Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Մանուէլ Կայսրի առաջին նամակին – Ե. Մաս
Միջեկեղեցական երկխօսութեան շրջանակներուն մէջ հարցեր քննարկելու ընթացքին հիմնական սկզբունքները, յենակէտերը եւ գործելաոճը յստակելէ ետք, արտաքին ազդակներէն բացի Ս. Ներսէս Շնորհալի անհրաժեշտ կը գտնէ յստակեցնել նաեւ ներքին հոգեկան տրամադրութիւնները, ստեղծելու համար անկեղծ եւ կառուցողական մթնոլորտ, եւ գրանցելու համար նպատակասլաց եւ շօշափելի արդիւնքներ։
«Իսկ քննարկումը՝ ոչ թէ հակառակութեամբ եւ անօգուտ բանակռիւով, ինչպէս մինչեւ օրս, որմէ եկեղեցին ոչ թէ օգտուեցաւ այսքան ժամանակ՝ այլ մանաւանդ վնասուեցաւ, այլ ըլլայ հեզութեամբ եւ հանդարտութեամբ, եւ առաքեալի հրամանին համաձայն՝ իրարու բեռը տանելով եւ տկարներու հիւանդութիւնը բժշկելով»։
Հակառակութեան հոգին գերազանցելէ զատ պէտք է խուսափիլ ամբարտաւանութեան գերութենէն ու սեփական եսի պաշտամունքէն։ Քրիստոսի խօսքին իսկական սպասաւոր պէտք է ըլլալ՝ պատրաստ խնամելու, սփոփելու, բուժելու եւ Աստուծոյ առաջնորդելու։
«Քանի որ ով հակառակորդին յաղթելու նպատակով խօսքը արտասանէ, որպէսզի իբր յաղթող մարդոցմէ փառք որսայ՝ այնպիսին վաճառական է Աստուծոյ խօսքին եւ ոչ թէ սպասաւոր, եւ Քրիստոսի վիրաւոր անդամները հարուածող եւ ոչ թէ պատող»։
Շնորհալի կը շեշտէ, որ ճշմարիտ աւանդէն դուրս չարին կողմէ գաղտագողի սերմանուած որեւէ թերութիւն կամ հիւանդութեան պատճառ՝ պէտք է արմատախիլ ընել, փոխադարձաբար իրարու օգնելով՝ տեսնելու համար հնամենի սովորութեան շղարշով պատուած եւ անտեսանելի դարձած շեղումները։ Միաժամանակ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ նոյնիսկ դառնահամ դեղերն ալ ընդունելու՝ առողջութիւնը գերադասելով մահուան։
Մարդկային գոռոզութեան քաջատեղեակ, փորձառու Հայրապետը օրինակներով կը բացատրէ կրտսեր եղբօր, քովնտի նայողի, կողմնակի աչքով քննողի անհրաժեշտութիւնը՝ սեփական ցաւը բուժելու, աչքի գերանը տեսնելու եւ ձեռքի փուշը հանելու համար։
«Հմուտ բժիշկներն անգամ սովոր են անարգանք չհամարիլ իրենց աշակերտներէն առողջարար դեղն ստանալ, մանաւանդ թէ անոնց կը հրամայեն առանց վախնալու դեղ նշանակել, աւելի լաւ համարելով խոնարհութեամբ առողջութիւնը քան հպարտութեամբ հիւանդութեան մէջ մնալը։ Աչքի բիբն ալ, թէեւ սրագոյն ըլլայ ուրիշները տեսնելու, սակայն անկարող է նկատել ինքզինքն ու իր շուրջ եղած մարմնի մասերը, եւ հիւանդանալուն՝ ուրիշի աչքին եւ ձեռքին կը կարօտի առողջանալու համար»։
Շնորհալի կ՚աւարտէ իր առաջին նամակը՝ նշելով որ կայսրի իմաստութիւնը այս սակաւ խօսքերէն շատ աւելին կը հասկնայ մտքի տեսողութեամբ, յանձնարարելով բանագնացներէն յստակել մնացեալը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ