2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Բ Մաս

Հաղորդաշար (39) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յոյ­նե­րուն յու­զող երկ­րորդ խն­դի­րը՝ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի «ամ­բաս­տա­նու­թիւն» կ՚ա­նուա­նէ եւ ամե­նա­կարճ պա­տաս­խա­նը կու տայ, բո­լո­րո­վին աւե­լորդ հա­մա­րե­լով ծան­րա­նալ։

­«Այս նա­մա­կին մէջ գրուած է, որ Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի եր­գե­րը չեն հն­չեր մեր եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ եւ այս ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը ամե­նե­ւին չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ճշ­մար­տու­թեան»։

Շ­նոր­հա­լիի տուած պա­տաս­խա­նէն կը կռա­հենք՝ որ խօս­քը առաւ­օտեան ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րուած երից ման­կանց օր­հնու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դող Մե­ծա­ցուս­ցէ շա­րա­կա­նին մա­սին է, որ հայ եկե­ղեց­ւոյ աւան­դու­թեամբ միայն Կի­րա­կի եւ տէ­րու­նա­կան օրե­րուն կ՚եր­գուէր, եւ հե­տե­ւա­բար եկե­ղեց­ակա­ն աւան­դու­թեան տար­բե­րու­թեան եւս օրի­նակ մը՝ որ յոյ­նե­րուն խորթ կը թուէր, եւ հա­ւա­նա­բար որոշ հա­կա­ռա­կա­սէր մար­դոց կող­մէն ալ շա­հար­կուած էր։ Ս. Ներ­սէս կը բա­ցատ­րէ. «Ար­դա­րեւ այն­քան կը պա­տուենք երկ­նա­ւոր­նե­րէն եւ երկ­րա­ւոր­նե­րէն պա­տուի ար­ժա­նի Աս­տու­ծոյ մայ­րը՝ Մա­րիամ, որ իր խօս­քե­րը ոչ թէ պարզ օրե­րը երից ման­կանց եւ Դաւ­թի խօս­քե­րուն հետ կ՚եր­գենք, այլ միայն Կի­րա­կի եւ տէ­րու­նա­կան տօ­նե­րուն, ինչ­պէս որ մեր եկե­ղե­ցա­կան կար­գե­րուն ձեզ­մէ քա­ջա­տե­ղեակ ան­ձե­րը կր­նան Ձեզ տե­ղե­կաց­նել»։

­Միեւ­նոյն ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ Շնոր­հա­լի տէ­րու­նա­կան տօ­նե­րու հա­մար իր յօ­րի­նած բո­լոր շա­րա­կան­նե­րուն վեր­ջին տու­նե­րը նուի­րած է Աս­տուա­ծա­մօր։­

Յոյ­նե­րը չորրորդ կէտով կ՚ա­ռար­կեն թէ հայե­րը միւ­ռո­նը կը պատ­րաս­տեն ոչ թէ ձի­թե­նիի այլ շուշ­մայի բու­սա­կան ձէ­թով։ Շնոր­հա­լի կը հաս­տա­տէ, նշե­լով թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ցուրտ կլի­մայի պատ­ճա­ռով ձի­թե­նի չ՚ա­ճիր, եւ հե­տե­ւա­բար միւ­ռո­նը բու­սաիւ­ղով կը պատ­րաս­տեն, եւ կ՚ա­ւելց­նէ. «Ա­սոր մէջ հո­գե­ւոր ոչ մէկ վնաս կայ, որով­հե­տեւ եթէ նիւ­թը որոշ ոյժ մը ու­նե­նար՝ լաւ կ՚ըլ­լար այն նիւ­թը միայն փնտ­ռել, որու մէջ աս­տուա­ծային զօ­րու­թիւն մը ըլ­լար. իսկ եթէ քա­հա­նա­յա­կան օրհ­նու­թիւնն ու աղօթ­քը ձէ­թի նիւ­թին կը միաց­նեն աս­տուա­ծային շնորհ­քը, ոչ մէկ առա­ւե­լու­թիւն կամ նուա­զու­թիւն ու­նի, եթէ ծա­ռի պտու­ղէ կամ բոյ­սէ ստա­ցուած ձէ­թ ըլ­լայ։ Ինչ­պէս նաեւ Քրիս­տո­սի արեան հա­մար նիւ­թը՝ գի­նին, ինչ գոյ­նի որ ըլ­լայ՝ ըն­դու­նե­լի է. թէ սեւ, թէ կար­միր եւ թէ սպի­տակ, որով­հե­տեւ պա­տա­րագն է որ զայն կը սր­բաց­նէ եւ Քրիս­տո­սի արիւն կը դառ­նայ»։­

Ա­հա­ւա­սիկ կուռ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի կը սոր­վեց­նէ՝ թէ խոր­հուր­դի մը նիւ­թին՝ աս­տուա­ծային շնորհ­ք եւ ոյ­ժ փո­խան­ցո­ղը՝ ըն­կե­րակ­ցող աղօթքն է եւ քա­հա­նա­յի օրհ­նու­թիւ­նը։

Միւ­ռո­նի նիւ­թին նմա­նու­թեամբ Շնոր­հա­լի օրի­նակ կը բե­րէ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին ըն­ծա­յա­բե­րուած գի­նին՝ որ պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նայի աղօթ­քով եւ Քրիս­տո­սի ար­տա­սա­նած խօս­քերն ար­տա­բե­րե­լով Քրիս­տո­սի արիւ­նը կը դառ­նայ։ Այս պա­րա­գային եւս յայտ­նի է, որ գո­յա­ցա­փո­խու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րո­ղը՝ նիւ­թին յատ­կա­նիշ­նե­րը չեն։ Գի­նին կր­նայ սեւ, կար­միր, սպի­տակ, քաղցր կամ դառ­նա­համ, պաղ կամ տաք, թանձր կամ նօսր, թունդ կամ ջրիկ ըլ­լալ, կա­րե­ւո­րը՝ գի­նի ըլ­լայ եւ այն սր­բա­գոր­ծուի աղօ­թա­մա­տոյ­ցի կար­գով։

Շ­նոր­հա­լի կը թա­փան­ցէ հար­ցե­րու խոր­քը եւ լու­ծում­նե­րը կը փնտ­ռէ էու­թեան մէջ, կեդ­րո­նա­նա­լով էա­կա­նին վրայ եւ ոչ թէ երե­ւոյթ­նե­րուն կամ երկ­րոր­դա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րուն, եւ Քրիս­տո­սի աղօթ­քը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար նպա­տա­կադ­րուած՝ ջանք չի խնայեր միաւո­րե­լու Քրիս­տո­սի մար­մի­նը՝ Եկե­ղե­ցին, առանց եր­բեք զո­հե­լու սե­փա­կան աւան­դու­թիւն­ներն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2023, 08:32