Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Գ Մաս

Հաղորդաշար (40) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

«Գ­րու­թեան մէջ ըսուած է նաեւ սր­բա­զան պատ­կեր­նե­րու մա­սին, թէ հայե­րը ամե­նե­ւին չեն ըն­դու­նիր։ Թէ այս խօս­քե­րուն մէջ ճշ­մար­տու­թիւն կայ՝ կր­նամ բա­ցա­յայ­տօ­րէն ցոյց տալ մեր եր­կու ազ­գե­րու մի­ջեւ եղած հա­կա­ռա­կու­թե­նէն»։ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի այս խօս­քե­րով կը սկ­սի պա­տաս­խա­նել յոյ­նե­րը յու­զող հին­գե­րորդ հար­ցին՝ ըն­դու­նե­լով որ իս­կա­պէս հայոց մէջ իր ժա­մա­նա­կ կային սուր­բե­րու պատ­կեր­նե­րը մեր­ժող­ներ։ Իսկ մո­լո­րած­նե­րը ուղ­ղու­թեան առաջ­նոր­դե­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ քաջ հո­վի­ւի վա­րուե­լա­կեր­պը՝ հե­տե­ւեալն է. յան­դի­մա­նու­թիւն՝ ան­տե­ղեակ­նե­րը սաս­տե­լու հա­մար, պա­տիժ՝ անուղ­ղա­նե­րուն, իսկ նզովք՝ ան­զեղջ յա­մառ­նե­րուն։

­«Այն­պի­սի­նե­րը ինծ­մէ յան­դի­մա­նու­թիւն կը ստա­նան, իսկ հայ­հոյել յանդգ­նող­նե­րը կը նզո­վեմ ալ, որ­վե­հե­տեւ ես՝ որ առաջ­նոր­դա­կան աս­տի­ճանն ու­նիմ՝ կ՚ըն­դու­նիմ եւ կ՚երկր­պա­գեմ մեր Փրկ­չի տնօ­րի­նա­կան պատ­կեր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ կը պա­տուեմ բո­լոր սուր­բե­րու պատ­կեր­նե­րը՝ իւ­րա­քան­չիւ­րին կար­գին հա­մե­մատ եւ մեր եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ եւ պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լու հան­դերձ­նե­րուն վրայ կը նկա­րենք։ Իսկ մե­րազ­նեայ տգէտ եւ տխ­մար­նե­րը որ չեն ըն­դու­նիր՝ կը պատ­ժեմ ու կը լռեց­նեմ»։

Յոյ­նե­րու այս հար­ցին շնոր­հիւ այ­սօր ու­նինք նաեւ այս հա­րուստ տե­ղե­կու­թիւ­նը պա­տա­րա­գի զգեստ­նե­րուն վրայ տնօ­րի­նա­կան պատ­կեր­ներ նկա­րե­լու սո­վո­րու­թեան մա­սին։

­«Այս եւս գրուած էր, թէ [հայե­րը] բո­լոր խա­չե­րը կը գա­մեն»։ Շնոր­հա­լի կը ստի­պուի յոյ­նե­րուն բա­ցատ­րել թէ միատարր կամ միաձոյլ նիւ­թէ շի­նուած խա­չե­րը հայե­րը չեն գա­մեր։ Իսկ եր­կու մա­սէ կազ­մուած­նե­րը՝ ամ­րաց­նե­լու նպա­տա­կով իրա­րու կը գա­մեն։ Աւար­տե­լով կ՚ը­սէ. «Դար­ձեալ, եթէ մէ­կը քա­րե­ղէն կամ եր­կա­թե­ղէն միակ­տոր խա­չե­րու մէջ գա­մեր տես­նէ՝ թող իմա­նայ որ այդ՝ տգէ­տի եւ հա­կա­ռա­կա­սէր մար­դու գործ է, եւ ես չեմ հրա­մա­յած»։

­Խա­չե­րու մա­սին խն­դիր մը եւս ներ­կա­յա­ցու­ցած են յոյ­նե­րը, որ տաս­նե­րորդ հարցն է, որու մա­սին Շնոր­հա­լի կը գրէ. «Դար­ձեալ, գրու­թեան մէջ կար նաեւ այս ծի­ծա­ղե­լի բա­նը՝ թէ [հայե­րը] իրենց բո­լոր խա­չե­րը ամէն տա­րի նո­րո­վի կը մկր­տեն եւ կ՚օրհ­նեն»։ Ու­շագ­րաւ է պա­տաս­խա­նը որ կու տայ, որով­հե­տեւ եթէ մինչեւ այժմ որոշ հար­ցեր տգի­տու­թեան ար­դիւնք կր­նային հա­մա­րուիլ, «Իսկ ասի ոչ գի­տուն­նե­րու ոչ ալ տգէտ­նե­րու ար­դիւնք է», կ՚ը­սէ, պար­զա­պէս ծի­ծա­ղե­լի որա­կե­լով զայն։ Եւ կը բա­ցատ­րէ թէ խաչ օրհ­նե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը եւ կար­գը հայերս առած ենք յոյ­նե­րէն եւ մեր նախ­նի­քը թարգ­մա­նել տուած են աղօթք­նե­րը, «եւ այժմ արե­ւել­քի հին մա­տեան­նե­րու մէջ կը գտ­նուին յու­նա­րէն գրու­թեամբ, ոչ աւե­լի եւ ոչ նուազ քան մե­րի­նը»։ Ապա Շնոր­հա­լի խա­չի օրհ­նու­թեան կար­գը կը նկա­րագ­րէ, որ մէկ ան­գամ կը կա­տա­րուի, ջու­րով եւ գի­նիով լուա­լէ ետք, ապա խա­չը արե­ւե­լեան կող­մը դնե­լով՝ բո­լո­րը կ՚երկր­պա­գեն։ Փա­րա­տե­լու հա­մար ամէն տա­րա­կոյս՝ Շնոր­հա­լի կը մէջ­բե­րէ Քրիս­տո­սի ուղ­ղուած աղօթքն ալ. «Ինչ­պէս առա­ջին խա­չին վրայ, ասոր մէջ միշտ բնա­կիր, եւ Քե­զի տա­ճար, աթոռ եւ զօ­րա­ւոր զէնք ըլ­լայ, այն­պէս որ ասոր առ­ջեւ կա­տա­րած մեր երկր­պա­գու­թիւ­նը ոչ թէ նիւ­թա­կան առար­կային՝ այլ միայն Քե­զի՝ անե­րե­ւոյթ Աս­տու­ծոյ ուղ­ղուած ըլ­լայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2023, 07:45