Քառասնորդացի Բ Կիրակի` Ադամին դրախտէն Արտաքսումը (Մատթ. 5, 17 – 30) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ, համաձայն մեր ծիսական տօնացոյցին, այսօր կը սկսինք քառասնորդաց շրջանի երկրորդ կիրակին որ նաեւ կոչուած եւ կամ ճանչցուած է որպէս՝ Ադամին եւ կամ մարդուն դրախտէն Արտաքսումը:
Անցեալ կիրակի տօնեցինք Բուն Բարեկենդանը, որովհետեւ յիշատակն էր Ադամին եւ կամ համայն մարդկութեան մուտքը - ծնունդը` ի դրախտ (տօնախմբելու իսկական արժանավայել վիճակ), սակայն այսօր մեր վրայէն կը թօթափենք բոլոր տեսակի ուրախութեան եւ խնճոյքի հագուստները, եւ նինուէացիներուն նման կը նստինք մոխիրի վրայ՝ որպէս սուգի եւ ապաշխարութեան նշան:
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. «վարդապետ, ինչպէ՞ս կարելի է մէկ շաբթուայ մէջ անցնիլ դրախտի վիճակէն դէպի դժոխային վիճակ...անսահման ուրախութենէն դէպի անվերջ տխրութեան, հանգստութենէն դէպի յոգնութիւն եւ նամանաւանդ՝ յաւիտենականութենէ դէպի մահ:
Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, մեր Եկեղեցւոյ հայրերը եւ սուրբերը ի զուր չէ որ յարմար նկատեցին ծիսական կեանքին մէջ զետեղել 40 իւրայատուկ օրեր, որպէսզի մարդս առիթ ունենայ այս բոլորին մասին մտածելու: Այսօր, որպէս մէկական քրիստոնեայ անհատներ, կանչուած ենք մտածելու թէ ի՞նչն է իսկական պատճառը որ «ԵՍ» (այստեղ զգոյշ ըլլանք սիրելիներ, եւ տեսնենք միայն ու միայն մեր տկարութիւններն ու մեղքերը, եւ ոչ թէ ուրիշինը, որովհետեւ ուրիշին քննադատելով՝ նախ կը տուժեմ ես ինքս որպէս մարդ արարած, ինչպէս նաեւ այս մէկը չ՛օգներ իմ անձս եւ հոգիս փրկելու) արտաքսուեցայ դրախտէն եւ դրախտային վիճակէն, եւ այսօր կ՛ապրիմ դժուար պայմաններու եւ վիճակի մէջ...պատասխանը սիրելիներ կը թողում ձեզի, որպէսզի ձեզմէ ամէն մէկը՝ իր սրտին խորհը մտնելով, ճանչնայ իր անձը եւ կարողանայ անկեղծ պատասխան տալ եւ ախտաճանաչում կատարել այս քառասնորդաց պահեցողութեան իւրայատուկ շրջանին:
Անկումը սիրելիներ շատ դիւրին է եւ մռնչող առիւծի նման մեր շուրջն է միշտ, սակայն մեր անձերը վերականգնելը մեզմէ կը պահանջէ կեանքի աշխատանք՝ առանց ոչ մէկ հանգիստի ու դադարի, եւ ամէնակարեւորը «ով որ ամենափոքր պատուիրանն իսկ զանց ընէ եւ ուրիշներուն ալ այդպէս սորվեցնէ, երկնքի արքայութեան մէջ յետինը պիտի նկատուի: Իսկ ով որ գործադրէ պատուիրանները եւ ուսուցանէ, մեծ պիտի ըլլայ երկնքի արքայութեան մէջ» (Մտթ. 5, 19):
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան պատգամը. «չյոգնինք աշխատելէ եւ ամէնակարեւորը՝ չտկարանանք չարին առջեւ, այլ Աստուծոյ Խօսքը ունենանք որպէս մեր կեանքի ուղեցոյցը, եւ մենք զմեզ ճանչնալով՝ սրբագրենք մեր անձերը, ինչպէս նաեւ պայքարինք մեր հոգիներուն համար, որպէսզի մենք ալ Քրիստոսի Յարութեան օրը ինչպէս նաեւ Անոր երկրորդ գալուստին ժամանակ, արժանի ըլլանք կրկին դրախտը վայելելու. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ