2021.04.24 Santa Messa in memoria della 106ma ricorrenza del genocidio del popolo armeno - Pontificio Collegio Armeno, Roma

Եկեղեցական գիտելիքներ 7_րդ Շաբաթ Յիսնակաց (31 դեկտեմբեր 2023_ 7 Յունուար 2024)

Այս շաբթուայ ընթացքին` վերջապէս կը փակենք Յիսնակաց շրջանը եւ կը մտնենք Յայտնութեան շրջանին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի  31 դեկտեմբեր, Է. Օրն է Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան:   2023 տարւոյն վերջին օրն է: 

Հրաժեշտ առնենք հին տարիէն,  շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ իր պարգեւած օրերուն համար, ու  հաւատքով և յոյսով դիմաւորենք Նոր տարին.մաղթելով որ 2024_ը ըլլայ ''բարեբեր տարի մը. Խաղաղութիւն տիրէ ամէն տեղ նաև մեր սրտերուն մէջ'':

Երկուշաբթի մէկ Յունուար 2024` կաղանդ է, նոր Տարուան առաջին օրը:  Քրիստոսի Տնօրէնութեան եւ անուան տօնն է. Արդարև , ծնունդէն ութը օր վերջ,  ըստ Ղուկասի զեկուցումին, Քրիստոս կը թլփատուի եւ իրեն կը տրուի Յիսուս անունը. 

Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։

Մէկ Յունուարը, նաեւ՝ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։

Հայ Եկեղեցին,  յաւարտ Ս.  Պատարագին կը կատարուի կարգ մաղթանացը վասն Հայրապետին: 

Երեքշաբթի 2 Յունուարէն մինչեւ 5 պահոց օրեր են.

Ուրբաթ 5 Յունուար,  Ճրագալոյց է Յայտնութեան տօնին։ Այդ օրուան աւետարանը մեզի կը խօսի Պետրոս առաքեալի գլխաւորութեան մասին. Քրիստոս կ՛ըսէ իրեն. Դուն ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի հաստատեմ իմ եկեղեցիս. Շնորհիւ իր հաւատոյ դաւանութեան, Պետրոս կը կարգուի գլուխը առաքեալներուն։

Շաբաթ  6 Յունուար`  Աստուածայայտնութեան տօնն է, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` կու գան Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրոդը` խունկ եւ երրորդը` զմուրս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմրսէին։

Յատնութեան տօնին օրը նաեւ կը տօնուի Յիսուսի Մկրտութիւնը։ Սովորութիւն կայ , Յայտնութեան տօնին օրը,  հայկական եկեղեցիներուն մէջ` կատարելու նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ ապա` մկրտութիւն Քրիստոսի, Սուրբ Խաչը դնելով մեռոնով օրհնուած ջուրին մէջ։ Ժողովուրդի մէջէն ընտրուած փոքրիկ մը կը ներկայացնէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։

Յովհաննէս Յիսուսի հեռաւոր զարմիկն է. Յովհաննէսի մայրը` Եղիսաբեթ, եւ Յիսուսի մայրը` Մարիամ, ըստ աւետարանին, զարմուհիներ են։ Մարիամ երբ իմացաւ թէ Եղիսաբեթ վեց ամսուայ յղի էր, անմիջապէս ճամբայ ելաւ եւ գնաց իրեն օգտակար դառնալու։ Երբ իրար հանդիպեցան, Եղիսաբեթի որովայնին մէջ` խայտաց իր մանուկը, եւ այն ատեն հասկցաւ որ Մարիամու արգանդին մէջ գտնուող մանուկը Մեսիան էր, փրկիչը աշխարհի։

Յովհաննէս երբ հասուն տարիքի հասաւ, թողուց ամէն ինչ եւ գնաց անապատ. հոն բաւական ճգնելէ ետք` սկսաւ քարոզել ապաշխարութիւն, պատրաստելու համար ժողովուրդը Տիրոջ գալստեան. Ապաշխարանքէն ետք, որպէսզի անոնք մաքրուէին իրենց մեղքերէն, Յովհաննէս սկսաւ ջուրով մկրտել զիրենք, Յորդանան գետին մէջ։

Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսի, մեր 5 մեծ տօներէն մին է, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։

Կիրակի 7 Յունուար` ըստ հայկական սովորութեան` մեռելոց օր է եւ յիշատակութիւն կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն։ Արեւելքի մէջ` մեր վարդապետները կը կատարեն նաեւ գերեզմանօրհնէք եւ այդ օրը բոլորովին կը նուիրուի համայն հանգուցեալ հոգիներուն։ 

Կիրակի օր է նաեւ Յայտնութեան Ա. Կիրակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2024, 08:27