Հալէպի մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ժողովրդապետութեան մէջ Հալէպի մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ժողովրդապետութեան մէջ 

Սուրիոյ մէջ անվերջանալի ճգնաժամ, բայց եկեղեցին երկխօսութեան եւ եղբայրսիրութեան վկան է

Հալէպի մէջ Քաղդէացիներուն պատրիարք, գերապայծառ Անթուան Աուտօ, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ տխուր իրավիճակի մասին, ուր 13 տարի պատերազմէն, համաճարակի ճգնաժամէն եւ երկրաշարժէն ետք Սուրիոյ ժողովուրդը կը շարունակէ տառապիլ տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական այլ հարցերու պատճառով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Սուրիոյ մէջ գրեթէ 13 տարիներ ետք պատերազմը երբեք վերջ չգտաւ ,որմէ վերջ, Քորոնա համաճարակն ու ընթացիկ տարուան փետրուար ամսոյն տեղի ունեցած երկրաշարժը։ Սուրիան եւ Հալէպը կ՝ապրին անծայրածիր ողբերգութեան մէջ, մէկ քիլօ միսը կ՝արժէ գործաւորի մը մէկ ամսականը ու երիտասարդներն ու քրիստոնեաները գաղթի ճամբան բռնած են ինչ, որ մեծ տխրութիւն կը պատճառէ ու չնայած այս բոլոր բաներուն, Սուրիոյ մէջ կը տիրէ զօրակցութեան հոգին եւ այս գծով եկեղեցին ունեցաւ արտասովոր իսկական մեծ դեր», այս մասին «Վատիկան Նիւզ»ին յայտնեց Հալէպի մէջ քաղդէացիներուն պատրիարք, գերապայծառ Անթուան Աուտօ։

Եկեղեցին ինչպէ՞ս կը զօրակցի Սուրիոյ ժողովուրդին

Գերապայծառ Աուտօ անդրադարձաւ, թէ ինչպէս եկեղեցին օգտակար կը դառնայ ժողովուրդին նշելով, որ Եկեղեցին յատուկէն դեղորայք կը բաշխէ ու ունի կոմիտէ մը, որ կը վճարէ հիւանդանոցներուն մէջ կատարուած գործողութիւններուն ծախսերը, յատուկէն բարձր գին ունեցող սիրտի գործողութիւններու ծախսերը։ Սուրիոյ մէջ եկեղեցին կ՝օգնէ ընտանիքներուն, որպէսզի կարենան դպրոցական ծախսերը վճարել ինչպէս նաեւ կառուցել երկրաշարժէն փլած իրենց բնակարանները։

Սուրիոյ պատերազմը փոխադրուեցաւ Ուքրանիա, ապա Կազա եւ Իսրաէլ

Գերապայծառ Աուտօ խօսելով աշխարհի մէջ բռնկուած պատերազմներու մասին նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ պատերազմը փոխադրուեցաւ Ուքրանիա ու այժմ Կազա եւ Իսրայէլ դիտել տալով, որ սա միջազգային ճգնաժամ է եւ Սուրիան կը գտնուի այդ շահերուն ներքեւ եւ պատերազմներուն վերջ դնելու համար անհրաժեշտ է երկխօսութեան լուրջ եւ անկեղծ որոշում առնելը։

Անդրադառնալով այն իրողութեան որ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները պատերազմի պատճառաւ այլ երկիրներ գաղթելով՝ ինչպէս Գանատա, լիբանան եւ այլ երկիրներ Սուրիոյ մէջ ոչ մէկ քրիստոնեայ պիտի մնայ, Քաղդէացիներու պատրիարքը նշեց որ չնայած այդ բոլոր հեռացումներուն, միշտ պիտի մնայ հաւատքի փոքրամասնութիւն մը, «փոքր մնացորդացը» ինչպէս կ՝ըսէ Աստուածաշունչը։ Անոնք հոս կը մնան եւ ով գիտէ ինչ պիտի ըլլայ։

Յիսնակացի շրջանին գերապայծառին մաղթանքները Սուրիոյ քրիստոնեաներուն

Գերապայծառ Աուտօ կոչ յղեց քրիստոնեաներուն վերագտնելու քրիստոնեայ ըլլալու ուրախութիւնը, Աստուծոյ կողմէ սիրուած, փրկուած ըլլալու ուրախութիւնը ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ  ուրիշները յարգելու ուրախութիւնը ու դառնալ բոլորը հիւրընկալող ժողովուրդ մը։

«Մեր Արաբ եւ Քրիստոնեայ աշխարհը կարիքը ունի այս Աստուծոյ ուրախութեան, որ կարելի է մեր մարդկութեան մէջ», ըսաւ Քաղդէացիներու պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2023, 07:41