2024.01.22   Mons Nareg Alemezian (Chiesa armeno apostolica) incontro il Cardina Koch

Արամ Ա. Վեհափառի ներկայացուցիչը հանդիպեցաւ Կարդինալ Քոխին հետ

Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութիւններուն վրայ, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Կաթողիկէ եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիք աստուածաբանական երկխօսութիւնը, որուն նախաձեռնութեան մէջ բանալի դերակատարութիւն ունեցած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Վատիկանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ՝ Քուրթ Քոխ Կարտինալին հետ եւ քննարկեց միջ-եկեղեցական շարժումին կապուած ընդհանուր հարցեր։

Ապա, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութիւններուն վրայ, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Կաթողիկէ եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիք աստուածաբանական երկխօսութիւնը, որուն նախաձեռնութեան մէջ բանալի դերակատարութիւն ունեցած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

Նարեկ Արքեպիսկոպոս նաեւ ներկայացուց 2023-ի Դեկտեմբերին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած միջ-եկեղեցական շփումներուն սեղմ պատկերը։

Կարտինալը յիշեց իր Անթիլիաս կատարած զանազան այցելութիւններն ու Վեհափառ Հայրապետին հետ ունեցած հանդիպումները, եւ լուսարձակի տակ բերաւ Նորին Սրբութեան երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններու վաստակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2024, 07:30