Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – ԺԱ Մաս
Քրիստոսի մարդեղութեան խնդրին շուրջ է նաեւ յոյներու տասներկուերորդ հարցը, որ Շնորհալի այս խօսքերով կը մէջբերէ. «Կրկին գրուած էր մեր մասին, թէ այն պատճառով մէկ բնութիւն կ՚ըսեն Քրիստոսի, իբր մարդկութիւնը աստուածութեան մէջ բոլորովին ընկղմած ըլլար, ծովին մէջ կաթած եւ աներեւութացած քացախի եւ մեղրի կաթիլի օրինակով»։
Շնորհալի իր պատասխանին մէջ կը նշէ որ արդէն խօսած էր հայոց դաւանանքի մասին, հաստատելով որ միութեամբ մարդկային բնութիւնը չվերածուեցաւ աստուածայինի, կորսնցնելով իր յատկութիւնները։ Նոյնպէս ալ աստուածային բնութիւնը չկորսնցուց իր կատարելութիւնը։ «Որովհետեւ քացախն ու մեղրը ծովը թափելով կ՚այլայլին եւ կ՚ապականին, ինչպէս ջուրն ու գինին։ Այդպէս չէ աստուածութեան եւ մարդկութեան միութեան համար, որովհետեւ ասոնք մարմին ըլլալով իրարու խառնուելով իրապէս կ՚ապականին, մինչդեռ մարմինն ու անմարմինը իրարու խառնուելով՝ անճառապէս կը միանան եւ, ինչպէս մարդկային հոգին եւ մարմինը, չեն այլայլիր կամ իրար հետ չեն շփոթուիր։ Իսկ եթէ մեր ստեղծուած բնութիւնն այսպէս է, որքան աւելի գերազանցօրէն հրաշափառ պէտք է ըմբռնել արարչական բնութեան միութիւնը արարածականին հետ»։
Աւարտելով յոյներու տասներեք հարցերուն համառօտ պատասխանը՝ Շնորհալի իր գրութեան ճշմարտացիութիւնը կ՚ամրագրէ դատական նիստի մը ներկայացող վկայի մը հանդիսաւոր երդման բանաձեւով, ըսելով. «եթէ մեր հաւատքի դաւանանքէն բան մը ծածկեցի կամ չգրեցի, մարդոց հաճոյանալու համար, վախով կամ պատկառելով եւ կամ աւելին գրեցի՝ քան ինչ որ ունինք, որպէսզի ընդունելի ըլլայ Ձեզի՝ աստուածային ահեղ ատեանին՝ անհաւատներու եւ հերձուածողներու հետ դատապարտուիմ։ Որովհետեւ ծածկուած կամ կեղծուած հաւատքը՝ անհաւատութենէն շատ հեռու չէ։ Իսկ ով որ այս բոլորը լսելէ ետք ըսածներուս չհաւատալով դարձեալ գայթակղի մեզմէ, ինքը թող դատաստանի օրը Քրիստոսի պատասխան տայ, որպէս անոր անդամները պառակտող»։ Ահա թէ ինչ հզօր ատենական բանաձեւումով Շնորհալի կ՚արտայայտէ իր անկեղծ համոզումը եւ վճռակամութիւնը Քրիստոսի եկեղեցւոյ միութեան վերականգնման նկատմամբ։ Իր միտքը միշտ սեւեռուն կը պահէ Աստուծոյ արդարադատ դատաստանին, գիտակցելով որ Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու է թէ իր անձնական արարքներուն ինչպէս նաեւ զբաղեցուցած պաշտօնին համար։ Այս պարզութեան եւ անկեղծութեան համար յոյներու կայսրը Մանուէլ եկեղեցիներու միութեան ի տես լուրջ բանակցութիւններու շարք մը պիտի ձեռնարկէ Հայ եկեղեցւոյ հետ։
Շնորհալի Հայրապետը իր գրութիւնը կ՚աւարտէ բարեմիտ խօսակիցներուն ուղղուած գերազան բարեմաղթութեամբ մը. «Իսկ ան որ անգամ մը լսելէ ետք՝ հաւատայ եւ չդատէ, ինչպէս ըսաւ սրտերը քննողը, ճշմարիտ հաւատացեալներու հետ բարի վարձք ստանայ մեր Աստուծմէ՝ Քրիստոսէ, որուն փառք եւ զօրութիւն, յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ