Արամ Ա. Վեհափառի ներկայացուցիչը հանդիպեցաւ Կարդինալ Քոխին հետ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Վատիկանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ՝ Քուրթ Քոխ Կարտինալին հետ եւ քննարկեց միջ-եկեղեցական շարժումին կապուած ընդհանուր հարցեր։
Ապա, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութիւններուն վրայ, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Կաթողիկէ եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիք աստուածաբանական երկխօսութիւնը, որուն նախաձեռնութեան մէջ բանալի դերակատարութիւն ունեցած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։
Նարեկ Արքեպիսկոպոս նաեւ ներկայացուց 2023-ի Դեկտեմբերին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած միջ-եկեղեցական շփումներուն սեղմ պատկերը։
Կարտինալը յիշեց իր Անթիլիաս կատարած զանազան այցելութիւններն ու Վեհափառ Հայրապետին հետ ունեցած հանդիպումները, եւ լուսարձակի տակ բերաւ Նորին Սրբութեան երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններու վաստակը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ