Որոնել

2023.04.26 Mons Cirillo Zohrabian

Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուց Աստուծոյ Ծառայ Հայր Կիւրեղ Զօհրապեանի հերոսական առաքինութիւններու հայող հրամանագիրը

«Ծնած՝ Հայաստան, կրօնաւորական եւ քահանայական կրթութիւնս ստացած՝ Արեւելեան Առաքելական Հաստատութեան քով, առաքելական քարոզիչ՝ Փոքր Ասիոյ մէջ, ապրած էի ամբողջովին իւրօրինակ պարագաներու մէջ եւ ականատես եղած էի ազգիս մարտիրոսութեան եւ Պոնտոսի քրիստոնեայ համայնքներու կոտորածին ու տեղահանութեան: Նախախնամութիւնը զիս դրած էր այդ զարհուրելի ողբերգութիւններու կեդրոնը, յանձնարարելով ինծի կատարել դժուարին գործեր, մինչ մարմինս կը տառապէր թուրքերու կողմէ ստացած խոշտանգումներու պատճառով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան

Այսօր չորեքշաբթի 24 Յունուար 2024ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին վաւերացուց շարք մը սրբակեաց անձերու սրբադասման դատին հայող հրամանագիրերը, որոնց շարքին նաեւ Աստուծոյ Ծառայ` Կրտսեր Քափուչիններու միաբանութեան անդամ, Հայր Կիւրեղ Զօհրապեանի հերոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրը։

Ունկնդրութեան ընթացքին Քահանայապետը վաւերացուց նաեւ Սուրբ Ընտանիքի Փոքր Քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր` Երանելի Մարի Լէոնի Փարատիսին վերագրուած հրաշքը, հուսկ հրահանգեց ընդունիլ Աստուծոյ Ծառայ Լեհ քահանայ Մաքել Ռափաչի մարտիրոսութեան առաքինութիւնը, ապա Սեպասթիան Տիլի Վիվէսի, Ճանֆրանքօ Մարիա Քիթիի, եւ Մատտալենա Տի Սանթա Թերեզա տի Ճեզու Պամպինոյի հերոսական առաքինութիւնները։

Աստուծոյ Ծառայ Հայր Կիւրեղ Յովհաննէս Զոհրապեան

Աստուծոյ Ծառայ Կիւրեղ Յովհաննէս Զօհրապեան ծնած էր 25 Յունիս 1881ին Էրզրում, ութը զաւակներով ընտանիքի մը յարկին տակ։ Հայրը փուռապան էր ու մայրը` Սարա Յովհաննիսեան, արտակարգ կին մը։

Փոքր հասակին Կիւրեղ մուտք կը գործէ Կ. Պոլսոյ Քափուչին միաբանութեան հայրերու նորընծայարան ապա փիլիսոփայութեան ու աստուածաբանութեան ուսմունքները կ՛աւարտէ Պուճճայի մէջ, ուր նաեւ քահանայ կը ձեռնադրուի 12 Մայիս 1904ին եւ անմիջապէս կ՛ուղարկուի առաքելութեան իր ծննդավայր Էրզրում, ուր կը նուիրուի դաստիարակութեան մինչեւ 1914 թուական, այնտեղ կառուցելով եկեղեցի մը, որբանոց ու դպրոց մը։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ան իր մեծաւորներուն կողմէ կը կանչուի Կոստանդնուպոլիս եւ այս նախախնամական տեղափոխութիւնը զինք կը փրկէ իր ազգը հարուածող ահռելի բնաջնջումի վտանգէն: 

1916-1920 թուականներուն ան ամէն կերպով կը ջանայ օգնել Պոնտոսի և Անատոլիայի հալածուած և ճնշուած Յոյներուն:  Lռութեամբ անցած չորս տարուայ առաքելութիւն` թուրքական համակենտրոնացման ճամբարներուն մէջ, ուր կային նաեւ բազմաթիւ իտալացի բանտարկեալներ։ Ասոր համար ալ  կը ձեռնակալուի թրքական ոստիկանութեան կողմէ, մատուցած գաղտնի պատարագէ մը ետքը, եւ այսպէսով  վերջ կը գտնէ անոր գործը յօգուտ իր հալածուած եղբայրներուն և կը սկսի անոր սեփական կեանքի վկայութիւնը։

Տրապիզոնի դատարանը զայն կը դատապարտէ կախաղանի մահապատիժի...եւ 1923թ. մարտի 11-ին և 12-ին, ան կ՛ենթարկուի «փալահանի» թրքական սարսափելի տանջանքներուն. հինգ անգամ վաթսուն հարուած գաւազանով ոտքերու ներբաններուն: Մահապատիժը սակայն կը փոխարինուի յաւերժական աքսորի պատիժով։

Հայր Կիւրեղը առ այդ կ՛ուղղուի Հռոմ` հանդիպելու համար իր մեծաւորներուն հետ ու անոնցմէ ստանձնելու նոր պաշտօն, սակայն երբ Քորֆու կը ժամանէ ի տես աքսորեալ բազմաթիւ հայերուն իր մեծաւորներէն կը խնդրէ այնտեղ մնալ ու իր ծառայութիւնը մատուցել իր եղբայրակիցներուն եւ այդ կ՛ընէ առանց ոչ մէկ ֆինանսական աջակցութեան, այլ անսահման հաւատք ունենալով միայն Աստուածային նախախնամութեան վրայ ու շնորհիւ նաեւ իր հանճարեղ հմտութիւններուն։

Յունաստան կը մնայ 1923 մինչեւ 1938` 1925ին դառնալով Յունաստանի հայ Կաթողիկէներու վիճակաւոր։ Ան սակայն կը մերժէ եպիսկոպոսական արժանապատւութիւնը։

Թէեւ անոր գործունէութիւնը պտղաբեր ու նպաստաւոր եղած էր նաեւ Թուրքիոյ մէջ հալածուած յոյներուն համար, Յունական կառավարութիւնը լաւ աչքով չէր դիտեր զինք ու ան կը ստիպուի 1935ին հեռանալ Յունաստանէն եւ այնտեղ կը վերադառնայ միայն 26 հոկտեմբեր 1936ին հուսկ 21 Նոյեմբեր 1938ին, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի տնօրինութեամբ կը նշանակուի Սուրիոյ Բարձր Ճեզիրէի պատրիարքական փոխանորդ։

Ան Բարձր Ճէզիրէի որպէս եպիսկոպոս կը ծառայէ 1938 մինչեւ 1953։ Եպիսկոպոսական օծումը կը ստանայ Պէյրութի մէջ` 27 հոկտեմբեր 1940ին։ Այս տարիներու ընթացքին Կիւրեղ Զոհրապեան եպիսկոպոսը մեծ գործունէութիւն կը տանի, հիմնելով դպրոցներ, հոգալով երիտասարդ սերունդին կարիքներուն ու բոլորին նկատմամբ սէր վկայելով։

Ութսուն տարեկանին ան կը կանչուի Հռոմ ուր կը շարունակէ Եկեղեցւոյ եւ եղբայրներուն ի սպաս իր ծառայութիւնը։ 1965 Փալերմօ քաղաքին մէջ կը գրէ իր յուշերը որոնց մէջ ի յայտ կու գան անոր մեծ սէրը հալածուած իր ազգի զաւակներուն նկատմամբ, որոնց նուիրեց գրեթէ իր ամբողջ կեանքը։

Կիւրեղ մահկանացուն կը կնքէ 20 սեպտեմբեր 1972ին։ Անոր մարմինը այժմ կը հանգչի Իտալիոյ Սիկիլիա կղզիի Քափուչիններու Եկեղեցւոյ մէջ։

22 Մարտ 1983–ին Փալերմօ քաղաքի Արքեպիսկոպոսին խնդրանքով այդ ժամանակուայ Սուրբերու Դատի Ժողովը թոյլտուութիւն շնորհեց սկսելու հայ ազգի այս պանծալի զաւակին Երանացման գործընթացը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2024, 12:11