Burning street barricades force people to take shelter, in Port-au-Prince

Port-au-Prince ի մէջ առեւանգուած են 6 կրօնաւորուհիներ

Զինեալ մարդիկ ներխուժած են կրօնաւորուհիները փոխադրող փոխադրակառքի մը վրայ ու զանոնք պատանդ առած են միւս ճամբորդներուն հետ։

Վատիկան Նիուզ - հայկական Բաժանմունք

Հայիթի կղզիի մայրաքաղաքը ցնցուած է աճող բռնութեան բերումով եւ տեղական աղբիւրներու համաձայն Սրբուհի Աննա միաբանութեան անդամ 6 կրօնաւորուհիներ առեւանգուեցան փոխադրակառքի մէջ գտնուող միւս ճամբորդներուն հետ միասին, զինեալ խմբակի մը կողմէ։ Արարքը պատահեցաւ ուրբաթ 19 Յունուարին։

Anse-à-Veau-Miragoâne թեմին եպիսկոպոս Գերապայծառ Փիէր Անտրէ Տիւմա, լուրը հաստատելով դատապարտած է արարքը զայն նկատելով «ատելի ու բարբարոսական, որ չի յարգեր նոյնիսկ նուիրեալ այդ կիներուն արժանապատւութիւնը, որոնք բոլոր սրտով նուիրուած են Աստուծոյ, դաստիարակելու ու կազմաւորելու երիտասարդները, աւելիով աղքատներն ու ընկերութեան դիւրաբեկները»։ Ան ապա պահանջած է բոլոր պատանդներու ազատ արձակումը եւ այս «ոճրային արարքներուն աւարտը»։

Գերապայծառ Տիւմա հուսկ հայիթեան ընկերութիւնը հրաւիրած է զօրակցութեան ցանց մը կազմելու երաշխաւորելու համար առեւանգուածներուն տունդարձը իր անձը նուիրելով փոխան բոլոր պատանդներուն։

Հայիթին ժամանակէ ի վեր կ՛ապրի լարուածութեան պահեր, եւ համայն երկրին մէջ կը կազմակերպուին անապահովութեան դէմ ցոյցեր ու բնակչութիւնը ականատես է իրար հակառակ խմբաւորումներու բուռն հակամարտութիւններուն։ Հակակառավարական ցոյցեր կը պահանջեն Վարչապետին հրաժարականը` զայն քննադատելով «անշարժութեան» համար։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2024, 09:32