպէս՝ Մ. Խորենացիի, Փ. Բիւզանդի, Ղ. Փարպեցիի, Մ. Կաղանկատուացիի եւ այլոց, իր ուրոյն տեղը գրաւած է Հեթում Պատմիչը, որու երկը կ'ընդգրկէ թաթարական ասպատակութիւններու դարաշրջանը:

Կոռիկոսի իշխան՝ Հեթում պատմիչի ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են: Ան սերած է Հեթումեան տոհմէն, որդին է Օշին իշխանին, որ Ասկուռայ բերդին տէրն էր. Հեթում եղած է սպարապետ Մարաջախտ հայ բանակին՝ Լեւոն Բ. թագաւորի օրերուն, 1305-ի սպարապետութիւնը իր որդիին՝ Օշինին յանձնելով կ'ընդունի լատինադաւանութիւնը՝ նուիրուելով եկեղեցւոյ, քաշուելով Կիպրոսի լատին Պրեմոնստրեան վանքը եւ կրելով Անտոն անունը: Յիշենք, որ ան միեւնոյն ատեն երբեք չէր մոռցած հայրենիքի գործերը հեռուէն կը հետաքրքրուէր եւ կը հետապնդէր:

 1307-ին կը մեկնի Հռոմ ապա Ֆրանսա Աւինիոն, ուր սիրալիր ասպնջականութեամբ կը դիմաւորուի Կղէմէս Ե. Պապի կողմէ, վերջինս Հեթումին կը նուիրէ կալուած մը Պուատիեումէն, ուր եւ կը հաստատուի:

Տեղին է նշել, որ կ'ըսուի թէ Աւինիոն քաղաքը, պատմութեան ընթացքին կարճ ժամանակ մը դարձաւ Պապական նստավայր, այս շրջանին Ֆրանսայի եւ Կիլիկիոյ յարաբերութիւնները շատ սերտացան. Աւինիոնի մէջ բացուեցաւ արեւելեան լեզուներու ուսումնասիրութեան դասընթացքներ, ուր՝ 1322 թուականին, Կիլիկիոյ թագաւորներու կողմէ հայ վարդապետներ ուղարկուեցան, որպէսզի հայերէն լեզուով ուսուցանէին, իսկ Ֆրանսան իր տնտեսական ու քաղաքական շահերէն մեկնած, արեւելեան լեզուներու տիրապետած Ֆրանսական միաբանութենէն կրօնաւորներ ուղարկեց դէպի Արեւելք՝ ուսումնասիրելու այդ երկրամասը: Քանզի Ասիոյ եւ Արեւելքի մէջ հանդէս եկաւ աշխարհակալ նոր պետութիւն՝ Մոնկոլներու իշխանութիւնը, որոնք շատ մեծ թիւով տարածուած էին Ասիայի եւ Արեւելեան եւրոպայի կողմերը: Կարեւոր էր իրենց հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնել եւ ապահովել իրենց դաշինքը: Այս նպատակով Ֆրանսան բանագնացներ ղրկեց կարակում՝ Մոնկոլական արքունիքի հետ բանակցութիւններ վարելու համար:

Ուստի պատահական չէր, որ ԺԳ. դարուն Կիլիկիայէն ժամանած հայ պատմիչ Հեթումը Ֆրանսերէն լեզուով հեղինակէր իր պատմագրական նշանաւոր աշխատութիւնը «Պատմութիւն թաթարաց» երկը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2023, 07:53