Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Գ Մաս
«Գրութեան մէջ ըսուած է նաեւ սրբազան պատկերներու մասին, թէ հայերը ամենեւին չեն ընդունիր։ Թէ այս խօսքերուն մէջ ճշմարտութիւն կայ՝ կրնամ բացայայտօրէն ցոյց տալ մեր երկու ազգերու միջեւ եղած հակառակութենէն»։ Ս. Ներսէս Շնորհալի այս խօսքերով կը սկսի պատասխանել յոյները յուզող հինգերորդ հարցին՝ ընդունելով որ իսկապէս հայոց մէջ իր ժամանակ կային սուրբերու պատկերները մերժողներ։ Իսկ մոլորածները ուղղութեան առաջնորդելու դիտաւորութեամբ քաջ հովիւի վարուելակերպը՝ հետեւեալն է. յանդիմանութիւն՝ անտեղեակները սաստելու համար, պատիժ՝ անուղղաներուն, իսկ նզովք՝ անզեղջ յամառներուն։
«Այնպիսիները ինծմէ յանդիմանութիւն կը ստանան, իսկ հայհոյել յանդգնողները կը նզովեմ ալ, որվեհետեւ ես՝ որ առաջնորդական աստիճանն ունիմ՝ կ՚ընդունիմ եւ կ՚երկրպագեմ մեր Փրկչի տնօրինական պատկերներուն, ինչպէս նաեւ կը պատուեմ բոլոր սուրբերու պատկերները՝ իւրաքանչիւրին կարգին համեմատ եւ մեր եկեղեցիներուն մէջ եւ պատարագ մատուցանելու հանդերձներուն վրայ կը նկարենք։ Իսկ մերազնեայ տգէտ եւ տխմարները որ չեն ընդունիր՝ կը պատժեմ ու կը լռեցնեմ»։
Յոյներու այս հարցին շնորհիւ այսօր ունինք նաեւ այս հարուստ տեղեկութիւնը պատարագի զգեստներուն վրայ տնօրինական պատկերներ նկարելու սովորութեան մասին։
«Այս եւս գրուած էր, թէ [հայերը] բոլոր խաչերը կը գամեն»։ Շնորհալի կը ստիպուի յոյներուն բացատրել թէ միատարր կամ միաձոյլ նիւթէ շինուած խաչերը հայերը չեն գամեր։ Իսկ երկու մասէ կազմուածները՝ ամրացնելու նպատակով իրարու կը գամեն։ Աւարտելով կ՚ըսէ. «Դարձեալ, եթէ մէկը քարեղէն կամ երկաթեղէն միակտոր խաչերու մէջ գամեր տեսնէ՝ թող իմանայ որ այդ՝ տգէտի եւ հակառակասէր մարդու գործ է, եւ ես չեմ հրամայած»։
Խաչերու մասին խնդիր մը եւս ներկայացուցած են յոյները, որ տասներորդ հարցն է, որու մասին Շնորհալի կը գրէ. «Դարձեալ, գրութեան մէջ կար նաեւ այս ծիծաղելի բանը՝ թէ [հայերը] իրենց բոլոր խաչերը ամէն տարի նորովի կը մկրտեն եւ կ՚օրհնեն»։ Ուշագրաւ է պատասխանը որ կու տայ, որովհետեւ եթէ մինչեւ այժմ որոշ հարցեր տգիտութեան արդիւնք կրնային համարուիլ, «Իսկ ասի ոչ գիտուններու ոչ ալ տգէտներու արդիւնք է», կ՚ըսէ, պարզապէս ծիծաղելի որակելով զայն։ Եւ կը բացատրէ թէ խաչ օրհնելու սովորութիւնը եւ կարգը հայերս առած ենք յոյներէն եւ մեր նախնիքը թարգմանել տուած են աղօթքները, «եւ այժմ արեւելքի հին մատեաններու մէջ կը գտնուին յունարէն գրութեամբ, ոչ աւելի եւ ոչ նուազ քան մերինը»։ Ապա Շնորհալի խաչի օրհնութեան կարգը կը նկարագրէ, որ մէկ անգամ կը կատարուի, ջուրով եւ գինիով լուալէ ետք, ապա խաչը արեւելեան կողմը դնելով՝ բոլորը կ՚երկրպագեն։ Փարատելու համար ամէն տարակոյս՝ Շնորհալի կը մէջբերէ Քրիստոսի ուղղուած աղօթքն ալ. «Ինչպէս առաջին խաչին վրայ, ասոր մէջ միշտ բնակիր, եւ Քեզի տաճար, աթոռ եւ զօրաւոր զէնք ըլլայ, այնպէս որ ասոր առջեւ կատարած մեր երկրպագութիւնը ոչ թէ նիւթական առարկային՝ այլ միայն Քեզի՝ աներեւոյթ Աստուծոյ ուղղուած ըլլայ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ