2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը

Հաղորդաշար (38) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

«­Գիր հա­ւա­տոյ խոս­տո­վա­նու­թեան Հա­յաս­տա­նեայց եկե­ղեց­ւոյ» պա­տաս­խան նա­մա­կին մէջ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի մէկ առ մէկ կը թուար­կէ յոյ­նե­րուն յու­զող հար­ցե­րը, որ գրա­ւոր փո­խան­ցած էին Ալեքս Կու­սա­կա­լին։ Տաս­նե­րեք հար­ցեր ներ­կա­յա­ցուած են, սա­կայն յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը ո՛չ տրա­մա­բա­նա­կան որոշ հեր­թա­կա­նու­թիւն ու­նի ոչ ալ շօ­շա­փուած խն­դիր­նե­րու խմ­բա­ւո­րում, որ­մէ կա­րե­լի է հե­տեւց­նել թէ Շնոր­հա­լի պար­զա­պէս իր պա­տաս­խան­նե­րը կը շա­րադ­րէ յոյ­նե­րուն նշած հեր­թա­կա­նու­թեամբ։­

Եր­կար կամ կարճ պա­տաս­խան­նե­րը որ կու տայ՝ ոչ թէ շօ­շա­փուած հար­ցին աւե­լի կամ նուազ կա­րե­ւո­րու­թեան ցու­ցա­նիշ է այլ թէ որ­քա­նով Ս. Ներ­սէս իր պա­տաս­խա­նը բա­ւա­րար, յս­տակ եւ գո­հա­ցու­ցիչ կը գտ­նէ։­

Յոյ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած առա­ջին խն­դի­րը Յի­սու­սի ծնունդն ու մկր­տու­թիւ­նը Յու­նուար վե­ցին տօ­նելն էր։ «Գ­րուած էր, առա­ջին, թէ Յու­նուար հին­գի առա­ւօտ կա­նուխ աւե­տում, եւ երե­կոյեան ծնունդ կը տօ­նեն, իսկ յա­ջորդ առա­ւօտ, Յու­նուար վե­ցին՝ Քրիս­տո­սի մկր­տու­թիւ­նը։ Մաս մը ճշ­մար­տա­ցի է, մաս մըն ալ ճշ­մար­տու­թե­նէն հե­ռու»։ Բնա­կա­նա­բար, ճշ­մար­տա­ցին այն էր որ հայե­րը Յու­նուար վե­ցին կը տօ­նեն Քրիս­տո­սի ծնունդն ու մկր­տու­թիւ­նը, «իսկ թէ ամ­սուն հին­գի վաղ առա­ւօ­տեան աւե­տու­մը կը տօ­նենք՝ բո­լո­րո­վին սուտ է», կը գրէ Շնոր­հա­լի, եւ կը շա­րու­նա­կէ բա­ցատ­րե­լով թէ հայ եկե­ղե­ցին ին­չո՛ւ աւե­տու­մը կը տօ­նէ ապ­րի­լի եօ­թին։­

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Յու­նուար վե­ցին՝ Շնոր­հա­լի կը հիմ­նա­ւո­րէ հայ եկե­ղեց­ւոյ աւան­դու­թիւ­նը երեք պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ. մէկը պատ­մա­կան եւ եր­կուքը սուրբգ­րային։ Նախ կը հաս­տա­տէ թէ առա­քեալ­նե­րէն սկզբ­նա­ւո­րուած բո­լոր եկե­ղե­ցի­նե­րը Քրիս­տո­սի ծնունդն ու մկր­տու­թիւ­նը միասին կը տօ­նէին, «եւ յե­տոյ ոմանք բաժ­նե­ցին, Բե­թղե­հէ­մի եւ Յոր­դա­նա­նի հա­մար, քա­նի որ իրար­մէ հե­ռու ըլ­լա­լով չէին կր­նար միեւ­նոյն օրը եր­կու ուխ­տա­վայ­րե­րուն մէջ տօն կա­տա­րել, եւ քիչ քիչ տա­րա­ծուե­լով՝ ու­րիշ եկե­ղե­ցի­ներ ալ նոյնն ըն­դու­նե­ցան, իսկ Հա­յաս­տա­նեայց եկե­ղե­ցին ան­փո­փոխ պա­հեց՝ այն ինչ որ սուրբ Գրի­գո­րէն ստա­ցած էր»։­

Ա­պա, Շնոր­հա­լի Ղու­կաս աւե­տա­րան­չը կը վկա­յա­կո­չէ, եւ Զա­քա­րիայի պաշ­տա­մուն­քի օրե­րուն հա­մար կը հաս­տա­տէ թէ ան սկսած ըլլայ Քա­ւու­թեան տօ­նին՝ այ­սինքն Սեպ­տեմ­բեր 27ին եւ աւար­տած՝ Հոկ­տեմ­բեր 9ին, որ­մէ վեց ամիս ետք, այ­սինքն Ապ­րի­լին, Մա­րիամ Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կա­պե­տի աւե­տի­սը լսելէ ետք Եղի­սա­բէ­թի այ­ցե­լու­թեան կ՚եր­թայ եւ հուսկ, ին­նը ամիս ետք, Յու­նուա­րին, Յի­սուս կը ծնի։

­Յի­սու­սի ծնուն­դը եւ մկր­տու­թիւ­նը նոյն օրը տօ­նե­լու մա­սին Շնոր­հա­լի կը գրէ. «Նոյն աւե­տա­րան­չի պատ­մու­թեան հա­մա­ձայն եր­րորդ վկա­յու­թիւն մըն ալ կայ ասոր մա­սին, երբ կ՚ը­սէ թէ "Յի­սուս երե­սուն տա­րե­կան էր, իր ծնուն­դէն սկ­սած", եւ խե­լա­միտ եւ ու­ղիղ իմաս­տի հա­մա­ձայն՝ հար­կա­ւոր կ՚ըլ­լայ հասկնալ վեց Յու­նուա­րին՝ ծնուն­դին պէս, նոյն ամ­սա­թուին պատահաած ըլ­լայ մկր­տու­թեան օրը՝ երե­սուն տա­րի ետք, թէեւ շաբ­թուան օրը չզու­գա­դի­պէր։ Ասոր մա­սին ու­րիշ շատ բա­ներ կային ըսե­լիք, բայց այս սա­կա­ւը շատ է իմաս­տու­նիդ հա­մար։ Սա­կայն, թէ ա՛յս­պէս կամ ա՛յն­պէս, թող Աս­տու­ծոյ փառ­քին հա­մար կա­տա­րուի»։

Հ­րա­շա­լի եզ­րա­յան­գում, որ կը մեր­ժէ ամէն ապար­դիւն վի­ճա­բա­նու­թիւն եւ ցոյց կու տայ մեծ Հայ­րա­պե­տի լայ­նա­խոհ գե­րաշ­խար­հիկ տե­սու­թիւ­նը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2023, 07:39