2024.02.23 Santa Messa nella festa liturgica del Doctor Armenorum San Gregorio di Narek

Ըստ լատինաց Նարեկացիի տօնին առիթով` Հռոմի մէջ հայրապետական Սուրբ Պատարագ

2 փետրուար 2021-ին, Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման ժողովի՝ հրապարակած մէկ հրամանագիրով հաստատուեցաւ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը հրահանգած է վերջին տարիներուն «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետի» տիտղոսի արժանացող երեք սուրբեր, Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը, Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, արձանագրուին Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական Օրացոյցին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

27 Փետրուարին Լատին Եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն տօնն է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին «Եկեղեցւոյ Վարդապետ» պաշտօնական հռչակումը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ 12 ապրիլ 2015-ին «Սուրբ Պետրոս» տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած պատմական սուրբ պատարագին ընթացքին։ Իսկ 2 փետրուար 2021-ին, Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու  մատակարարման ժողովի՝  հրապարակած մէկ հրամանագիրով հաստատուեցաւ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը հրահանգած է վերջին տարիներուն «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետի» տիտղոսի արժանացող երեք սուրբեր, Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը, Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, արձանագրուին Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական Օրացոյցին մէջ։

Այսպէսով որոշում կայացաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը յիշատակել ամէն տարուայ 27 փետրուարին, մինչ Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը՝ 10 Մայիսին եւ Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը 17 սեպտեմբերին։

Սուրբ Գրիգոր նարեկացիի վերոնշեալ այս տօնին առիթով երեքշաբթի 27 Փետրուարի 2024ի երեկոյեան ժամը վեցին, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է Հայրապետական Սուրբ Պատարագ որ պիտի նախագահէ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքը մինչ օրուայ քարոզը պիտի ներկայացնէ Կարդինալ Քլուատիօ Կուճերոթթին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը որոնք այա օրերուն Հռոմ ժամանած են գումարելու համար իրենց հերթական սիւնհոդսական ժողովը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2024, 10:10