Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (44)
ԽԴ. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղաճանեան Կարդինալի խոկումներուն:
Ծիրանեփառ Հայրապետը ազգասիրական սքանչելի գաղափարներ յայտնած է, որոնցմէ մի քանին միայն պիտի յիշենք. Հայապահպանումի մասին ան ըսած է.
«Ժողովուրդի պահպանման ամենազդու միջոցները՝ կրօնք, հայրենիք և հայրենասիրութիւն են, գեղեցիկ նմանութեամբ մը երկու Մասիսներու՝ որոնք երկինք կը բարձրանան ձիւնափայլ կատարներով. Պէտք է որ մենք ալ կրօնքով և հայրենասիրութեամբ բարձրանանք»:
«Սփիւռքի հայութեան այլասերումի մեծ վտանգ մը կը սպառնայ: Այդ վտանգէն զերծ կարելի է մնալ, որչափ որ հետամուտ ըլլաք պահելու, խօսելու, մշակելու մեր չքնաղ ու ոսկեղենիկ հայ բարբառը. հետամուտ ըլլալով միանգամայն երեքհազարամեայ մեր պատմութեան: Ազգ մը որ դահիճներ կու տայ՝ կրնայ ոչնչանալ. Բայց ազգ մը՝ որ նահատակներ կու տայ, որ հանճարներ կու տայ՝ չի մահանար, չի մեռնիր. Փոթորիկը կրնայ անցնիլ, կրնայ ճիւղեր կոտրել, բայց բունը պիտի մնայ. և Աստուծոյ օրհնութեամբ, և ազգի զաւակներուն ուռճացումով և միութեամբ՝ պիտի գոյատեւէ, պիտի յարատեւէ, պիտի գրաւէ միշտ ազգերու հոյլին մէջ իր արժանավայել տեղը»:
«Հպարտ պէտք է ըլլանք բոլորս, որ կը պատկանինք հայ ցեղին, որուն մշակոյթը իր բազմակողմանի արժէքներով վաւերական տուրք մըն է քաղաքակրթութեան: Եղէ՛ք համերաշխ, միաբան, սիրեցէք Ազգն ու Եկեղեցին: Սիրենք մեր Հայրենիքը: Կրնանք չսիրել վարչաձեւը, բայց վարչաձեւերը կ'անցնին, հայրենիքը կայ ու կը մնայ: Սիրեցէ՛ք զիրար, որովհետեւ ուր որ հանդիպիք հայու մը, ան մէկ բեկորն է հայրենիքին»:
«Հպարտ եղէք մեր հայ լեզուով, որ պայծառ թարգմանը եղած է բազմաթիւ մեր հանճարներուն մտքին ու հասցուցած է մեզի անոնց գլուխ գործոցները: Հպարտ եղէք մեր ազգային պատմութեամբ, որ գեղեցիկ հիւսուածք մըն է դիւցազնութեանց, որոնք կը հրաւիրեն զմեզ նախնեաց ուղիէն չհեռանալու ու հետեւելու միշտ անոնց ներշնչող օրինակներու ու քաջութեանց»:
«Մեր պատմութեան երեք կարեւոր թուականները: Մին՝ 49 տարի առաջ, Վոսփորի ափերուն վրայ ծրագրուած դիւային ահռելի ոճիրն է, որ գործադրուեցաւ հայրենի գաւառներուն մէջ: Երկրորդը՝ թուական մըն է, որ մեր մտքին կը պարզէ Վարդանանց դէպքը՝ յաւիտենական յիշատակութեամբ անմահացած մեր պատմութեան մէջ»:
«Ինչ որ Եղիշէ ըսաւ Վարդանանց պատերազմի առիթով թէ. «Մենք տեսանք մեր Հայոց Ազգին նահատակութիւնը», կրկնելու ենք հոս այն դիւցազնամարտին համար զոր 49 տարի առաջ մղեց մեր ժողովուրդը և որուն մեր սերունդը, ձեր հայրերուն սերունդը ականատես եղաւ: Նահատակութիւն՝ կը նշանակէ զոհաբերում, նուիրում ամենաբարձր գաղափարներու համար, որոնք կ'ամփոփուին եկու բառերու մէջ. «Վասն կրօնից և հայրենեաց»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ