2022.11.01 Messa di ringraziamento apertura face diocesana processo beatificazione Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (48)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի հիւանդութեան և վախճանման:

ԽԸ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի հիւանդութեան և վախճանման:

Աստուածային նախախնամութիւնը՝ կարծէք այնպէս տնօրինած էր, որ Կարդինալ Աղաճանեան, Ամենայն Հայոց Հայրապետի Հռոմ պատմական այցելութենէն կարճ ժամանակ ետք բաժնուէր այս աշխարհէն: Ահա, 22 Հոկտեմբեր 1970-ին, իր հրաժարականը որոշ ուշացումէ ետք, վերջապէս կ'ընդունուի: Այդ թուականէն սկսեալ, Կարդինալ Աղաճանեանի վրայ հիւանդութեան լուրջ նախանշաններ կը յայտնուին և Աղաճանեան Կարդինալը բժիշկներու թելադրութեամբ՝ հանգստեան կը կոչուի, և ժամանակ մը անցնելէ ետք Հռոմի Լեւոնեան Ք. Վարժարանը՝ կը փոխադրուի Հռոմի Մոնթեվերտէ շրջանին մէջ գտնուող Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայրավանքը, նոյնինքն Հայ Քոյերու և իր ազնիւ քրոջ Էլզայի անմիջական հոգատարութեան ներքեւ մնալու, սակայն անողոք հիւանդութեան պատճառաւ, հակառակ իր քրոջ և հայ քոյրերու յատուկ խնամքին՝ Աղաճանեան օրէ օր գրեթէ կը հիւծէր: Այսպէս, Աստուծոյ Ծառայ՝ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կը դիմաւորէ իր կեանքի մայրամուտը:

Այսօր, Կարդինալի կեանքի վերջին շրջանին ապրած խցիկը վերածուած է թանգարանի: Այս նախաձեռնութիւնը կը պարտինք Անարատ Յղութեան Մեծաւոր Մայր՝ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանին, որուն համար յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք:

Յիշատակութեան արժանի է թէ 31 Մարտ 1971-ին, Կարդինալի հիւանդութեան օրերուն, Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետը անձամբ՝ անակնկալ այցելութիւն տուած է Լեւոնեան հայկազեան վարժարան: Այցելութեան ընթացքին, Պապը խորապէ՛ս ազդուած հետեւեալ յուզիչ խօսքը կ'ուղղէ մեծ Կարդինալին. «Քանի որ դուք ինծի այցելութեան չէք գար, ես եկայ». այնուհետեւ մօտենալով Կարդինալի մահիճին՝ կը համբուրէ հայազգի մեծ եկեղեցականի ճակատը:

Սրբազան Քահանայապետին այցելութենէն մէկ ու կէս ամիս ետք, Կիրակի 16 Մայիս 1971-ին, Եկեղեցւոյ Սուրբ խորհուրդներով զօրացած` իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելէ ետք Եկեղեցւոյ զաւակներուն, գիշերուայ ժամը 10:30-ին, Հայրենի կարօտը սրտին՝ աչքերն առ յաւէտ կը փակէ Աստուծոյ ծառայ Կարդինալ Աղաճանեան, որպէսզի Երկնքի երանաւէտ Արքայութեան մէջ միանայ Քրիստոսի, սուգի մատնելով Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ համայնքը, ամբողջ հայութիւնը և բովանդակ քրիստոնէութիւնը: Վախճանման պահուն, հայոց Ծիրանաւորը երբ իր հոգին կը յանձնէր Տիրոջ, անոր ականջին կը հնչէր իր այնքան սիրած «Լեռներ Հայրենի» երգը: Ափսո՜ս, որ այդ լեռները տեսնելու պատեհութիւնը չունեցաւ Ծիրանաւոր Կարդինալը իր կենդանութեան ժամանակ և քահանայական ծառայութեան օրերուն:

Արդարօրէն, Պօղոս Առաքեալի խօսքը ուղղուած Տիտոսի, որքա՜ն կը համընկնէր Աղաճանեանի կտակին. այնտեղ հեթանոսաց Առաքեալը կ'ըսէր. «Ես ինքզինքս զոհած եմ և հասած է մեկնումիս ժամը: Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքս պահեցի: Ասկէ ետք, ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին,  որ Տէրը, արդար Դատաւորը, իբրեւ հատուցում՝ ինծի պիտի տայ դատաստանի օրը» (Տիտոս Բ. Դ, 6-8):

Իսկապէ՛ս, հաւատքով և սիրով զեղուն կեանք մը ապրեցաւ Կարդինալ Աղաճանեան, իր համեստ ծառայութեամբ, լռութեամբ, իր խոնարհութեամբ և իր վկայութեամբ, անխոնջ ծառայելով Քրիստոսի Եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ ժողովուրդին։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…: Օրհնութիւ՜ն, փառք և յարգանք իր անմահ յիշատակին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2023, 07:51