Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Մանուէլ Կայսրի առաջին նամակին – Ե. Մաս

Հաղորդաշար (53) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան երկ­խօ­սու­թեան շր­ջա­նակ­նե­րուն մէջ հար­ցեր քն­նար­կե­լու ըն­թաց­քին հիմ­նա­կան սկզ­բունք­նե­րը, յե­նա­կէ­տե­րը եւ գոր­ծե­լաո­ճը յս­տա­կե­լէ ետք, ար­տա­քին ազ­դակ­նե­րէն բա­ցի Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի ան­հրա­ժեշտ կը գտ­նէ յս­տա­կեց­նել նաեւ ներ­քին հո­գե­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, ստեղ­ծե­լու հա­մար ան­կեղծ եւ կա­ռու­ցո­ղա­կան մթ­նո­լորտ, եւ գրան­ցե­լու հա­մար նպա­տա­կաս­լաց եւ շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­ներ։

«Իսկ քն­նար­կու­մը՝ ոչ թէ հա­կա­ռա­կու­թեամբ եւ անօ­գուտ բա­նակ­ռի­ւով, ինչ­պէս մին­չեւ օրս, որ­մէ եկե­ղե­ցին ոչ թէ օգ­տուե­ցաւ այս­քան ժա­մա­նակ՝ այլ մա­նա­ւանդ վնա­սուե­ցաւ, այլ ըլ­լայ հե­զու­թեամբ եւ հան­դար­տու­թեամբ, եւ առա­քեալի հրա­մա­նին հա­մա­ձայն՝ իրա­րու բե­ռը տա­նե­լով եւ տկար­նե­րու հի­ւան­դու­թիւ­նը բժշ­կե­լով»։

­Հա­կա­ռա­կու­թեան հո­գին գե­րա­զան­ցե­լէ զատ պէտք է խու­սա­փիլ ամ­բար­տա­ւա­նու­թեան գե­րու­թե­նէն ու սե­փա­կան եսի պաշ­տա­մուն­քէն։ Քրիս­տո­սի խօս­քին իս­կա­կան սպա­սա­ւոր պէտք է ըլ­լալ՝ պատ­րաստ խնա­մե­լու, սփո­փե­լու, բու­ժե­լու եւ Աս­տու­ծոյ առաջ­նոր­դե­լու։

«­Քա­նի որ ով հա­կա­ռա­կոր­դին յաղ­թե­լու նպա­տա­կով խօս­քը ար­տա­սա­նէ, որ­պէս­զի իբր յաղ­թող մար­դոց­մէ փառք որ­սայ՝ այն­պի­սին վա­ճա­ռա­կան է Աս­տու­ծոյ խօս­քին եւ ոչ թէ սպա­սա­ւոր, եւ Քրիս­տո­սի վի­րա­ւոր ան­դամ­նե­րը հա­րուա­ծող եւ ոչ թէ պա­տող»։

Շ­նոր­հա­լի կը շեշ­տէ, որ ճշ­մա­րիտ աւան­դէն դուրս չա­րին կող­մէ գաղ­տա­գո­ղի սեր­մա­նուած որե­ւէ թե­րու­թիւն կամ հի­ւան­դու­թեան պատ­ճառ՝ պէտք է ար­մա­տա­խիլ ընել, փո­խա­դար­ձա­բար իրա­րու օգ­նե­լով՝ տես­նե­լու հա­մար հնա­մե­նի սո­վո­րու­թեան շղար­շով պա­տուած եւ ան­տե­սա­նե­լի դար­ձած շե­ղում­նե­րը։ Միաժա­մա­նակ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը յայտ­նէ նոյ­նիսկ դառ­նա­համ դե­ղերն ալ ըն­դու­նե­լու՝ առող­ջու­թիւ­նը գե­րա­դա­սե­լով մա­հուան։

­Մարդ­կային գո­ռո­զու­թեան քա­ջա­տե­ղեակ, փոր­ձա­ռու Հայ­րա­պե­տը օրի­նակ­նե­րով կը բա­ցատ­րէ կրտ­սեր եղ­բօր, քովն­տի նայո­ղի, կողմ­նա­կի աչ­քով քն­նո­ղի ան­հրա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ սե­փա­կան ցա­ւը բու­ժե­լու, աչ­քի գե­րա­նը տես­նե­լու եւ ձեռ­քի փու­շը հա­նե­լու հա­մար։

«Հ­մուտ բժիշկ­ներն ան­գամ ­սո­վոր են անար­գանք չհա­մա­րիլ իրենց աշա­կերտ­նե­րէն առող­ջա­րար դեղն ստա­նալ, մա­նա­ւանդ թէ անոնց կը հրա­մայեն առանց վախ­նա­լու դեղ նշա­նա­կել, աւե­լի լաւ հա­մա­րե­լով խո­նար­հու­թեամբ առող­ջու­թիւ­նը քան հպար­տու­թեամբ հի­ւան­դու­թեան մէջ մնա­լը։ Աչ­քի բիբն ալ, թէեւ սրա­գոյն ըլ­լայ ու­րիշ­նե­րը տես­նե­լու, սա­կայն ան­կա­րող է նկա­տել ինք­զինքն ու իր շուրջ եղած մարմ­նի մա­սե­րը, եւ հի­ւան­դա­նա­լուն՝ ու­րի­շի աչ­քին եւ ձեռ­քին կը կա­րօ­տի առող­ջա­նա­լու հա­մար»։

Շ­նոր­հա­լի կ՚ա­ւար­տէ իր առա­ջին նա­մա­կը՝ նշե­լով որ կայս­րի իմաս­տու­թիւ­նը այս սա­կաւ խօս­քե­րէն շատ աւե­լին կը հասկ­նայ մտ­քի տե­սո­ղու­թեամբ, յանձ­նա­րա­րե­լով բա­նագ­նաց­նե­րէն յս­տա­կել մնա­ցեալը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2024, 08:33