«Մաղթանաց կարգ» Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ գահակալութեան 2րդ տարեդարձին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
2023-ի հոկտեմբերի 24-ին, կը նշուի Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Աթոռին բարձրանալուն երկրորդ տարեդարձը, որուն առիթով ըստ հայ կաթողիկէ ծիսական օրացոյցին` Կիրակի 22 հոկտեմբերին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ «Մաղթանաց կարգը»։
«Կարգը» կատարուեցաւ նաեւ Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս ի ներկայութեան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, որ այս օրերուն կը գտնուի ի Հռոմ ու կը մասնակցի Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերուն։
Կիրակնօրեայ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Գերյ. Մաշտոց Զահթերեանը, ի ներկայութեան Հայ Կաթողիկէ կղերական դասի անդամներուն ու հռոմաբնակ հաւատացեալներուն։
Սուրբ Զոհի աւարտին Լեւոնեան Ք. Վարժարանի մեծաւոր` Հայր Խաչիկ Գույումճեան, յանուն Վարժարանի տնօրէնութեան ու սաներուն ու յանուն նաեւ արարողութեան ներկայ գտնուող կղերական դասին ու հաւատացեալներուն շնորհաւորեց Ամենապատիւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը, անոր վստահեցնելով բոլորի աղօթքները ու մաղթելով` որ Ամենաբարին Աստուած Անոր պարգեւէ երկար կեանք ` ուժ եւ կարողութիւն, որպէսզի Ան կարողանայ շարունակել, իրեն իւրայատուկ նուիրական հոգիով, Հովուել իրեն յանձնուած Եկեղեցին ու հաւատացեալները։
Հայր Խաչիկ Գույումճեանը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիորջ նուիրեց սկիհ մը, նշելով` որ այսօրուայ խառնաշփոթ աշխարհին մէջ միակ բանը զոր տակաւին կարելի է ու պէտք է ընել` աղօթքն է։
Խօսք առաւ ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ իր կարգին յիշեց աշխարհին մէջ այս օրերուն տեղի ունեցած պատերազմներն ու ողբերգական իրողութիւնները, հրաւիրելով` այս բոլորի որպէս հակադարձութիւն դիմելու աղօթքին, միանալով իրեն` «աղերս բարձրացնելով առ Աստուած որպէսզի ողորմի մեզի» ըսաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը։
Սուրբ Պատարագէն ետքը Լեւոնեան Ք. Վարժարանէն ներս, ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն ու կարկանդակի հատում։
«Մաղթանաց կարգ»ը
Խօսելով Մաղթանաց Կարգի մասին յայտնենք թէ Ան կը սկսի Հրաշափառի երգեցողութեամբ, որուն կը յաջորդէ Պօղոս առաքեալի Եբրայեցիներուն ուղղած նամակէն ընթերցուածը, ուր առաքեալը կը հրաւիրէ մտիկ ընել առաջնորդներուն, հնազանդիլ անոնց ապա աղօթել անոնց համար, որպէսզի Տէրը անոնց մէջ իրականացնէ այն ինչ որ իրեն հաճելի է։
Ընթրեցուածէն ետք կը կարդացուի Յովհաննէս առաքեալի աւետարանէն քաղուած այն հատուածը, ուր Յիսուս կը հաստատէ, թէ Ինքն է բարի հովիւը, «Բարի հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար։ Իսկ վարձկանը որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ տեսնէ գայլը, որ կու գայ, կը փախչի, եւ գայլը կը յափշտակէ ու կը ցրուէ զանոնք։ Որովհետեւ վարձկան է եւ հոգ չընէր ոչխարներուն համար….», կ՛ըսէ Յիսուս։
Աւետարանին կը յաջորդէ աղաչանք Տիրոջ` վասն աշխարհի խաղաղութեան ու եկեղեցւոյ հաստատումին, Սրբազան Քահանայապետին ու հայոց Հայրապետին կենաց ու հոգւոյն փրկութեան, որմէ ետք կ՛արտասանուի «Վասն Կաթողիկոսին» աղօթքը Աստուծմէ խնդելով` որ զԻնք պահէ հաստատուն եւ անսասան «ի մեծի կոչմանն ընդ երկայն աւուրս»։
հայր մերի երգեցողութենէն ու պատարագիչին «Օրհնեալ եղերուք» աղօթքէն ետքը, Կարգը վերջ կը գտնէ «Կեցո զորդի ...» շարականով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ