Կայացաւ Հայր Էլիաս Խայյաթի “Sur les sentiers de Dieu” գիրքին շնորհահանդէսն ու գինեձօնը
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 85-ամեակին առիթով մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 30 Յունուար 2024-ին վարժարանի Ֆարաճեան հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զմմառու միաբանութեան անդամ Հայր Էլիաս Խայյաթ-Հայր Եղիա Դերձակեանի “Sur les sentiers de Dieu” (Աստուծոյ ճանապարհներուն վրայ) ֆրանսերէն նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը եւ գինեձօնը, նախագահութեամբ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ եւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքապատկան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ. վարդապետ Մուրատեանի:
Ներկայ էին Մեսրոպեանի անձնակազմի անդամներ գլխաւորութեամբ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի, վարժարանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ Հայր Սահակ Քէշիշեան, Տէր Ռաֆայէլ Ժաուհարժի եւ բարձր կարգի դասարաններու աշակերտներ:
Գիրքին ներկայացումը կատարեց Մեսրոպեանի երկրորդական բաժանմունքի պատասխանատու տիկին Հասնա Ապու Էլիաս, վեր բերելով այնտեղ արծարծուած գլխաւոր գաղափարները՝ հեղինակի փոխանցած փորձառութիւններուն եւ մտորումներուն լոյսին տակ:
Տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ներկայացուց Հայր Դերձակեանի կենսագրութիւնը, անոր իսկ գրառումներուն հիմքին վրայ: «Ինքնութեամբ՝ հայ, ծագումով՝ մշեցի, ծնունդով՝ լիբանանցի, պատկանելիութեամբ՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյն, անդամակցութեամբ՝ Զմմառու Արծիւեան պատրիարքական միաբանութեան». այսպէս է, որ Հայր Եղիա կը բնորոշէ ինքզինք, նախ եւ առաջ: Հեղինակը ձեռնադրեալ քահանայ է 32 տարիներէ ի վեր, աւարտած է հինգ համալսարաններ, մասնագիտացած է տեղեկատուական գիտութիւններու, փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ, ծառայած է ութ տարբեր երկիրներու մէջ եւ ներկայիս կը պատրաստուի նոր առաքելութեան:
Պարոն Կրէկուար Գալուստ Հայր Եղիան բնորոշեց որպէս պարզագոյն եւ համեստագոյն, բայց նաեւ անկոտրում կամքի տէր անձ եւ հոգեւորական, որ մեծագոյն հաւատքով եւ նուիրուածութեամբ կատարած է իր ուսերուն դրուած բոլոր պարտականութիւնները: Ան վերյիշեց հայրենի Ջաւախքի մէջ Հայր Եղիայի կազմակերպած՝ 1150 երիտասարդներու մասնակցութեամբ հաւաքը եւ տեղւոյն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ անոր մատուցած Սուրբ Պատարագը, որուն մասնակցելու բախտը վիճակուած էր իրեն, եւ որ անջնջելի տպաւորութիւն ձգած է իր վրայ: Պարոն Գալուստ Հայր Եղիային մաղթեց ամենայն բարիք եւ կորով՝ իր ծառայութեան ճամբաներուն վրայ:
Ապա խօսք առաւ հեղինակը: Հայր Եղիա նախ պատկերաշարի մը ձեւով վկայութիւններ տուաւ իր կեանքին ընթացքին դժուարին պայմաններու մէջ անծանօթ մարդոց կողմէ ստացած բարիքներուն ու բարի խորհուրդներուն մասին, յաճախ՝ շատ պատահական եւ անսպասելի, որոնք իր հոգին լիացուցած ու հարստացուցած են շնորհակալութեան ապրումով եւ բարիքը բարիքով փոխադարձելու հաւատամքով: «Այսպիսի ճանապարհներ անպայման կը տանին Քրիստոսին, որ է միակ Ճանապարհը, որ երկինք կը տանի», ըսաւ ան եւ աւելցուց. Այս ճանապարհին վրայ քալողները չեն կորսուիր, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է: Այս Աստուածը անդադար մեզի համար կ՛աղօթէ, կ՛օրհնէ, կը պաշտպանէ, կը բուժէ, կ՛առողջացնէ, կը յաջողցնէ, կը կենդանացնէ, կը սրբացնէ եւ կ՛աստուածացնէ: Ասոր համար է, որ գրեցի այս գիրքը, որ ամբողջացնողն է նախորդ գիրքիս, պարզապէս վկայելու համար սիրեցեալ Քրիստոսը, որ մեզ որսալէն յետոյ կը դարձնէ մարդոց որսորդներ՝ յաւիտենական կեանքի համար եւ ոչ՝ մահուան, եզրափակեց Հայր Եղիա:
Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ. վարդապետ Մուրատեան հանդիսութեան եզրափակիչ իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Հայր Եղիա Դերձակեանի նոր հատորին միտք բանին այն է, որ բոլորս պէտք է ճանչնանք Աստուծոյ ճանապարհը եւ երբեք չխոտորինք անորմէ: Ան դիտել տուաւ, որ այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնցմէ անցած է Հայր Եղիա իր կեանքին ընթացքին, հիւանդութիւններու, կորուստներու, մերժումներու եւ այլ փորձութիւններու տեսքով, իրականութեան մէջ մաս կը կազմեն բոլորիս կեանքին. կարեւորը այն է, որ քրիստոնեայ մարդիկ ամուր մնան իրենց հաւատքին մէջ, վստահին Աստուծոյ եւ շարունակեն իրենց ճանապարհը որպէս Աստուծոյ եւ Լոյսի զաւակներ: Գերապայծառը մեծապէս կարեւորեց աղօթքին ուժը, որուն մասին մտորումները տարածուած են Հայր Եղիայի հատորի ամբողջ երկայնքին: Խօսքը ուղղելով յատկապէս ներկայ աշակերտներուն, Հայր Մուրատեան յորդորեց անոնց մշտապէս աղօթել, երկխօսիլ Աստուծոյ հետ, մուտք գործել Անոր մտերմութեան մէջ եւ այդպիսով սիրահարիլ Անոր՝ որպէս Կեանքի Ճանապարհ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Հայր Էլիաս Խայյաթ-Հայր Եղիա Դերձակեանի “Sur les sentiers de Dieu” (Աստուծոյ ճանապարհներուն վրայ) գիրքին գինեձօնը: Այս առիթով, ներկաներուն տրամադրուեցան գիրքէն օրինակներ եւ աշակերտներուն բացատրուեցաւ նաեւ գինեձօնի հայկական աւանդութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ