Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Է Մաս
Առաջաւորաց պահքի մասին յոյներու ներկայացուցած հարցին՝ Շնորհալի շատ վճռական է եւ խիստ ոճով կ՚արտայայտուի, կուռ եւ ջախջախիչ պատճառաբանութեամբ։ Նախ զրպարտութիւն կ՚անուանէ այս հարցադրումը, ըսելով որ յոյները անգիտակցաբար կը հայհոյէին հայերու դէմ։ Կը հաստատէ «մեր հաւատքէն ապստամբողներ, ասոր մասին ձեր դիմաց ստայօդ խօսքերով, տարբեր բաներ պատմած են» եւ այսպէս ստեղծուած էր առասպել մը որ կը շրջէր յոյներու մօտ, որու համաձայն Սարգիս անունով կախարդ մը գայլերէն յօշոտուած իր շան համար հնգօրեայ սուգի ու կոծի պահք նշանակեր էր, Առաջաւորաց պահքը, այդպէս կոչուած՝ շան անունով կամ անոր դերին համար, որովհետեւ «առաջաւոր» էր, այսինքն Սարգիս կախարդին առջեւէն կը քալէր եւ կ՚երթար անոր գալուստը աւետելու։ Այսպիսի անհեթեթութիւն եւ սրբապիղծ յերիւրանք բնականաբար դարեր շարունակ բորբոքած էր հայերու թշնամութիւնը՝ տեսնելով հայրենաւանդ սրբութիւնները ծաղրի առարկայ դարձած։
Առանց խորանալու այս առասպելին մէջ, Շնորհալի կտրականապէս կը մերժէ այդպիսի Սարգիսի մը գոյութիւնը հայոց քով, եւ կատարած յայտարարութիւնը հաստատելու համար կ՚աւելցնէ «Մեր մօտ այսպիսի Սարգիսի մը յիշատակը գոյութիւնը չունի, աւելի քան եղջերուաքաղ կոչուածը, որ թէեւ գոյութիւն չունի, բայց անունը կայ, մինչդեռ այս Սարգիսը մեր ազգին մէջ ոչ գոյութիւն ունի, ոչ ալ անունը կայ։ Իսկ եթէ տեղ մը գտնուի, թէեւ ինծի յայտնի չէ, ընդհանրական եկեղեցին կը նզովէ զինքն ալ, էշն ու շնիկն ալ, ինչպէս զինք ճանչցողը եւ ընդունողը, որովհետեւ անոր անունը մեր ազգին մէջ չէ լսուած, եթէ ոչ յոյներուն մօտ»։
Շնորհալի կը բացատրէ թէ Առաջաւորաց պահք կոչուած է, որովհետեւ առաջին պահքն էր որ պատմականօրէն հայերը պահած են։ Ինչպէս Զենոբ Գլակ պատմիչը եւ Ագաթանգեղոս կը փոխանցեն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը յանձնարարէ Տրդատ թագաւորին բժշկութեան եւ հայոց իշխաններուն դարձին համար հնգօրեայ պահք պահել, եւ ապա կը հաստատէ ամէն տարի կատարել՝ «որպէսզի Աստուծոյ կատարած բարիքը չմոռնան»։ Յովնան մարգարէի քարոզած ապաշխարութեան նմանութեամբ կը կոչուի նաեւ նինուէացիներու պահք, որ ասորիներն ու եգիպտացիներն ալ կը պահեն։ Իսկ Ս. Սարգիսի պահք կը կոչուի, որովհետեւ Սարգիս զօրավարի եւ իր Մարտիրոս որդիին մարտիրոսութեան յիշատակութեան օրը եկեղեցին հաստատած էր Առաջաւորաց պահքի Շաբաթ օրը։ Անոնք Կապադովկիայէն Պարսկաստան անցած էին Յուլիանոս ուրացող կայսրի օրով եւ բազմաթիւ զինուորականներ քրիստոնէութեան առաջնորդած էին եւ Յունուարի 30ին պարսիկներու Շապուհ արքայի հրամանով կը նահատակուին։
Մինչեւ օրս ոմանք կը շարունակեն պահել այս ամենախիստ պահքը, միայն աղ ու հաց ուտելով եւ ջուր խմելով, ինչ որ նախապէս ամբողջ քառասնորդի ընթացքին կը պահուէր, որմէ եւս աղուհացից անուանումը առաջացած է։
«Իսկ ես, Աստուծոյ վկայութեամբ, բացայայտօրէն կը գրեմ ասոր մասին ճշմարտութիւնը՝ որպէսզի ոչ ոք անգիտաբար հայհոյէ եւ իր անձին վնաս հասցնէ»։ Այս խօսքերով Շնորհալի իր ճշմարտացիութիւնը հաստատելէ աւելի՝ անգամ մը եւս կը փաստէ որ իր մտահոգութիւնը նախ հոգիներու փրկութիւնն է, եւ բարի հովիւի նման մարդասիրաբար կը զգուշացնէ չարի խաբէութենէն եւ ինքնակործանումէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ