Cop28, Կրօնական առաջնորդներու միասին գործելու կոչը՝ յանուն Երկրի վրայ բովանդակ կեանքին
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Յանձնառութիւն եւ յոյս. Կրօնական առաջնորդներու Հռչակագիրը՝ Տուպայի մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ ընթացող ՄԱԿի կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած COP28 Համաժողովի ծիրէն ներս, կը նախանշէ այս երկու զուգահեռ ուղիները։
Փաստաթուղթին մէջ, որ կը կրէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը, կը վերահաստատուի բոլորի միասնութիւնը, համատեղ պատասխանատուութիւնը ու եղբայրութիւնը՝ գործելու յանուն երկրագունդի ջերմաստիճանը մինչեւ 2030 թուականը 1,5 աստիճանով իջեցնելու նպատակի, ինչպէս նաև ի նպաստ կլիմայի փոփոխութենէ տուժած համայնքներուն աջակցութեան՝ առանց որեւէ մէկը անտեսելու ու ետեւ ձգելու։
Տարբեր դաւանանքներու եւ աւանդոյթներու ներկայացուցիչները՝ ի հետեւութիւն գիտնականներու, կրօնագէտներու, կանանց կազմակերպութիւններու, երիտասարդութեան, քաղաքացիական հասարակութեան, ձեռնարկատիրութիւններու պատասխանատուներու եւ բնապահպանական քաղաքականութեան մշակողներու հետ երկխօսութեան, կը ճանչնան կլիմայի փոփոխութեան, գաղթականութեան ու հակամարտութիւններու միջեւ կապը, միաժամանակ գիտակցելով հաւատացեալ անձերու՝ «որպէս բնապահպանական խաղաղութեան կերտողներու» զօրութենական դերը։
Գործել հրատապ կերպով
Փաստաթուղթը կը պահանջէ հրատապ արձագանքել՝ արագացնելու ուժանիւթային անցումը՝ «հաւասարութեան եւ արդարութեան» երաշխաւորմամբ, եւ կը հրաւիրէ բոլորին որդեգրել «բնութեան հետ ներդաշնակ հաւասարակշռուած եւ արժանապատիւ» կեանքով ապրելու ձեւաչափ։ Ասկէ մեկնելով է, որ կոչ կ’ուղղուի ընկերութիւններուն հանածոյ վառելիքէն անցնելու մաքուր ուժանիւթի աղբիւրներու, մինչ կառավարութիւնները կը հրաւիրուին խթանելու կայուն գիւղատնտեսութիւն՝ պարենային անվտանգութեան եւ բնապահպանական համակարգերու պաշտպանութեան ապահովման լիարժէք երաշխիքով։
Յանուն երկրի հետ ներդաշնակ ըլլալու ապագայի
Կրօնական առաջնորդները կը պարտաւորուին նաեւ փոխել սպառման ձեւերը եւ բարձրացնել իրենց ձայնը՝ ի պաշտպանութիւն կենսաբազմազանութեան եւ վայրի կենդանական աշխարհի պահպանման, ինչպէս նաեւ «բնիկ ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ իրաւունքներու աջակցութեան»:
«Մինչ կանգնած ենք պատմութեան եզերքին՝ մարտահրաւէրներու ծանրութեան իմաստով, գիտակից ենք, թէ ինչ ժառանգութիւն կը թողունք եկող սերունդներուն: Թախանձագին կ’աղերսենք COP28ին մասնակցող բոլոր որոշում կայացնողներուն՝ որ օգտուին այս պահէն եւ գործեն հրատապ կերպով՝ համատեղ գործողութիւններու եւ խոր պատասխանատուութեամբ վիժակ հիւսելով», որպէսզի, «բուժենք մեր վիրաւոր աշխարհը ու պահպանենք մեր հասարակաց տան գեղեցկութիւնը», յետագայ սերունդներուն վերադարձնելով յոյսը եւ «սկիզբ տալու դէպի տոկունութեան, ներդաշնակութեան եւ ծաղկումի ապագայ այս ուղեւորութեան՝ Երկրի վրայ բովանդակ կեանքին համար»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ