Եկեղեցական Գիտելիքներ Առաջին Շաբաթ Յիսնակաց (19-26 Նոյեմբեր 2023)
Ահա կը սկսինք Յիսնակաց շրջանը, որ Սուրբ Ծնունդի եւ Յայտնութեան Տօնի պատրաստութեան շրջանն է. ըստ հայկական ծէսին` այս շրջանը կ՛ընդգրգէ 50 օր եւ անոր համար ալ կը կոչուի Յիսնակաց. կը սկսի 15 նոյեմբերի յաջորդող կիրակին եւ կը վերջանայ 5 Յունուարին, այսինքն Յայտնութեան տօնի նախօրեակին։ Մինչդեռ լատինական եւ այլ ծէսերու մօտ` ան կը կոչուի Ատվենթուս եւ կը տեւէ միայն 25 օր, կը սկսի մէկ դեկտեմբերին եւ վերջ կը գտնէ 25 դեկտեմբերին, Ծննդեան տօնին օրը։
Յիսնակացը յատուկ է միայն առաջին շաբթուայ ընթացքին կատարուող Պահքը. Մինչ Զատիկէն առաջ` Հայ Եկեղեցին 40 օր պահք կը տնօրինէ, Յիսնակաց պահքը կը վերածուի միայն 5 օրուայ, սկսելով առաջին երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ օրը։ Յիսնակաց շրջանի մնացեալ բոլոր օրերը կարելի է սուրբերու տօնակատարութիւն ընել, եւ պահք ու ծոմ չբռնել։
Նշանակալից է Յիսնակաց առաջին Կիրակի օրուան աւետարանը, որով Տէրը մեզի կը սորվեցնէ Տէրունական Աղօթքը «Հայր մերը». Յիշենք որ նոյնպէս կը սկսի նաեւ Մեծ Պահքի շրջանը, ուր Բարեկենդանի աւետարանը դարձեալ Հայր մեր աղօթքին ուսուցումն է, այն տարբերութեամբ որ Մեծ Պահքի սկիզբը կը կարդացուի Մատթէոսի Աւետարանը, մինչդեռ Ծննդեան պատրաստութեան առթիւ` կը կարդացուի Ղուկասի աւետարանը։
Առաքեալները կը խնդրեն Յիսուսէն որ իրենց աղօթել սորվեցնէ, որով յաճախ կը տեսնէին իրենց Տէրը յափշտակուած աղօթքի մէջ եւ կ՛ուզէին իրենք եւս այդպէս աղօթել եւ ոչ թէ Դպիրներու սորվեցուցածին նման, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ` ընթերցումը սաղմոսներուն, դասական ու միապաղաղ ձեւով, իրենց գլուխը առաջ եւ ետ տանելով։ Յիսուս երբ աղօթէր, անշարժ կը մնար եւ կարծէք կը միանար իր Հօր եւ փոխադարձ խօսակցութիւն մը տեղի կ՛ունենար Հօր եւ Որդւոյ միջեւ. Արդէն Յովհաննէս Մկրտիչ եւս նոր ձեւի աղօթքներ սկսած էր սորվեցնել իր աշակերտներուն, ինչ որ բարի նախանձը կը շարժէ Յիսուսի առաքեալներուն։
«Հայր մեր» աղօթքը այդ օրէն ի վեր` պաշտօնական աղօթքը դարձաւ Քրիստոսի հաւատացեալներուն եւ բոլոր եկեղեցիները անխտիր, նոյնիսկ բողոքականները զայն կը կիրարկեն իրենց պաշտամունքներուն մէջ։
Այս ամբողջ շաբթուայ ընթացքին` կը կարդանք Ղուկասի աւետարանին 11-րդ գլուխը, ինչպէս նաեւ Պօղոս Առաքեալի Կողոսացւոց ուղղած Թուղթը։
Երեքշաբթի օրը՝ 21 Նոյեմբերին, տօնն է «Աստուածածնայ Ընծայումին», որ կը յիշատակէ Մարիամի նուիրումը տաճարին, որպէս անդրանիկ զաւակ իր ծնողքին, Յովակիմի եւ Աննայի, իր ծննդենէն 75 օր վերջ, ինչպէս որ կը հրամայէր Տիրոջ օրէնքը։ Այս տօնը երկրորդական ըլլալով հանդերձ` Հայ ծէսին մէջ տեղ գրաւած է, ոչ սակայն իւրայատուկ շարականով մը, այլ Աստուածածնայ Ծննդեան տօնի շարականներն օգտագործելով։
Շաբաթ 25 Նոյեմբերին` կը տօնենք հետեւեալ սուրբերը.
- Սուրբ Գրիգոր Սքանչելագործ, Հայրապետ Պոնտոսի շրջանի Նէօ-Կեսարիոյ քաղաքին, 240-էն մինչեւ 270 թուականը. Իր մասին կ՛ըսուի թէ երբ Եպիսկոպոս օծուեցաւ, իր բազմամարդ քաղաքին մէջ` միայն 17 քրիստոնեաներ կային. Իր մահուան օրը` նոյն քաղաքին մէջ միայն 17 հեթանոսներ մնացեր էին։
- Սուրբ Միւռոն, Եպիսկոպոս Կրետէի կղզիին, որ ապրեցաւ գրեթէ հարիւրամեայ, 250-350 թուականը եւ սրբութեան մեծ համբաւ թողուց ամենուրեք։ Կ՛ըսուի թէ իր մահէն երկու դար ետք` իր մարմինը անեղծ ու անապական գտնուած է։
Տօնն է նաեւ Երանելի Սալվաթորէ Լիլլիի և իր նահատակ ընկերներուն՝ Յովհան Պալեան, Խաչեր Խոտանեան, Ծերոն Գուրաճեան, Վարդավառ Թմբիկեան, Պօղոս Երամեան, Դաւիթ Դաւիթեան և Դաւիթ Թորոսեանի :
Կիրակի 26 Նոյեմբերը՝ Յիսնակաց Բ. Կիրակին է:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ