FILES-DRCONGO-UNREST-CONFLICT

Քոնկոյի մէջ յարձակում եկեղեցւոյ վրայ, կայ 8 զոհ

30 Յունուարին, Երկրի արեւելեան շրջանի մէջ ISISին հայող ADF՝ Դաշնակից ժողովրդավարական ուժերու կողմէ իրականացուած յարձակման հետեւանքով առնուազն ութ մարդ զոհուած է՝ հինգը աղօթքի ընթացքին։ Իսկ այլ 30 անձ պատանդ վերցուած են
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Քոնկոյի ժողովրդավարական Հանրապետութեան Պենիի շրջանի գիւղերը, ինչպէս նաեւ յարակից այլ գիւղեր, երեքշաբթի՝ 30 Յունուար 2024 թուականին, յարձակումի ենթարկուեցան զինուած անձերու կողմէ, որոնց դանակի հարուածներէն սպաննուեցան բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ, որոշները աղօթքի ընթացքին: Այս մասին AFPին (Agence France-Presse) հաղորդած է Պենիի տարածքի Օիչայի համայնքապետ Նիքոլաս Քիքուքուն՝ աւելցնելով, որ կան նաեւ անյայտ կորածներ։

Տեղական այլ աղբիւրներ յայտնած են, որ 30 մարդ պատանդ վերցուած է յարձակուողներու կողմէ, որոնք մշտապէս գրոհներ կը ձեռնարկեն արեւելեան Քոնկոյի տարածքներուն վրայ՝ այրելով տուներ, սպաննելով բնակիչներուն եւ յափշտակելով ունեցուածքներ։

Ըստ մէկ այլ աղբիւրի՝ Երկրի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ եւս 32 մարդ սպաննուած է 27 Յունուարին, որոնց շարքին հինգ ծխականներ որոնք գլխատուած են եկեղեցիէն ներս։ Այդ բռնութիւնները եւս կը վերագրուին ISIS ահաբեկչական կազմակերպութեան։

Նշենք թէ՝ Քոնկոյի մէջ անկայունութիւնն ու անկարգութիւնը գոյութիւն ունին 30 տարիէ ի վեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2024, 08:30