Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Դ Մաս
«Երեք սրբասացութեան համար գրուած էր որ մենք խաչեցար կ՚ըսենք»։
Ս. Ներսէս Շնորհալի այս խօսքերով կը ներկայացնէ յոյները յուզող եօթներորդ հարցը, որ երեքսրբեան օրհնաբանութեան մասին է։ Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ անմահ աղօթքով՝ քրիստոնեաները կը միանան սերովբէներու երգին՝ փառաբանելու համար ամենակալ Արարիչը։ Յոյները ամենասուրբ Երրորդութեան կ՚ուղղէին այս երգը, եւ հետեւաբար համոզուած էին որ հայերը՝ երբ անմիջապէս կը շարունակեն՝ «որ խաչեցար վասն մեր» երգել՝ ոչ միայն գայթակղութիւն կը պատճառեն, այլ սարսափելի հայհոյութիւն կը կատարեն։
Ս. Ներսէս Շնորհալի հետեւեալ յստակ բացատրութիւնը կու տայ. «եթէ մենք այս սրբասացութիւնը ի դէմս Երրորդութեան երգէինք՝ ինչպէս դուք, չար եւ յետին մոլորութիւն կ՚ըլլար ըսել՝ որ խաչեցար։ Բայց քանի որ մէկ անձին՝ Որդիին կ՚ուղղենք այս խօսքերը, անոր համար իր գործած մեծագոյն երախտիքը իր առջեւը կը դնենք, ըսելով. "Աստուած, եւ հզօր, եւ անմահ, որ մարմինով խաչուեցար մեզի համար, ողորմէ՛ մեզի"»։ Մէկ խօսքով՝ անգամ մը եւս թիւրիմացութեան արդիւնք էր մտածել, որ հայերը ամենասուրբ Երրորդութեան անձերուն կ՚ուղղէին "որ մեզի համար խաչուեցար" բացատրութիւնը։ Արդարեւ, երբ Ժամերգութիւններու ընթացքին երեքսրբեանը կ՚երգուի՝ միայն Քրիստոսի ուղղուած է, այնքան որ անմիջապէս յետոյ Աստուածամօր միջնորդութիւնը կը խնդրենք, ըսելով. Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ սուրբ կոյս Աստուածածին Մարիամ, մայր Քրիստոսի, քու Որդիիդ եւ մեր Աստուծոյ ներկայացուր մեր աղաչանքը։
Շնորհալի յոյներուն տեղեկութիւն մը եւս կու տայ, կարծէք կանխելու համար յաւելեալ հարցադրումներ կամ կանխակալ թիւր կարծիքներ հայոց դաւանանքի մասին։ Կը գրէ. «Այլ թէեւ այստեղ սրբասացութիւնները ի դէմս Որդիին կը կատարենք, բայց սուրբ պատարագի ընթացքին, սերովբէներու այս երգը՝ երեք անձնաւորութիւններուն կ՚երգենք», նկատի ունենալով պատարագի ընթացքին երգուած «Սուրբ սուրբը»։
Այս խնդիրը լուսաբանելէ ետք եւս, Շնորհալի կ՚եզրակացնէ նշելով թէ եկեղեցական հարցերու քննարկման երկխօսութիւններու ծիրէն ներս իւրաքանչիւրի տրամադրութեան եւ դիտաւորութեան առաջնային մղիչ ոյժը եւ վերջնանպատակը ոչ թէ համահարթեցումը՝ այլ հոգիներու միութիւնը եւ հակառակութիւններու վերացումը պէտք է ըլլայ, մէկ խօսքով սիրոյ գերակայութիւնը։
«Հետեւաբար, թէ մէկը ի դէմս Երրորդութեան ըսէ, ինչպէս դուք, թէ ի դէմս Որդիին միայն, ինչպէս մենք, երկուքն ալ հաճելի կ՚ըլլան Աստուծոյ երբ առանց հակառակութեան կատարուին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ