Կարդինալ Աղաճանեանի կիսանդրիի բացում. Կարդինալ Աղաճանեանի կիսանդրիի բացում.  

Հայրապետական Սուրբ Պատարագ եւ Կարդինալ Աղաճանեանի կիսանդրիի բացում. Սկիզբ առին Մեսրոպեանի 85-ամեակի հանդիսութիւնները

Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ բացումը կատարեց Մեսրոպեանի հիմնադիր, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վսեմաշուք Ծիրանաւոր Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի կիսանդրիին, վարժարանի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով:
Ունկնդրէ լուրը

21 Մարտ 2024-ին փայլուն էջ մը եւս աւելցաւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տարեգրութեան մէջ, երբ Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ բացումը կատարեց Մեսրոպեանի հիմնադիր, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վսեմաշուք Ծիրանաւոր Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի կիսանդրիին, վարժարանի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով:

Արարողութիւններուն ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեան, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Հայր Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Նորատունկեան, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան, վաստակաւոր արքեպիսկոպոս Հայր Գէորգ արք. Խազումեան, վաստակաւոր եպիսկոպոս Հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Մեսրոպեանի բարերար Վարուժ Ներկիզեան, պետական երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Ժան Թալուզեան եւ Յակոբ Թերզեան, նախկին երեսփոխան Նուրիճան Տէմիրճեան, նախկին նախարարներ Շահէ Պարսումեան, Աւետիս Կիտանեան, Վրէժ Սապունճեան, Ռիշար Գույումճեան եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Պուրճ Համուտի փոխ-քաղաքապետ Մարտիկ Ասլանեան, լիբանանահայ հոգեւորական դասի, կուսակցութիւններու, համայնքային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Մեսրոպեան վարժարանի անձնակազմի անդամներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ մեծաթիւ բարեկամներ:

Կիսանդրիին բացումը

Երեկոյեան ժամը 6:30-ին սկսած արարողութեամբ, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կատարեց Օրհնութեան կարգը Մեսրոպեան վարժարանի մուտքին զետեղուած Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան կարդինալի կիսանդրիին, շրջապատուած եկեղեցականներով եւ դպիրներով: Հոգեւոր Տէրը կատարեց օրհնութեան աղօթքը, օրհնեալ ջուր սրսկեց կիսանդրիին վրայ, փոխասացութեամբ հնչեց 148-րդ Սաղմոսը, փառաբանելով զԱստուած ամէն ինչին համար, զոր Ան տուաւ մարդկութեան:

Կիսանդրիին վրայէն քողը հեռացուց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր տէրը, ընկերակցութեամբ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, պարոն Ներկիզեանի, երեսփոխան Թալուզեանի եւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի: Այս առիթով, Հոգեւոր Տէրը նաեւ բացումը կատարեց վարժարանի մուտքին զետեղուած տեսա-համակարգչային սարքին, ուր զետեղուած են Մեսրոպեանի 85 տարիներու գործունէութեան վերաբերող եւ աշակերտներու արխիւային լուսանկարներ:

Արարողութեան ընթացքին հակիրճ խօսք մը արտասանեց հանդիսավար տիկին Մարալ Հարպոյեան, դիտել տալով, որ սրբաքանդակները մեզի կը փոխանցեն Աստուածաշունչի պատգամները եւ յուշարարներ են մեր Մեծ հայրերուն եւ սուրբերուն, որոնց ներշնչումով եկեղեցին կը մնայ պայծառ ու կանգուն:

Կիսանդրիին առջեւ մոմերու զետեղումէն ետք, Հոգեւոր Տիրոջ առաջնորդութեամբ ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի, պատուոյ ուղեկցութեամբ Սուրբ Մեսրոպի Արիներու սկաուտական խումբի անդամներուն, մինչ Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կը հնչէր կարդինալ Աղաճանեանի ամենասիրած երգը՝ “Լեռներ հայրենի”:

Հայրապետական Սուրբ Պատարագ եւ քարոզ

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը մատուցեց Հայրապետական Սուրբ Պատարագ, Մեսրոպեան վարժարանի 85-ամեակին առիթով, ընթերակայութեամբ Հայր Գաբրիէլ Մուրատեանի եւ Հայր Գէորգ Նորատունկեանի:  Իր քարոզին մէջ, ան վեր բերաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վսեմաշուք Ծիրանաւորին անձին մեծութիւնն ու գործին կարեւորութիւնը ամբողջ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, այդ մէկը համարելով Աստուծոյ պարգեւը՝ հաւատարիմ հօտին: Հոգեւոր Տէրը ոգեկոչեց յիշատակը Վսեմաշուք Ծիրանաւորին, զայն բնութագրելով որպէս համեստ, խոնարհ եւ չափազանց բարեսիրտ անձնաւորութիւն, մարդկային հազուագիւտ կարողութիւններու եւ յատկանիշներու տէր անձ մը, որուն անմիջականօրէն ճանչնալու բախտն ու պատիւը ունեցած է ան, հաղորդ ըլլալով անոր ուրախութիւններուն ու տխրութիւններուն:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը շեշտեց, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիմնուած է այն մեծ զոհողութիւններուն ու ջանքերուն վրայ, զորս յանձն առած էր  Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը չափազանց դժուարին պայմաններու մէջ, երբ Լիբանանի հայերը տակաւին ուշքի իսկ չէին եկած Եղեռնի վէրքերէն ու ցաւէն, ի սէր նոր սերունդի լուսաւորութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ այս Սուրբ Պատարագին հայորդիներու մեծաթիւ ներկայութիւնը վերածուի հաւաքական աղօթքի մը առ Աստուած, բարեյաջող աւարտի հասցնելու համար սրբադասման դատը Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի, որուն մարմինը մահուընէ 62 տարի ետք տակաւին կը մնայ անեղծ ու անխաթար:

Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց իր քարոզը մաղթելով, որ Մեսրոպեանի կրթական ընտանիքը առաւել թափով եւ ուժգնութեամբ շարունակէ իր առաքելութիւնը, գօտեպնդուած իր հիմնադիրին գաղափարներով եւ օրինակով, որ բոլորիս կը թելադրէ միասնականօրէն, համերաշխութեամբ եւ սիրով ըլլալ հարազատ ժառանգները ժողովուրդի մը, որ չվարանեցաւ իր հաւատքին ազատութիւնը գնել արեամբ:

Պատարագի արարողապետն էր Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան, իսկ արարողութեան համակարգողը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան: Պատարագին ընթացքին ընթերցուածներ ներկայացուցին Մեսրոպեանի ուսուցչուհիներ Վերժին Սաաթճեան եւ Ռուլա Սարգիս, իսկ դիտաւորութիւններ՝ վարժարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան երկարամեայ ուսուցչուհի Սալբի Քէշիշեան եւ երկրորդականի ու նախակրթարանի կրթական պատասխանատուներ Հասնա Ապու Իլիաս եւ Սալբի Մուղալեան: Դիտաւորութիւն մը կարդաց նաեւ Ճեսիքա Պաժին, անունովը Սուրբ Մեսրոպի Արիներու սկաուտական խումբին, որուն հիմնադրութեան 85-ամեակը եւս լրացաւ այս տարի: Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Արծիւեան եւ Մեսրոպեան վարժարանի Ծիծեռնակներ երգչախումբը, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի: Գեղարուեստական մասով Ծիծեռնակներ երգչախումբը նաեւ կատարեց երկու երգեր:

Սրբազան քահանայապետին Օրհնութեան գիրը

Պատարագի աւարտին, Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան ընթերցեց Ֆրանսիսքոս Սրբազան քահանայապետին Օրհնութեան գիրը, որով ան իր առաքելական օրհնութիւնը կը յղէր Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ աշակերտներուն ու կը միջնորդէր Սուրբ Կոյս Աստուածածինին մօտ՝ անոնց պարգեւելու բարօրութիւն եւ աստուածային նորանոր շնորհներ, վարժարանի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով:

Մեսրոպեանի տնօրէնին խօսքը

Խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ իր ներկայութեամբ առաջնորդեց այս Սուրբ Պատարագը։ «Ձերդ Ամենապատուութիւն, Ձեր անսասան նուիրուածութիւնը հաւատքին, կրթութեան եւ համայնքին՝ կ՛արտացոլացնեն այն արժէքները, որոնք մենք սրբօրէն կը պահպանենք մեր վարժարանին մէջ», ըսաւ ան: «Առանց Աստուծոյ նախախնամութեան եւ առաջնորդութեան, մենք երբեք չէինք կրնար հասնիլ այս նշանակալից հանգրուանին: Մենք կը հաստատենք, որ Անոր շնորհով է, որ մենք կը շարունակենք բարգաւաճիլ որպէս դպրոցական համայնք՝ ձեւաւորելով միտքն ու սրտերը աշակերտներու այն սերունդներուն, որոնք անցած են ու կ՛անցնին մեր դռներով», ըսաւ պարոն Գալուստ:

Մեսրոպեանի տնօրէնը յարգանքի խօսք ուղղեց վարժարանի հիմնադիր սերունդին, գլխաւորութեամբ Աղաճանեան կարդինալին եւ վարժարանին ծառայած՝ Արծիւեան միաբանութեան անդամ նախկին տնօրէններուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, բարերարներուն եւ աջակիցներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարեւոր լուման ունի Մեսրոպեանի յարատեւումին մէջ: «Թող Աստուծոյ օրհնութիւնները շարունակուին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ անոր նուիրական կրթական համայնքին վրայ: Մենք հաստատօրէն կը մնանք Տիրոջ եւ լոյսի ծառայութեան մէջ», եզրափակեց պարոն Գալուստ:

Պարգեւատրումներ

Մեսրոպեանի 85-ամեակին առիթով, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը “Վահան Հաւատոյ” պատրիարքական շքանշաններ շնորհեց Բրշ. Տ. Մանուէլ սարկաւագ Քէշիշեանին եւ Տիկին Սալբի Քէշիշեանին, Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ դպրոցին ի սպաս տասնամեակներու վրայ երկարած իրենց անձնդիր ծառայութիւններուն համար: Շքանշաններու տուչութեան Հոգեւոր Տիրոջ Հայրապետական տնօրինման գրութիւնը ընթերցեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը իր հերթին «Գերազանցութեան Պատուանշան»ներ եւ կրծքանշաններ նուիրեց Տէր եւ տիկին Քէշիշեաններուն, որոնք աւարտելով իրենց ծառայութիւնը վարժարանին մէջ՝ պիտի մեկնին Լիբանանէն, եւ անոր բերումով ներկայ պիտի չկրնան ըլլալ Մայիսին կայանալիք 85-ամեակի հանդիսութեան, որուն ընթացքին պիտի կատարուին վաստակաւոր ուսուցիչներու պարգեւատրումները: Պարգեւները յանձնեց Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ, Պատրիարքապատկան վարժարաններու կրթական խորհուրդի նախագահի տեղակալ  Հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեան:

Աւարտին, Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցութեամբ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի եւ պարգեւատրեալ ուսուցիչներուն, եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց պաշտօնական հիւրերուն շնորհաւորանքները, որոնք ապա շարունակուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ հիւրասիրութեամբ:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2024, 13:16