Կարդինալ Փիցցապալլան Մարիամի Անարատ Սրտին նուիրագործեց Սուրբ Երկիրը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Աստուածամայր և մեր մայրը... դուն ժամանակին կը քալէիր մեր երկրի փողոցներուն մէջ, առաջնորդէ մեզ այժմ խաղաղութեան ճանապարհներով»: Այս խօսքերով է` որ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` Կարդինալ Փիերպաթթիսա Փիցապպալլա Պաղեստինի Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնին առիթով` կիրակի 29 հոկտեմբերին Անոր Սուրբ Սրտին նուիրեց Սուրբ Երկիրը, Տէյր Ռաֆաթի սրբավայրին մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին։
«Քու Անարատ Սրտիդ կը յանձնենք ու կը նուիրեց մենք զմեզ, մեր Եկեղեցին, համայն մարդկութիւնը, Միջին Արեւելքի ժողովուրդները ու մասնաւորէս Սուրբ Երկին բնակչութիւնը, որ քեզի կը պատկանի, որովհետեւ զուն զայն գեղեցկացուցիր քու ծնունդովդ, քու առաքինութիւններով ու քու ցաւերովդ եւ այստեղէն որ աշխարհին նուիրեցին Փրկիչը։ Թոյլ տուր որ պատերազմը աւարտի ու խաղաղութիւնը տարածուի մեր քաղաքներուն ու մեր գիւղերուն մէջ», ըսաւ ի միջի այլոց նուիրագործման արարքի ընթացքին Կարդինալ Փիցցապալլան մատնանշելով, որ «մարդկութիւնը մոռցած է մօտ անցեալի ողբերգութիւններէն քաղուած դասերը, պատերազմներու ընթացքին զոհուած միլիոնաւորները» ….։
«Առաջնորդէ աշխարհիս ղեկավարները ու անոնք` որոնք կ՛որոշեն ազգերու ճակատագիրը, որպէսզի անոնք որոշում կայացնեն հիմնուելով արդարութեան ու ճշմարտութեան վրայ ու գործեն ի սպաս հասարակաց բարիքին» աւելցուց Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը հայցելով նաեւ, որ Սուրբ Կոյսը Սուրբ Երկրի զաւակներուն ցոյց տայ եղբայրութեան ուղին, ապա «իր մայրական ողջագուրումով մխիթարէ անոնք` որոնք վիրաւոր են, ստիպուած են լքել իրենց տուները, անոնքք որոնք կորսնցուցին իրենց հարազատները, բանտարկեալները ու անոնք` որոնք անհետ կորսուած են»
«Այս պահուն, մինչ Սուրբ Երկրի ժողովուրդները քեզի կը դիմեն, քու սիրտդ կարեկցանքով կը տրոփէ անոնց համար ու բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք ոչնչացուած են պատերազմի, սովի, անարդարութեան ու աղքատութեան հետեւանքով» ըսաւ ապա Կարդինալ Փիցցապալլան եւ աղերսը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը` որպէսզի «Աստուծոյ ողորմութիւնը տարածուի ամբողջ երկրի վրայ, և խաղաղութեան քաղցր զարկը կրկին սկսի «վանկատելով« չափել մեր օրերը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ