FILES-BURKINA-MALI-FRANCE-ARMY-CONFLICT

Մալիի մէջ ազատ արձակուած է գերմանացի միսիոնար մը մէկ տարի առեւանգումէն ետքը

Գերմանացի քահանան առեւանգուած էր անցեալ 20 նոյեմբեր 2022ին Պամաքոյի մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Առեւանգումէն Ճիշտ մէկ տարի ետք գերմանացի Հայր Հանս Ժոաքին Լոհրը, որ Մալիի մէջ առաեւանգուած էր անցեալ տարուայ 20 նոյեմբերին, ազատ արձակուեցաւ կիրակի օր` 26 նոյեմբեր 2023ին»։ Լուրը կը կարդանք Ֆիտես լրատու գործակալութեան կաքյին վրայ ու նշուած է` որ «բանակցութիւնները տեղի ունեցած են առեւանգողներու եւ գերմանական կառավարութեան միջեւ ու հազիւ ազատագրուած միսիոնարը յատուկ օդանաւով տեղափոծուած է Գերմանիա»։

66 ամեայ այս միսիոնարը 30 տարի ի վեր կ՛ապրէր Մալիի մէջ, ուր նաեւ կը դասաւանդէր Իսլամա-Քրիստոնեայ կազմաւորման հաստատութեան ներքոյ ու պատասխանատու էր Համտալլայէի Հաւատք եւ Հանդիպում կեդրոնին։

Ֆիտես լրատու գոխակալութիւնը կը հաղորդէ նաեւ, թէ մէկ տարուայ ընթացքին Հայր Լոհրը ազատ արձակուած երկորդ գերմանացին է, արդարեւ անցեալ դեկտեմբերին ազատ արձակուած էր նեաւ Jörg Lange, որ առեւանգուած էր 11 ապրիլ 2018 Մալիի սահմանակից արեւմտեան Նիճերի մէջ։ Շարք մը օտարերկրեայ պատանդներ, որոնց շարքին, հարաւ-ափրիկեցի և իտալացի զոյգ իրենց զաւկին հետ, տակաւին կը պահուին Սահելի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2023, 11:58