2024.03.17 Venerazione Santa tunica Argenteuil

Արժանթոյի Սուրբ Վարշամակը ներկայացուեցաւ հաւատացեալներու պաշտամունքին

Ամէն տարի՝ Մեծ Պահքի հինգերորդ կիրակիի առիթով, Ֆրանսայի «Փոնթուազ» թեմի հաւատացեալները հրաւիրուած են աղօթելու Արժանթոյի Սեն-Տընի պազիլիքայի մեջ հանգչող Սուրբ Վարշամակի առջեւը, որ 2025 թուականի Յոբելեանական Սուրբ Տարուայ առթիւ բացառիկ ցուցադրութեան առարկայ պիտի ըլլայ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Փարիզի հիւսիսի Փոնթուազի ժողովրդապետարանի համար Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր հինգերորդ կիրակի օրը ամէնամեայ սպասուած պահերէն է, երբ հաւատացեալներու պաշտամունքին կը ներկայացուի «Արժանթոյի Սուրբ Վարշամակը», որ 1200 տարիներէ ի վեր հոն կը հանգչի: Ցուցադրութեան առթիւ, կիրակի՝ 17 Մարտին, Սեն-Տընի պազիլիքայի մէջ օրը սկսած է Սուրբ Վարդարանի աղօթքով, ապա մատուցուած է հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որու ընթացքին Փարիզի ռումանական ուղղափառ համայնքի երգչախումբը կատարած է Սուրբ Վարշամակի Օրհներգը։

Պատմական ակնարկ

Քրիստոսի՝ մահուան վերջին ժամերուն կրած պատմուճանի` Սուրբ Վարշամակի մասին Յովհաննէս աւետարանիչը կը պատմէ իր ԺԹ գլուխին մէջ․ «Զինուորները երբ Յիսուսը խաչը հանեցին, անոր հանդերձները առին ու չորս բաժին ըրին, ամէն մէկ զինուորին բաժին մը. իսկ պատմուճանը առանց կարի էր, վերէն վար հիւսուած․․․»։ Արեւելքի քրիստոնեաներու կողմէ մեծարուած վարշամակը աւանդութեան համաձայն Թ․ դարու սկիզբը առաջարկուած է Քարլօ Մանիօ արքային։ Ան իր հերթին վստահած է զայն Արժանթոյի Սեն-Տընի վանքին, որու մեծաւորուհին իր դուստր Թեոտրատն էր։

Յաջորդ բացառիկ ցուցադրութիւնը՝ 2025ին

Սուրբ Վարշամակը հաւատացեալներու պաշտամունքին կը ներկայացուի նաեւ իր ամբողջական տեսքով բացառիկ ցուցադրութիւններու միջոցաւ՝ ի տարբերութիւն ամէն տարի Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր հինգերորդ կիրակի օրուայ ցուցադրութիւններուն, որոնց ընթացքին ծալուած կը մնայ իր մասնատուփին մէջ։

Վերջին անգամ Սուրբ զգեստը ամբողջովին վերանորոգուած եւ բացառիկ ցուցադրութեան ներկայացուած է 2016 թուականին՝ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ յայտարարուած Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ընթացքին։ Նախորդ բացառիկ ցուցադրութիւնները կը թուագրուին 1984ին եւ 1934ին։

Իսկ յաջորդը նախատեսուած է 2025 թուականի Յոբելենական Սուրբ Տարուայ ընթացքին եւ «Արժանթոյի մէջ հաւատացեալները եւ ուխտաւորները յատկապէս հրաւիրուած են զայն պատուելու եւ Յիսուսին վստահելու իրենց տառապանքներն ու վէրքերը», այս մէկը ընդգծած է Փոնթուազի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Սթանիսլաս Լալանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2024, 12:27