2023.12.06 Maria e Giuseppe verso Betlemme - Albania

Յիսնակ` Հոգեւոր Խոկումի Եղանակ. Վեր. Դիկտ. Վահան Յ. . Թութիկեան

Յիսնակի այս զուարթ եղանակին երփներանգ լոյսերով, արծաթաշող ու ոսկեփայլ զարդերով, եւ արուեստական ճիւղերու կամ ծաղիկներու կամարներով նորէն պճնուած են քաղաքներու մեծ պողոտաները: Խանութներ ու վաճառատուներ իրենց ցուցափեղկերը զարդարեր են գունագեղ առարկաներու, բազմատեսակ ապրանքներու ճոխութեամբ, հրապուրելու համար անցորդները՝ տօնական օրերու ընթացիկ առեւտուրի:

Յիսնակը Ս. Ծննդեան նախորդող քանի մը շաբաթներու խոկումի եւ հոգեւոր պատրաստութեան շրջանն է: Ասիկա սպասումի եւ յոյսի եղանակն է, երբ քրիստոնեաներ անձկութեամբ կը պատրաստուին տօնելու իրենց Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսի, Ս. Ծննդեան տարեդարձը:

Յիսնակի այս զուարթ եղանակին երփներանգ լոյսերով, արծաթաշող ու ոսկեփայլ զարդերով, եւ արուեստական ճիւղերու կամ ծաղիկներու կամարներով նորէն պճնուած են քաղաքներու մեծ պողոտաները: Խանութներ ու վաճառատուներ իրենց ցուցափեղկերը զարդարեր են գունագեղ առարկաներու, բազմատեսակ ապրանքներու ճոխութեամբ, հրապուրելու համար անցորդները՝ տօնական օրերու ընթացիկ առեւտուրի:

Երբ մարդիկ կը պատրաստուին տօնախմբելու Բեթլեհէմի մսուրին մէջ խանձարուրուած Յիսուս Մանուկին ծնունդը, կը թուի թէ, Անոր անձին գալուստէն աւելի կ’ողջունեն այն խորհուրդը, կարօտներն ու խոստումները, որոնք մարմնաւորուած են Քրիստոսի անունին եւ հռչակած ճշմարտութեան մէջ:

Որչա՜փ դառն ու տխուր իրականութիւն է, որ գնումներու աճապարանքին մէջ մխրճուած եւ աշխարհիկ խրախճանքներով կլանուած՝ շատեր յաճախ կը մոռնան թէ իրօք որո՛ւն ծննդեան տօնն է որ կը պատրաստուին ոգեկոչելու: Նոյնչափ տխուր եւ ցաւալի է նկատել, որ նոյնիսկ սրտառուչ պաշտամունքներով Յիսուսի մօտալուտ Ծննդեան տօնը շեփորող բազմութիւններէն շատեր չեն ապրիր Անոր բերած նոր կեանքին վսեմ սկզբունքները:

Այս խոկումի եւ սպասումի եղանակը մեզի կը պատգամէ թէ՝ Յիսուս Քրիստոս երկինքի փառքը թողելով մարմնացաւ եւ մարդացաւ մեղապարտ մարդկութիւնը փրկելու համար: Բարձրեալն Աստուած խոնարհեցաւ եւ մինչեւ երկիր եկաւ, որպէս զի մարդ արարածը երկրէն մինչեւ երկինք բարձրացնէ: Ասիկա Շարականերգուին խօսքով «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մըն է», որովհետեւ դժուար է երեւակայել եւ լիովին հասկնալ թէ՝ ինչպէս Տիեզերքի Արարիչը մարմնացաւ մարդու մէջ, որպէս զի բարձրացնէ մարդը իր մեղանչական կեանքէն դէպի աստուածային կեանքի բարձր մակարդակին: Ա՛յդ էր որ Յիսուս ըրաւ իր հրաշափառ Ծնունդով, իր աննման կեանքով, իր մահուամբ եւ յարութեամբ: Ամէն անոնք, որոնք կ’ընդունին զինք իբրեւ Փրկիչ, «Աստուծոյ որդիները կ’ըլլան ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով» (3ովհաննու 1.13): Ա՛յս է Յիսնակի եւ Ս.  Ծննդեան պատգամը:

Բոլոր անոնք որոնք կը գանգատին, թէ երկու հազար տարիէ ի վեր Քրիստոս չէ կրցած մարդիկ մեղքէ ազատել, գիտնալու են թէ Ան կրցած է փրկել բոլոր անոնք, որոնք ընդունած են զինք իբրեւ իրենց կեանքի Տէր եւ Փրկիչ: Իսկ անոնք, որոնք զինք չեն ընդունած տակաւին իրենց մեղքի ճիրաններուն եւ խաւարին մէջ են:

Յովհաննէս Առաքեալը կը վկայէ, թէ Քրիստոս է «Ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով կը լուսաւորէ մարդկութիւնը» (Յովհ. 1.9): Քրիստոս տակաւին կը շարունակէ աշխարհի լոյսն ու յոյսը ըլլալ, բոլոր անոնց համար որ պատրաստակամ են խաւարէն՝ Լոյսին դառնալու:

Որչա՜փ երանելի պիտի ըլլար որ Յիսնակի այս եղանակին մարդիկ ընկալուչ սրտերով պատրաստուէին դիմաւորելու մանկացեալ Յիսուս Փրկիչը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2023, 08:29