Գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզեզեանի վկայութիւնը Աստուծոյ Ծառայ Հայր Կիւրեղ Զօհրապեանի մասին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Աստուծոյ Ծառայ Հայր Կիւրեղ Զօհրապեանի հերոսական առաքինութիւններուն վաւերացումին, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ՝ Գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզեզեան, մեզի փոխանցեց` Յունաստանի հայ Կաթողիկէներու երբեմնի վիճակաւոր ու եկեղեցւոյ հիմնադիրի մասին հետեւեալ վկայութիւնը:
Նկարագիր – Կրթութիւն – Դաստիարակութիւն
Կեանքի այս երեք նշանաբանները կերտեցին Աստուծոյ ծառան Հայր Կիւրեղ Զօհրապեանը։
Մշակութային պատրաստութիւն։ Հայր Կիւրեղ Զոհրապեանը իր նկարագրին մասին, ինքը անձամբ կը յիշէ ըսելով․ «Նկարագրով քննող չեմ, ամէնուն կը հաւատամ շուտով։ Մանկութեանս օրերուն ալ պարզամիտ էի ու քիչ մըն ալ միամիտ»։
«Բարեպաշտ քրիստոնեայ հայ ընտանիքի զաւակ է», կ՛եզրափակէ իր ստացած կրթութիւնը։
«Կուսակրօն քափուչին վանահայր», մեզի ցոյց կու տայ ստացած մեծ դաստիարակութեան արժէքը։
Տառապանքներու մէջ ապրեցաւ երեք հիմնական ճշմարտութիւնները Հաւատք, Յոյս եւ սէր։ Առանց անոնց իր կատարած առաքելութիւնը գոյութիւն պիտի չունենար, շարունակութիւն տեղի պիտի չունենար եւ պտղաբեր պիտի չըլլար։
Իր «յուշեր»-ու գիրքին մէջ չէ որ կը կարդանք իր սեփական տառապանքները, այլ ազգի մը տառապանքները, իր յայտնուած հաւատքը կը վկայէ հայ եւ յոյն ժողովուրդին հաւատքը։
Իր գիրքը կ՛եզրափակէ ողջ ժողովուրդին յաջողութիւնը այդ տարիներուն մարտահրաւէրներու դիմաց։
Հայր Կիւրեղի սէրը մարդոց հանդէպ կը վկայէ Աստուծոյ սէրը։․․․
Քանի քանի արցունքներ սրբեց եւ մխիթարեց տխուր սրտերը իրենց տառապանքներու մէջ։
«Հաւատք, Յոյս եւ սէր»
Եթէ կ՛ուզենք խոր իմաստով իմանալ ի՞նչ է գաղտնիքը իր առաքելութեան յաջողութեան, դառնանք 1923 թուականին.
Հաւատք՝ «Մարտ 19-ին հայեացքս, կը գրէ Հայր Զօհրապեանը, յուզմունքով լի կը հանգչէր Փիրէոյի հոյակերտ եկեղեցիներուն վրայ․․․։ Ուղղուեցայ դէպի ժողովրդապետական եկեղեցին․․․։ Սուրբ Յովսէփի տօնն էր եւ երջանիկ եղայ Սուրբ Պատարագս մատուցանելու իր անունը կրող խորանին վրայ «Սուրբ Դիոնիսիոս» Մայր Տաճարին մէջ։
Դեկտեմբեր 24-ին, Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի օրը, իր սրտին մէջ աղօթելով՝ առաքելական իր բոլոր գործերը կը յանձնէ Սրբուհի Յիսուսի Մանկան Թերեզայի պաշտպանութեան։
Հայր Զօհրապեանը խոր հաւատքով գիտակցութեամբ գիտէր թէ կարելի չէ իրագործել իր ծառայութիւնը առանց Յիսուսի, եւ անհրաժեշտ կը նկատէ Սուրբերու բարեխօսութիւնը։
«Յոյս» Հայր Զօհրապեանը կը կրկնէր Պօղոս առաքեալին հետ․ «․․․ մահուան դատապարտուած՛ սակայն տակաւին ողջ ենք։ Սահմանուած պատուհասի՝ սակայն մահէն խուսափեցանք։ Իբր տխուր մարդիկ՝ սակայն միշտ ուրախ ենք։ Աղքատներ՝ սակայն այնքաններ կը հարստացնենք։ Չքաւորներէ սակայն ամէն բան ունինք(2 Կոր․ 6/9 - 10) »։
Հայր Զօհրապեանը շատ լաւ գիտէր թէ հայը ունի իր գաղութը, որ կը պահէ իր ինքնութիւնը եւ ունի իր հաւատքը, որ կը զօրացնէ զինքը հալածանքի մէջ։
Ատոր համար զինքը կը տեսնենք շինարար՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, առաքելակայաններ եւ այլք...։
«Սէր» Սէրը մեծ էր բոլորին հանդէպ, մինչ կը խոստովանի թէ քրիստոնեաներու միջեւ զանազան տարբերութիւններ կան, սակայն կը գրէ․ «․․․ անոնց մէջ միմիայն Քրիստոսի արիւնով փրկուած եւ մկրտութեան աւազանին մէջ վերածնած եղբայրներ կը տեսնէի»։
Այդ համոզումով է, որ կը կատարէր իր առաքելութիւնը եւ պտղաբեր կը դառնար։
Մինչեւ այսօր, խօսելով տարիքոտ հաւատացեալներուն հետ, դրական վկայութիւններ տալով կատարած ծառայութեան մասին, կ՛աւելցնեն «Հայր կիւրեղը մեզի համար սուրբ է»։
Յունաստանի հայ կաթողիկէ եկեղեցին յաճախ կը խնդրէ Հայր Զօհրապեանի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեր հայ հաւատացեալները պահեն իրենց ինքնութիւնը, որպէս հայ եւ քրիստոնեայ։
Կ՛աղօթենք ու կը խնդրենք նաեւ Անոր բարեխօսութիւնը, որպէսզի հայ կղերը ունենայ Անոր նոյն եռանդը ու անձնուիրութիւնը` վկայելու համար Քրիստոսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ