2024.03.27 Pasqua Resurrezione

«ԱՅՍ Է ԱՅՆ ՕՐՆ, ԶՈՐ ՏԷՐՆ ՍՏԵՂԾԵՑ». Արհի. Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Եկեղեցւոյ մէջ իւրաքանչիւրս ունի իր յատուկ կոչումը: Բայց բոլորիս համար հասարակաց մէկ կոչում կայ՝ որն է զԱստուած դարձնել մեր կեանքի կեդրոնը: Ապրինք իր կամքը փնտռելով մեր կեանքի բոլոր երեսներուն մէջ: Այն ժամանակ միայն սաղմոսերգուին բառերով պիտի աղաղակենք՝ «Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց. Ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անոր մէջ» (Սղմ. 118:24):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Աւելի գեղեցիկ արտայայտութիւն չկայ քան ՝ «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց» արտայայտութիւնը:

Կը պատմուի, որ ճգնաւոր մը կար, որ երկար տարիներ իր ճգնարանի խուցին մէջ ապրեցաւ, բոլորովին մարդոցմէ հեռու: Իր ապրած խուցին փորձառութենէն ետք, երբ առաջին հանդիպումը ունեցաւ մարդոց հետ, բացականչեց եւ ըսաւ՝ «ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»:

Քրիստոսի յարութեան ըմբռնումը այնքան շաղախուած էր իր սրտին, մտքին եւ հոգիին մէջ, որ ամէն անգամ որ հանդիպում մը ունենար մարդու մը հետ, կ'ուզէր անոր փոխանցել յարութեան բարի լուրը:

Եկեղեցւոյ հայրերը երկնային յատուկ իմաստութեամբ, Մեծ Պահոց քառասնօրեան տնօրինած են, որպէսզի ան ըլլայ նման այդ ճգնաւորին խուցին, որ մեզի բացատրէ եւ մեր մէջ հիմնաւորէ Յարութեան կարեւորութիւնն ու զօրութիւնը:

Ընդհանրապէս հաւատացեալներու մօտ այն համոզումը կայ, որ պահոց օրերը ժամանակաշրջան մըն են, ուր կրնանք մտնել ապա դուրս գալ եւ մեր սովորական կեանքերը շարունակել: Բայց այդ չէ պահքին իսկական նպատակը:

Այս իմաստով եկեղեցին դարձեալ երկնային իմաստութեամբ դասաւորած է «Դռնբացէքի» արարողութիւնը: Այս արարողութեան ընթացքին եկեղեցականը իր ժողովուրդը ներկայացնելով կը թակէ երկնքի դռները եւ կ'աղաչէ Տիրոջ, որպէսզի Ան բանայ իր արքայութեան դռները եւ ներս առնէ հաւատացեալները:

Դռնբացէքի արարողութեան ատեն աղօթք մը կայ, որ կ'ըսէ՝ «մենք որ ապաշխարութեամբ պատրաստուեցանք, ընդունէ մեզ Տէր»:

Դռնբացէքի այս արարողութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ նպատակը պահեցողութեան պատրաստուիլն է, որպէսզի մտնենք երկնքի արքայութիւնը: Եւ երկնքի արքայութիւնը կրնանք մտնել ներկայիս եկեղեցւոյ խորհուրդներուն ընդմէջէն:

Եկեղեցին երկնքէն հողատարած մըն է, նման դեսպանատան մը, որ իր ներկայացուցած երկրին մէկ մասն է:

Հետեւաբար պահեցողութիւնը լոկ օրեր չեն, ուր կը մտնենք ապա դուրս կու գանք. այլ մեր անձերը երկնքի մէջ ապրելու համար պատրաստող միջոց մըն է:

Եթէ վերեւ յիշուած ճգնաւորին նման կարենանք ապրիլ պահքի տուած օրհնութիւնները, պիտի չդադրինք «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց» բացականչելէ: Մեր կեանքերը պիտի շաղախուին այնպիսի աստուածային շնորհներով, որ սաղմոսերգուին բառերով պիտի ըսենք՝ « Տէր սիրեցի զվայելչութիւն տան քո»: Եկեղեցին պիտի ըլլայ մեր իսկական բնակարանը, եւ մեր կեանքի բոլոր այլ տուեալները պիտի գան աւելնալու այս իսկական կեանքին:

Տիրոջ հետ կեանքը այնքան գեղեցիկ է, որու համար սուրբերը բառացիօրէն ծախեցին իրենց բոլոր ստացուածքները, եւ հետեւեցան իրէն:

Ասսիզի Ս. Ֆրանսիսը ցցուն օրինակ մըն է այս իմաստով:

Ան հարուստ վաճառականի զաւակն էր, եւ ասպետ մը: Երբ Յիսուս զինք կանչեց նորոգելու իր եկեղեցին, ան աշխարհային իր բոլոր ստացուածքները ձգեց, եւ Տէրը դարձուց իր բաւարարութիւնը: Մեզմէ նոյնը պահանջուած չէ անպայմանօրէն. ի վերջոյ եկեղեցւոյ մէջ իւրաքանչիւրս ունի իր յատուկ կոչումը: Բայց բոլորիս համար հասարակաց մէկ կոչում կայ՝ որն է զԱստուած դարձնել մեր կեանքի կեդրոնը: Ապրինք իր կամքը փնտռելով մեր կեանքի բոլոր երեսներուն մէջ: Այն ժամանակ միայն սաղմոսերգուին բառերով պիտի աղաղակենք՝ «Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց. Ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անոր մէջ» (Սղմ. 118:24):

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2024, 07:59