Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի հետեւանքները Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի հետեւանքները  (ANSA)

«Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Եւրոպայի» կազմակերպութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Ուքրանիա

«Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Եւրոպայի» ցանցէ կազմուած պատուիրակութիւնը հնարաւորութիւնը ունեցաւ անդրադառնալու, թէ որքանով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի հետեւանքով փոխուած է ժողովուրդի առօրեայ կեանքը ու մասնակցեցաւ աղօթքի արարողութիւններուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մարդկային իրաւունքներու, խաղաղութեան եւ արարչագործութեան զարգացման եւ հոգատարութեան պաշտպանութեան մէջ ներգրաւուած Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու ազգային յանձնախումբերէ կազմուած «Արդարութիւն եւ Եւրոպայի խաղաղութիւն» կազմակերպութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լվիվ քաղաք, փոխանցելու համար իր մօտիկութիւնը գրեթէ երկու տարիներէ ի վեր պատերազմէն տառապող Ուքրանիոյ բնակչութեան։

Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Եւրոպայի» ցանցի երկու համանախագահներ՝ Տիժոնի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Անթուան Հերուարտ եւ Comece-ի փոխնախագահը Լվիվ քաղաք ժամանեցին ընդառաջելով Ուքրանիոյ մէջ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ընտանիքի եւ հասարակութեան յանձնախումբի նախագահ, Եուրի Փիտլիսնի հրաւէրին։

Ուքրանիոյ մէջ Համանախագահները հանդիպում ունեցան Կաթողիկէ Համալսարանի պատասխանատուներու եւ Քարիթասի նախագահի հետ, ինչպէս նաեւ կարողացան ականատես դառնալ հրթիռային յարձակումներու հետեւանքով քաղաքին հասցուած վնասներուն։

«Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Եւրոպայի» պատուիրակութիւնը հնարաւորութիւնը ունեցաւ նաեւ անդրադառնալու, թէ որքանով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի պատճառով փոխուած է ժողովուրդի առօրեայ կեանքը, ինչպէս նաեւ  մասնակցեցաւ աղօթքի արարողութիւններուն ու այցելեց զինուորական գերեզմանատունը։ Այս մասին յայտնեց գերապայծառ Հերուարտ «Վատիկան Նիւզ» ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, նկատել տալով որ, թէ Ուքրանիան յոյժ կարիքը ունի շօշափելի աջակցութեան ու հրամայական է մարդկային զօրակցութիւնը՝ եղբայրսիրութիւնը, աղօթքը։

Գերապայծառ Հերուարտ յայտնեց, որ Քարիթասը մեծ աշխատանք կը տանի եւ շատ լաւ կազմակերպուած է, սակայն հսկայական կարիքներուն պէտք ունի հաշուի առնելով որ Ուքրանիոյ մէջ ժողովուրդին գրեթէ 40 տոկոսը հեռացած են իրենց տուներէն ու գաղթած են եւրոպական տարբեր երկիրներ, յատուկէն Լեհաստանի, Գերմանիոյ մէջ։

Գերապայծառ Հերուարտ դիտել տուաւ, որ Քարիթասի տուեալներուն համաձայն, երկու տարուան ընթացին օգնութիւն ստացած են գրեթէ 3 միլիոն անձ ու մարդասիրական ոլորտէն ներս տակաւին հսկայական կարիքը կայ տարբեր երկիրներու օգնութեան։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2024, 12:24