Աշխարհի մանուկները միացած աղօթքի մէջ վասն խաղաղութեան
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ «Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն» ձեռնարկը` ամէն տարի կը յիշատակուի հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին` որ ընդհանրապէս նուիրուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթքին։ Այս տարի եւս ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ 18 հոկտեմբերին նպատակ ունենալով աղօթել ի նպաստ համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ միութեան ու յատուկ կերպով Սուրբ Երկրին համար։
2005-ին ծնունդ առած նախաձեռնութիւն
«Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՚աղօթեն» նախաձեռնութիւնը ծնունդ առած է 2005-ին, Վենեզուելլայի մայրաքաղաք Քարաքասի սրբավայրին մէջ. մինչ՝ խումբ մը մանուկներ եւ կիներ միասին հաւաքուած աղօթք կը կատարէին, իրենց մէջ զգացին Տիրամօր ներկայութիւնը։ Աղօթքի մասնակցող կիներէն մին վերյիշեց Հայր Փիոյի խօսքերը- «եթէ մէկ միլիոն մանուկներ միասնաբար աղօթեն Վարդարանը՝ աշխարհը պիտի փոխուի»։ Այդ ժամանակէն ի վեր աղօթքի այս արշաւը արագօրէն տարածուեցաւ և դարձաւ համաշխարհային երևոյթ։
Այս տարի Աղօթքին կը մասնակիցն 103 երկիրներէ մանուկներ եւ աղօթքի համախմբումներ տեղի պիտի ունենան աշխարհի զանազան երկիրներու սրբավայրերուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ