Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ (ՄՏԹ. 20, 29 – 21, 17.) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ, այս տարի ալ քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանը ապրելէ (յուսամ կարողացանք ապրիլ այնպէս ինչպէս պէտք էինք ապրիլ) եւ այսօր աւարտելէ ետք, կը հասնինք Աւագ Շաբթուայ մուտքը եւ կամ սկիզբը, որ նաեւ ճանչցուած է որպէս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ կամ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ:
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. « վարդապետ, հիմա որ քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանը աւարտեցաւ, մեր այսօրուայ տօնէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ եւ կամ հասկնալ»:
Ահաւասիկ բաժին մը մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածէն սիրելիներ. « երբ Երուսաղէմ մօտեցան եւ հասան Բեթփագէ, Ձիթենեաց լեռան կողին, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց անոնց պատուիրելով. գացէք սա դիմացի գիւղը եւ անմիջապէս հոն կապուած էշ մը պիտի գտնէք իր աւանակին հետ. Քակեցէք եւ ինծի բերէք: Եւ եթէ մէկը առարկէ, ըսէք. «Տէրը պէտք ունի», եւ անմիջապէս թոյլ պիտի տայ ձեզի: Ասիկա պատահեցաւ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը ըսած էր մարգարէին բերնով. Երուսաղէմի ըսէք. ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ: Աշակերտները գացին եւ կատարեցին ինչ որ Յիսուս պատուիրեց իրենց: Բերին էշն ու աւանակը եւ իրենց վերարկուները անոնց վրայ դրին: Ապա Յիսուս նստաւ աւանակին վրայ: Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ: Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ՛երթար կամ կը հետեւէր իրեն, կ՛աղաղակէր. Օրհնութիւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է ան որ կու գայ Տիրոջ անունով: Օրհնութիւն Բարձրեալին: Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ: Ո՞վ է ասիկա, կը հարցնէին քաղաքի բնակիչները: Եւ ամբոխը կը պատասխանէր. ասիկա Յիսուս մարգարէն է, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն» (Մտթ. 21, 1 – 11):
Ահաւասիկ թէ ինչ կրնանք քաղել մեր այսօրուան Աւետարանի այս հատուածէն.
1. Եթէ Քրիստոս գիտէր թէ Իր աշակերտները դիմացի գիւղին մէջ պիտի գտնէին էշն ու աւանակը՝ այդտեղ կանգնած ու կապուած, միթէ՞ տեղեակ չէ իմ կեանքէս եւ իմ առօրեայէս...հետեւաբար սիրելիներ չըսենք թէ Քրիստոս մեզ չի տեսներ եւ կամ մեզ չի լսեր:
2. Ինչ որ պիտի խնդրենք մեր այս կեանքին մէջ, միշտ խնդրենք Քրիստոսի անունով... եւ ամէնակարեւորը՝ վստահինք Անոր, եւ չմոռնանք փնտռելու եւ կատարելու Անոր կամքը:
3. Մենք որպէս մկրտեալ անձիnք, կանչուած ենք կոչուելու Թագաւորի որդիներ եւ ժառանգորդներ՝ երկնքի արքայութեան...հետեւաբար սիրելիներ, չըսենք թէ մենք մինակ ենք եւ ոչ ոք ունինք մեր հետ եւ կամ մեր կողքը, այլ ունինք նոյնիnքն Ինք Քրիստոս եւ ամբողջ երկինքն ու երկնքի արքայութիւնը (եթէ անշուշտ իմ ապրելակերպովս արժանի ըլլամ):
4. Այդտեղ գտնուող ներկայ ժողովուրդը իրենց վերարկուները փռեցին ճամբուն վրայ...իսկ ես, կը յանձե՞մ իմ անձս եւ իմ ամբողջական էութիւնս Քրիստոսի (Հոգի, Սիրտ եւ միտք):
5. Կանչուած եմ Քրիստոսի նման հեզ եւ խոնարհ ըլլալու...դիւրին չէ սիրելիներ, նամանաւանդ մեր այսօրուան աշխարհին մէջ, բայց յիշենք որ անկարելի ալ չէ Անոր օգնութեամբ:
6. Ժողովուրդը օրհնութիւններ կը հիւսէր Երուսաղէմ մտնող Թագաւորին համար, իսկ ես իմ բերնովս ի՞նչ կը հիւսեմ եւ որո՞ւ համար կը հիւսեմ...ժամանակաւորի՞ն թէ յաւիտենականին:
7. Մեզ համար չաստուածները եւ պաշտամունքի արժանի եղողները շատ են սիրելիներ, բայց այսօրուան Աւետարանի հատուածը մեզ կու գայ կրկին փաստելու թէ՝ չկայ անձ մը եւ կամ ինքնութիւն մը որ կրնայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դերը եւ տեղը առնէ մեր կեանքին մէջ...յիշենք որ փրկիչները շատ են, բայց ՓՐԿՈՂԸ մէկ է:
Ահաւասիկ սիրելիներ թէ մեզմէ ինչ կը պահանջէ Ծաղկազարդի տօնը. կանչենք եւ միշտ ունենանք մեր մէջ միայն ու միայն Քրիստոս, որովհետեւ Անոր ներկայութիւնը նախ՝ պիտի դղրդացնէ մեր ամբողջ էութիւնը, ապա եւ Անոր միջոցով պիտի դառնաք Լոյսի որդիներ եւ յաւիտենական փառքի ժառանգորդներ. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ