2023.12.14   Aram I visita il Patriarca Minassian

Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ

Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ընթացքին Արամ Ա. վեհափառը նախ իր շնորհաւորանքները փոխանցեց հոգեւոր տիրոջ քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին առիթով` վերյիշելով իրենց անցեալի յուշերը եւ առաջին հանդիպումը (Լոս Անճելըս, 1995), ապա իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար:
Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, ընկերակցութեամբ Գերշ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի, Գերշ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եղբայրական ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, ներկայութեամբ Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ Գերպծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի, Ամանի եւ Երուսաղէմի էքզարք Գերպծ. Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նաամոյեանի, Լրատուական գրասենեակի պատասխանատու, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի ժողովրդապետ Դոկտ. Գերյ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանի, Գերյ. Նարեկ Ծ.Վ. Մնոյեանի, Հայր Արամ Վ. Աբրահամեանի, Հայր Կարապետ Վ. Գլընճեանի, Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի եւ Հայ Կաթողիկէ լրատուական գրասենեակի գործակիցներուն։

Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ընթացքին Արամ Ա. Վեհափառը նախ իր շնորհաւորանքները փոխանցեց Հոգեւոր Տիրոջ քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին առիթով՝ վերյիշելով իրենց անցեալի յուշերը եւ առաջին հանդիպումը (Լոս Անճելըս, 1995), ապա իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։

Իր կարգին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսք առաւ եւ ողջունեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ անոր շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորական խօսքերուն համար՝ շեշտելով երկու քոյր Եկեղեցիներուն սերտ կապերու անրաժեշտութիւնն ու զանոնք աւելի եւս ամրապնդելու միջոցները։

Ապա, երկու Հոգեւոր Պետերը քննարկեցին հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր, անդրադառնալով յատկապէս լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային տագնապներուն, շրջանային ծանր իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ու միջ-համայնքային գործակցութեան առնչուած հարցերուն։ Անոնք ընդգծեցին ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, համախմբուելով մեր ազգը ու հայրենիքը միացնող արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ:

Աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ Վեհափառ Հայրապետը սրտագին բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի տօներուն առիթով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2023, 08:36